Հայ Դատէն կոչ՝ Նէնսի Փելոսիին

Հայ Դատէն կոչ՝ Նէնսի Փելոսիին

Հայաստանի վրայ կատարուած նորագոյն յարձակումին եւ Հայաստան այցելելու՝ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի որոշումին լոսին տակ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան նամակով մը դիմեց Փելոսիին՝ կոչ ընելով անոր, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր աջակցութիւնները, որոնք փաստօրէն կը շահագործուին Արցախի եւ այժմ Հայաստանի հայութիւնը իրենց հայրենիքէն տեղահանելու՝ Պաքուի նպատակը իրագործելու համար։

Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել www.anca.org կայքէջը։

Նշենք, որ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումէն ետք, առնուազն 45 քոնկրեսականներ դատապարտեցին Պաքուի բռնարարքները։ Այս նպատակով քոնկրեսականներուն եւ նախագահ Ճօ Պայտընի դատապարտումը պահանջելու համար այցելել www.anca.org կայքէջը։

Share