ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի Հանրապետութեան դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքուին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց.
«9 օգոստոսին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Քոնիայի մէջ, Իսլամական համերաշխութեան 5-րդ խաղերու ընթացքին ընդունեց Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսային շրջանի ապօրինի եւ Անգարայի աջակցութիւնը վայելող ղեկավար Էրսին Թաթարը` այդպիսով օրինականացնելով շրջանի զինուորական բռնագրաւումը: Երկու կողմերը շեշտեցին «թրքական աշխարհի ժողովուրդներու պատմական կապերու հիմամբ յարաբերութիւնները ընդլայնելու կարեւորութիւնը»:
«Քայլ մը, որ անակնկալ մը չէր, որովհետեւ ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը ինքնին 2020 թուականէն ի վեր ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութենէն լայն տարածքներ բռնագրաւած է եւ կը շարունակէ ցեղային մաքրագործման իր քաղաքականութիւնը, ճիշդ ինչպէս Թուրքիան 1974-ին կատարած է հիւսիսային Կիպրոսի մէջ:
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը բուռն կերպով կը դատապարտէ Ալիեւի արարքը եւ իր համերաշխութիւնն ու ուժեղ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին»: