Արամ Ա. կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանին

Արամ Ա. կաթողիկոս կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանին

Այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ին, Արցախի Խորհրդարանի նորընտիր նախագահին՝ Դաւիթ Իշխանեանին ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունելով անոր ընտրութիւնը, կ՚ըսէ հետեւեալը.

«Արցախի դիմագրաւած ներկայ վճռական հանգրուանին, Ձեր պատասխանատուութիւնը, որպէս Խորհրդարանի նախագահ, Ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Ձեր առջեւ կը բացուին պատասխանատուութեան նոր, այլ դժուարին հորիզոններ: Մօտէն ճանչցած ըլլալով Ձեզ, վստահ ենք, որ յանձնառութեան ամուր ոգիով ու խոհեմութեամբ պիտի դիմագրաւէք Արցախի անկախութեան սպառնացող բոլոր վտանգները»:

Ապա Նորին Սրբութիւնը կ՚աւելցնէ. «Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եւ անձնապէս, կը վստահեցնենք Ձեզ, որ մեր Սուրբ Աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի պետութեան ամրացման ու անոր քաջարի ժողովուրդին, ի խնդիր Արցախի անվտանգութեան ու անկախութեան»:

Share