Երկրային հրեշտակ մը դարձաւ երկնային

Երկրային հրեշտակ մը դարձաւ երկնային

(Հուրի Ֆուռնուզեանի յիշատակին)

  • Ի դէպ, լսեցի՞ր… Հուրի՛կը…
  • Չէ՛, չէի իմացած:
  • Ափսո՜ս…  ի վերջոյ հանգստացաւ, շատ չարչարուեցաւ, ափսո՜ս…: Հրեշտակ մըն էր:

            Հեռաձայնային մեր խօսակցութիւնը այսքան կարճ աւարտով բաւարար եղաւ, որ Հուրիկին նախկին երկու պաշտօնակիցներս փորձենք զիրար մխիթարել, ձեւով մը մենք մեզ խաբել, որ Հուրիկին չարչարանքները վերջ գտած են, մինչդեռ ան ո՛չ միայն արժանի չէր նման տառապալի վախճանի, այլ նաեւ ապրած էր յոյսով, «պիտի յաղթե՛մ» կամքով եւ իր հոգածութիւնը ընտանիքին եւ հարազատներուն անմնացորդ բաշխելու իղձով:

Գուժը չիմացողս՝ ես, պէտք չունէի հարց տալու, թէ ո՞ր Հուրիկին մասին էր խօսքը: Շատ լաւ գիտէինք, որ կը խօսէինք Հուրի Ֆուռնուզեանի մասին, բոլորին կողմէ Հուրիկ անունով ճանչցուած այն ազնիւ ու իսկապէս հրեշտականման տիկնոջ՝ որուն հետ աւելի քան 15 տարի գործած էի նոյն յարկին տակ՝ Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Անոր «ծածկանուններն» էին (Առաջնորդարանի Հուրիկը), «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հուրիկը», «Աղբալեանի Հուրիկը»…, մէկ խօսքով, գաղութի բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ անխոնջ աշխատող, բոլորին հասնող, բոլորէն սիրուած ու յարգուած Հուրիկը, որ օր մը հարկադրուեցաւ աշխատանքէ դադրելու ՝ արկածի մը հետեւանքով, պարտադրաբար հեռացաւ իր գործի դաշտերէն: Աւելի ուշ, անողոք հիւանդութիւն մը անժամանակ կերպով բռնեց օձիքը եւ զինք բառացիօրէն տարաւ հիւծումի:

            «Հրեշտակ մըն էր» խօսքը եւ հիւծումի տարիները մտքիս մէջ փայլատակեցին Պետրոս Դուրեանի տողերը՝

            Է՜հ, մնաք բարով, Աստուած եւ արեւ,

Որ կը պլպլաք իմ հոգւոյս վերեւ…

Աստղ մ’ալ ես կերթամ յաւելուլ երկնից

այն տարբերութեամբ, որ Հուրիկը ո՛չ մէկ ատեն ինքզինք աստղ նկատած էր, այլ խորքին մէջ ան իսկական հրեշտակ մըն էր, լուռ ու մունջ աշխատող եւ շատ արտադրող հրեշտակ մը: Եւ, ի՜նչ զարմանք: Նկատա՞ծ էք, որ հրեշտականման երկրային էակներ յաճախ այսպէս՝ տանջալի տարիներ բոլորելէ ետք, կ’երթան միանալու երկնային հրեշտակներու խումբին: Ես կրնամ թուել բազմաթիւ օրինակներ: Դո՞ւք…


            …1998-ի աշնան էր, մօտաւորապէս այս օրերուն, երբ հրաւէր ստացայ պաշտօնավարելու Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ: Լոս Անճելըսը տակաւին շատ ծանօթ չէր ինծի՝ նոր ժամանածիս: Հետեւաբար, Հոլիվուտի առաջնորդարանին վայրը գտնելու մտահոգութիւնս ունէր պզտիկ մրցակից մը. որո՞նք պիտի ըլլային պաշտօնակիցներս, ինչպիսի՞ անձնակազմով կը բանէր ազգային այս հաստատութիւնը:

            Ճշդուած ժամադրութան օրը, հասայ առաջնորդարան, որ բնակարանային երկյարկ կառոյց մըն էր, ծաղկանոցով եւ թուփերով պարսպուած, ներքին բաժանումներով գրասենեակի վերածուած: Հնչեցուցի դրան զանգը: Քանի մը անկթարթ ետք, դուռը բացուեցաւ եւ հայկական խոշոր աչքերէն դէպի դէմքը տարածուող բարի ժպիտ մը դիմաւորեց զիս: Յայտնապէս գիտէր ժամանումիս մասին. «Բարի եկաք, ես Հուրիկն եմ» ըսելով, զիս առաջնորդեց ներս, մէկ առ մէկ ծանօթացուց հոն գտնուող պաշտօնակիցներուն՝ Քնարին, Լուսինին, որոնք նմանապէս բարեկամի՝ նոյնքան հարազատութիւն բուրող ժպիտներով պատասխանեցին բարեւիս: Յետոյ, Հուրիկը հեռաձայնի ներքին գիծով Առաջնորդ Սրբազանին իմացուց թէ հասած եմ եւ առաջնորդեց դէպի այն սանդխամատը, որ զիս պիտի հանէր Առաջնորդին գրասենեակը: Երբ վեր կը բարձրանայի, արդէն ունէի այն զգացումը, թէ ժպիտները եւ բարեհամբոյր հիւրընկկալութիւնը ցուցանիշ էին, թէ հարազատ յարկ մը մտած էի. առաջին բարեւներն ու քաղաքավարական խօսքերը փոխանակուած էին այնպիսի՛ ոճով, որ կարծէք թէ տարիներու ծանօթներ էինք:

