Վերոնշեալ տնօրէնին կայքէջը այսպէս կը նկարագրէ պաշտօնը «Ազգային հետախուզութեան տնօրէնը Director of National Intelligence կը ծառայէ իբրեւ ԱՄՆ-ի հետախուզական համայնքի ղեկավար՝ վերահսկելով եւ ղեկավարելով Ազգային հետախուզական ծրագիրի իրականացումը եւ հանդէս գալով իբրեւ նախագահին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Հայրենիքի անվտանգութեան խորհուրդին գլխաւոր խորհրդական՝ անվտանգութեան հետ կապուած հետախուզական հարցերով (Սի Այ Էյ, Էֆ Պի Այ եւ Հօմլէնտ Սեքիւրիթի*): Նախագահը կը նշանակէ զայն, ծերակոյտին խորհուրդով եւ համաձայնութեամբ»:
Նախկին զինուորական, արդարամիտ, ուղղամիտ, բանը իր անունով կոչող եւ խաղաղութեան ջատագով՝ Կեպըրտ 20 սեպտեմբեր 2017-ին քոնկրեսական պատուիրակութեան մը հետ Արցախ այցելած էր: Իսկ 29 Փետրուար 2020-ին Քայիտայի, ՏԱՀԵՇի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կապին մասին Եութիուպի վրայ խիստ ոճով արտայայտուած էր:

«Շաբաթ, 29 փետրուար 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու` դեմոկրատական Թուլսի Կեպըրտ, Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներխուժումին մասին հետեւեալ կտրուկ ուղերձը յղեց նախագահ Թրամփին եւ ՆԱԹՕ-ին: «Այս պահուս Ռուսիան մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Սուրիա` պաշտպանելու համար զայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն, որ կը գործադրուի միասնաբար անոր դաշնակից Քայիտայի կողմէ: Նախագահ Թրամփ պէտք է շատ յստակ պատգամ մը ուղղէ ՆԱԹՕ-ին եւ Թուրքիոյ Էրտողանին, որ Միացեալ Նահանգները ՆԱԹՕ-ին միջոցով պիտի չի ներքաշուին Ռուսիոյ հետ պատերազմի մը` ծայրայեղ իսլամ, յարձակողական եւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ բռնատէրին կողմէ:
«Զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է դադրի՛ն Իտլիպի մէջ գտնուող Քայիտան եւ անոր արբանեակ զինեալ խմբաւորումները իբրեւ «ապստամբներ» եւ խաբէական ճիգով մը զանոնք իբրեւ ազատամարտիկներ ներկայացնել: Ես եւ հազարաւոր ամերիկացիներ զինուորագրուեցանք`ինը տասնմէկի (11 սեպտեմբեր 2001-ի) Ամերիկայի վրայ Քայիտայի յարձակումէն ետք: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ Թրամփի վարչակարգին կողմէ Քայիտան յարատեւ շարունակուող «ազատամարտիկներ» պիտակաւորելը նախատել եւ անպատուել է մեր բոլոր տարազաւոր այրերը եւ կիները (բանակայինները) եւ ամբողջ մեր երկիրը:
«Թուրքիան տարիներով քուլիսներու ետին, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի ահաբեկիչներուն զօրավիգ կը կանգնէր, սակայն հիմա Թուրքիան ստիպողաբար վարագոյրին ետեւէն դուրս կու գայ եւ կը բացայայտէ իր տարիներու վրայ երկարող ճիգը` տապալելու համար Սուրիոյ կառավարութիւնը:
«Թուրքիոյ իսլամիստ Էրտողանը կ՛ուզէ իսլամական խալիֆայութիւն մը ստեղծել Սուրիոյ մէջ` վերահաստատելու համար իսլամական Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ ան կը գործակցի Քայիտայի եւ այլ ահաբեկիչներու հետ` իրագործելու համար իր այս նպատակը: Ինք կ՛ուզէ դառնալ խալիֆան (Մոհամետ մարգարէի ժառանգորդը) իր ստեղծած իսլամական նոր խալիֆայութեան:
«Թուրքիոյ Էրտողանը մեր բարեկամը չէ՛, ան աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր բռնատէրերէն է, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ու լրատուամիջոցները պէտք չէ օժանդակեն այս իսլամիստ մեծամոլին եւ անոր դաշնակից Քայիտային:
«Ժամանակը վաղուց անցած է Քոնկրեսին կողմէ ընդունելու եւ որոշելու իմ ներկայացուցած «Դադրեցնել ահաբեկիչները զինել» օրինագիծը, որ պիտի արգիլէ մեր կառավարութեան` օժանդակել Թուրքիոյ նման երկիրներուն, որոնք կ՛օգնեն մեր թշնամիին` Քայիտային: Իւրաքանչիւր նախագահական թեկնածու պէտք է այս մասին իր կեցուածքը յայտնէ: Արդեօք իրենք զօրավիգ կը կանգնի՞ն իմ ներկայացուցած «Կասեցո՛ւր ահաբեկիչները զինել» օրինագիծին»:
Թուլսի Կեպըրտ ամերիկեան Սամոայէն, 1981-ի ծնունդ, Քոնկրեսին մէջ 2012-ին ընտրուած Հաուայի նահանգը ներկայացնող առաջին հինտու կրօնի հետեւող անդամն է եւ` Հաուայեան կղզիներու ազգային պահակագունդի հազարապետ: Ան 2004-2005 Իրաքի մէջ ծառայած է, ապա 2008-2009` Քուէյթի մէջ: Վարած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային վարչութեան փոխատենապետի պաշտօնը:
Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոնի հետ 20 սեպտեմբեր 2017-ին Արցախ այցելած էր: Խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցելութեան մասին` ընդգծած էր, որ իբրեւ նախկին զինուորական` քաջ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչ, հետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:
Կեպըրտ նշած էր, որ պատուով կը ներկայացնէ Հաուայ նահանգը, որ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերը:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորեց նախկին քոնկրէսական Թուլսի Կեպըրտը՝ Միացեալ Նահանգներու ազգային հետախուզութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով, նոյն ատեն անոր կոչ ընելով՝ համապարփակ հետաքննութիւն մը կատարելու Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան ցեղային զտման գործողութեան մէջ Ամերիկայի մեղսակցութեան գծով։

Կեպըրտ զանազան առիթներով նեցուկ կանգնած է հայութեան եւ հովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը, իսկ 2017ին այցելած է Արցախ, ականատես դառնալով Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։ 2020-ին ան դատապարտեց Թուրքիոյ դերը Արցախի դէմ պատերազմ հրահրելու գործին մէջ՝ յայտարարելով. «Թուրքիա «Քայիտա»ի հետ կապ ունեցող անձեր կ՛ուղարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու համար»։
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բացատրեց, թէ Ուաշինկթըն ոչ միայն չէր կրցած զսպել ցեղասպանական արշաւը, այլ նոյնիսկ Պաքուն քաջալերած էր՝ անոր ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելով։