Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ  և այցելեց հայկական կեդրոններ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ և այցելեց հայկական կեդրոններ

Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերու ընթացքին, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, շնորհաբաշխ այցելութիւններ շնորհեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարանին (National Association for Armenian Studies and Research — NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգարանին (Armenian Museum of America) եւ ազգային ծերանոցին (Armenian Nursing & Rehabilitation Center — ANRC), ինչպէս նաեւ ի պատիւ Հայրապետին կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան երեկոյ։

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Երիտասարդութեան հետ հանդիպում-զրոյցին բարի գալստեան խօսք արտասանեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Հանդիպումը կայացաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նայիրի Պալճեան, որ մէջբերելով երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին Հայրապետին մտածումներէն՝ կարեւորեց նոր սերունդին գործօն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ։ Հանդիպումը հերթաբար վարեցին Նայիրի ու Քնար Գարաֆեանները եւ Անի Նալպանտեանը։ Հայրապետը մէկ առ մէկ պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչուած էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքին, Հայաստանին, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, զայն լսելու եւ հայ կեանքին մէջ աւելիով ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպում-զրոյցի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ երիտասարդներուն տեղը մեր գաղութներու կեանքին լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ. անոնց տեղը մեր կեանքի մա՛յր էջին վրայ է։ Հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ. այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը արմատաւորէ, շեշտեց Հայրապետը։Հանդիպումը աւարտեցաւ հսկումի արարողութենէն քաղուած աղօթքներու արտասանութեամբ ու շարականներու երգեցողութեամբ։ Ապա, երիտասարդները Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ

Իր հովուապետական այցելութեան շրջագծին մէջ, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Պոսթընի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարան, ուր ընդունուեցաւ միութեան տնօրէն Սիլվա Սեդրակեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Անոնք Նորին Սրբութեան ներկայացուցին կեդրոնին առաքելութիւնը եւ պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն համար եւ կարեւորեց Կաթողիկոսարանի Կիլիկիա մատենադարանին եւ այս հաստատութեան միջեւ գործակցութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով, կեդրոնի գրադարանը ճոխացնելու նպատակով, Հայրապետը միութեան նուիրեց Կաթողիկոսարանին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ։Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ամերիկայի հայկական թանգարան, ուր դիմաւորուեցաւ թանգարանի վարչութեան տնօրէն Միշել Քոլիկեանի եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ: Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին թանգարանն ու անոր առաքելութիւնը: Յայտնենք, որ թանգարանին մէջ կը գտնուի Կիլիկիայէն հասած եկեղեցական ու ազգապատկան իրեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասունքը: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տնօրէնութեան բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց բոլոր ծրագիրներուն։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

Թանգարաններու այցելութենէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս ուղղուեցաւ ազգային ծերանոց: Հոն դիմաւորուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Ուէնտի Սէկրեսթի, վարչութեան ներկայացուցիչ Մանէ Ղազարեանի եւ պատասխանատուներու կոմէ: Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ եւ տարեցներուն ներկայութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն աւարտին Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տարեցներն ու անոնց բնակարանը։ Այնտեղ, Հայրապետը յատուկ կերպով հանդիպում ունեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարի Վարդանեանին: Ազգային ծերանոց այցելութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի տարեցներուն, տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ ու ազգային ծառայութիւնը:

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Պոսթընի մէջ կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան յատուկ երեկոյ մը՝ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Նուագախումբը ղեկավարեց Սփրինկֆիլտի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Շիթիլեան։ Նուագախումբը մեկնաբանեց միջազգային եւ հայկական դասական կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց տէր հայրն ու նուագախումբի անդամները: Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Կիլիկիա օրհներգի կատարուոմով՝ ներկաներուն երգակցութեամբ։

Share