ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արդէն իսկ մեկնարկը տրուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն։
Այս տարուան ծրագիրին մասնակցողներն են՝ Ռընէ Վան Լէօվըն, Մանէ Դաւիթեան, Սապրինա Թոմարճի, Լորիկ Քորաճեան, Նարէ Ասէեան, Մարալ Գրիգորեան, Վանա Յովսէփեան, Արմէն Պաղտասարեան, Ատրիանա Պիճիազեան, Աննա Լիէկի եւ Ալիս Քելէշեան։
Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ ժամանած, այս երիտասարդները պիտի շարունակեն գործնական դերակատարութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ մշակութային յարաբերութիւնները սերտացնելով եւ զանազան փորձառութիւններ ձեռք ձգելով։
Մասնակցողները արդէն իսկ ժամանած են եւ լծուած աշխատանքի։ Անոնք Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերանալով քոնկրէսականներու հետ հանդիպումներ ունեցան եւ արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին տեղահանուած Արցախի իրավիճակ եւ Հայաստանի ապահովութիւն, ամերիկեան դպրոցներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը իրականացում եւ միաժամանակ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ սահմանում։