Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Պոսթըն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Պոսթըն

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Պոսթըն: Յայտնենք, որ Պոսթընը Ամերիկայի արեւելեան թեմի կարեւորագոյն շրջաններէն մէկն է՝ ըլլալով հայահոծ քաղաք մը։ Եկեղեցւոյ կողքին կը գործեն կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ այլ կառոյցներ:

Ուայթընզվիլ այցելութենէն ետք, նոյն օրը, Նորին Սրբութիւնը եւ իր շքախումբը հասան Պոսթըն։ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի, հոգաբարձութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի՝ իր հայրապետական պատգամը տալու, Պոսթընի հայ համայնքի զաւակներուն հանդիպելու եւ անոնց իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու համար: Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։ Հուսկ, Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետին եւ ընդգծեց Պոսթընի պատմական գաղութ ըլլալը եւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումը ու դերակատարութիւնը թեմի հայ կեանքին մէջ։

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ուղղեց իր հայրապետական ու հայրական պատգամը։ Ան նախ անդրադարձաւ այնտեղ ներկայ միաբան հայրերուն եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ ներկայութիւն եղած է ինչպէս մեր ժողովուրդի կեանքին, այնպէս ալ Պոսթընի հայ գաղութին մէջ: Անթիլիասը սոսկ վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն ու առաքելութիւն է, շեշտեց Հայրապետը: Ապա, ան բացատրեց «Հայր մեր» աղօթքին «եկեսցէ արքայութիւն քո» նախադասութիւնը: Նորին Սրբութիւնը կեդրոնանալով յաւիտենական արքայութեան գաղափարին վրայ՝ ըսաւ, որ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ երկինքը մօտեցուց երկրին. ան երկիր գալով երկինքի արքայութիւնը բերաւ երկիր եւ մարդուն պարգեւեց Արքայութեան անդամ դառնալու շնորհքը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դժուարութիւններուն ու տագնապներուն՝ բաղդատական մը կատարեց աշխարհիկ թագաւորութիւններուն եւ Աստուծոյ Արքայութեան միջեւ՝ ըսելով, որ աշխարհիկ թագաւորութիւններուն մէջ կան դժբախտութիւններ, անարդարութիւն եւ մեղք, մինչ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ կան սրբութիւն, երջանկութիւն, սէր եւ արդարութիւն:

Աւարտին, հաւատացեալները մօտենալով իրենց Հայրապետին՝ աջահամբոյրով ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։

Share