Սփիւռքի ներուժը պառակտելու քայլ մը եւս

Սփիւռքի ներուժը պառակտելու քայլ մը եւս

Ժագ Յակոբեան

Այս շաբաթավերջին, Հոկտեմբեր 28-էն 31, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կազմակերպութեամբ տեղի կ՛ունենայ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ասիկա Հայաստանի անկախութեան աւելի քան 31 տարիներուն ընթացքին աւանդութիւն դարձած Հայաստան-սփիւռք համահայկական խորհրդաժողովներու կամ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող տարբեր նախաձեռնութիւններու շարունակութիւնն է, բայց ասիկա պարզացուած տպաւորութիւն է միայն, որովհետեւ այս «գագաթնաժողով»-ը, չյարգելով մասնակցութեան ներկայացուցչական հանգամանքները, պարզապէս արգելք պիտի հանդիսանայ հայութեան ամբողջ ներուժը, կարողականութիւնը համախմբելու առաջադրանքին: «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը, իր խեղուած ձեւաչափով, փաստօրէն իբրեւ հարթակ պիտի ծառայէ Հայաստանի պարտուողական իշխանութիւններու օրակարգերը յառաջ քշելու…

Ի տարբերութիւն նախորդ բոլոր համահայկական խորհրդաժողովներուն, այս անգամ ականատես կը դառնանք սոյն նախաձեռնութեան մասնակցութեան հրաւիրելու բաւական զարտուղի ձեւի մը, որ բաւական մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ կազմակերպողներու բուն մտադրութիւններուն վերաբերեալ: Սփիւռքէն կը հրաւիրուին մարդիկ՝ անհատական հանգամանքով եւ ոչ թէ այսինչ կամ այնինչ կառոյցը ներկայացնելու հանգամանքով: Սա նախ բաւական վիրաւորական մօտեցում է, որովհետեւ այսպիսով կազմակերպող գրասենեակը ամբողջութեամբ անտեսած կ՛ըլլայ մանաւանդ աւանդական սփիւռքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ տասնամեակներու, եթէ չըսենք հարիւրամեակի մը ներդրումը ունեցած կազմակերպութիւնները կամ կառոյցները: Երկրորդ՝ թիւր տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ սփիւռքը անհատներ կը ներկայացնեն եւ ոչ թէ կազմակերպ կառոյցներ՝ կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, թեմական եւ եկեղեցական խորհուրդներ եւ այլն:

«Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը տեղի կ՛ունենայ ներհայկական բաւական փոթորկալի մթնոլորտի մէջ, երբ ներհասարակական մակարդակի վրայ, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, զգալի է պառակտումի եւ երկփեղկումի խորացումը: Պառակտում եւ երկփեղկում, որոնք հետեւանք են նախ իշխանութիւններուն սնուցած սեւի ու սպիտակի, հինի ու նորի՝ մարդիկը իրարմէ վանող թոյնին: Անոնք հետեւանք են նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած՝ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քաղաքական գիծին նկատմամբ անվստահութեան եւ հակազդեցութեան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան» մեկնարկէն աւելի քան չորս տարի ետք ահաւասիկ մենք դժբախտաբար կը տեսնենք, որ հասարակական, ժողովրդային մակարդակի վրայ սիրոյ եւ համերաշխութեան քրիստոնէական վեհ սկզբունքներուն փոխարէն աւելի եւս խորացած են ներքին ատելութիւնը, թշնամանքը, պառակտումը եւ երկփեղկումը:

Արժէքներու համընդհանուր նահանջի այդ մթնոլորտին մէջ զարմանալի պիտի չթուէր երբեք, որ հայոց զոյգ կաթողիկոսութիւնները՝ Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յանձինս անոնց վեհափառ հայրապետներուն՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի, իրենց վերապահութիւնը յայտնէին այս «գագաթնաժողով»-ին մասնակցելու առումով: Այս նախաձեռնութեան պիտի չմասնակցի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ գործող անոր ուղեկից  կազմակերպութիւնները՝ իրենց ունեցած կշիռով:

Այս հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները նմանօրինակ անդիմագիծ նախաձեռնութեան մասնակցին, որպէսզի ի՞նչ ընեն, ծափահարեն իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ելոյթներո՞ւն, թէ նայեցէ՛ք, երկրին տնտեսութիւնը երկնիշ աճ կ՛արձանագրէ, երկիրը ժողովրդավարական եւ տնտեսական ազատութիւններու դրախտի կը վերածուի, ուստի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին սփիւռքահայ ներդրումները ներգրաւելու համար: Ասոնք բոլորը շատ լաւ եւ ողջունելի բաներ են, բայց Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած ներկայ իրական մարտահրաւէրներէն շատ հեռու են: Այսօր Հայոց աշխարհը եւ հայութիւնը կը դիմագրաւեն գոյութենական, ըլլալու կամ չըլլալու մարտահրաւէրներ: Արցախը մեծապէս վիրաւոր է, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները՝ խախտուած: Թէ այս բոլոր մարտահրաւէրները, գոյութենական հարցերը ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարէ հայութիւնը, ահաւասիկ այս նիւթը պէտք էր ըլլար Հայաստան-սփիւռք որեւէ խորհրդաժողովի կամ «գագաթնաժողով»-ի քննարկելիքը այս չորս օրերու ընթացքին եւ ոչ թէ ուրիշ բան: Մանաւանդ որ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանը յանձնուողական նոր փաստաթուղթ ստորագրէ Ատրպէյճանի հետ:

Դժբախտաբար մենք կը տեսնենք, որ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի այս նախաձեռնութիւնը սփիւռքի հսկայական ներուժը պառակտելու քայլ է: Այս ներուժը եթէ լաւ օգտագործուի, համազգային նոր վերելքի մը, նոր զարթօնքի մը սկիզբը կրնայ դնել: Բայց ներկայ իշխանութիւնները բաւական հեռու են համահայկականօրէն մտածելէ…։

«Հայրենիք»

Share