            Հուրիկին ժպիտով բացուած ծանօթացումը շուտով բարեկամութեան վերածուեցաւ իմ եւ բոլոր պաշտօնակիցներուս միջեւ, այդպէս ալ մնաց մինչեւ աշխատանքէ դադրելու որոշումիս օրը, նաեւ՝ անկէ ետք:


Եւ որովհետեւ այս սիւնակին կիզակէտը Հուրիկն է, յիշողութեանս ոսպնեակը պիտի կեդրոնանայ անոր վրայ:

Երկար ժամանակի պէտք չունեցայ, տեսնելու եւ զգալու, որ Հուրիկին անսպառ ժպիտը եւ օգտակար ըլլալու պատրաստակամութիւնը առատահոս աղբիւր էին եւ կը բաշխուէին բոլորին: Ոեւէ նորեկ, ըլլա՛յ պաշտօնակից-գործակից կամ որեւէ խնդիրի համար առաջնորդարան ներկայացող՝ նախ եւ առաջ իր դիմաց կը գտնէր Հուրիկը: Թէ՛ Հոլիվուտի եւ թէ Լա Քրեսենթայի շէնքերուն մէջ (առանց մոռնալու այն քանի մը տարիները, երբ, նոր շէնքի վերապատշաճեցման տարիներուն, առաջնորդարանը «ապաստան» գտաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ յարկին տակ), Հուրիկին սեղանն ու գրասենեակը կը գտնուէին մուտքի դրան ճի՛շդ դիմացը: Սեղանէն անպակաս պիտի ըլլային ծաղիկներ ու կրօնադրոշմ զարդեղէններ-պատկերներ, անշուշտ նաեւ գիրքեր ու… «բաժակ» մը գրենական իրեր: Ո՛չ մէկ կասկած, որ բոլոր այցելուներն ալ ակնթարթային հարազատութիւն մը զգացած են հաստատութեան մէջ, ի տես Հուրիկի ժպտադէմ ողջոյնին եւ բարեհամբոյր նկարագիրը ցոլացնող մեղմաձայն խօսակցութեան: Հեռաձայնողն իսկ, առանց Հուրիկը տեսնելու, պիտի համակուէր անոր բարութեամբ եւ ծառայասիրութեամբ. իսկ մեր ժողովուրդը ունի բարի սովորութիւն մը՝ յաճախ, մինչեւ իսկ առաջնորդարանին հետ աղերս չունեցող հարցերու համար ալ կը դիմէ անոր դուռը (կամ հեռաձայնին), ու Հուրիկը, առանց յոգնելու կամ «չեմ գիտեր, ատիկա մեր գործը չէ» պատասխանելու, մի՛շտ պատրաստ էր օգտակար ըլլալու դիմորդին: Իսկ եթէ հազուադէպօրէն ունենար անբարեհամբոյր այցելու մը, ժպիտը չէր փախչեր դէմքէն, ո՛չ ալ խստութիւնը զարթնում կ’ունենար: Նման պարագայի, ան մեղմիկ ժպիտով մը պիտի լուսաւորէր սենեակս եւ ըսէր. «Ընկե՛ր Սագօ, հաճիս ասոր հետ դուն կը խօսի՞ս»:


            Հուրիկը ի ծնէ դաշնակցական էր, այն առումնով, որ իրեն համար մեծ ու փոքր գործեր չկային, այլ կար ԳՈՐԾ: Այս հոգիով ու տրամադրութեամբ գործեց Ազգային առաջորդարանին մէջ, նոյնը՝ Դաշնակցութեան ակումբին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յարկերուն տակ: Համակուած էր նաեւ հայրենիքին վիճակուած ուրախ եւ տխուր օրերով: Հիմա, երբ հանգչած է, արդեօք կրնա՞նք ըսել, թէ ձեւով մը բախտաւոր է, որովհետեւ չտեսաւ Արցախի կորուստը…

Ստիպուած եմ բաւականանալ գործակցութեանս դաշտով, այսինքն՝ Ազգային առաջնորդարնի աշխատանքներով: Կասած չունիմ, որ գաղափարական ընկերներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ անսպառ յիշատակներ ունին արենուշ Հուրիկի եւ երիտասարդ կուսակցականի օրերէն սկսեալ:

Բնականաբար հնարաւոր չէ վերարտադրել ամէն բան, որովհետեւ այլապէս, կարելի է հատոր մը կազմել: Այլ խօսքով, իր կատարած «մանր գործերուն» (որոնք ստուար էին անկասկած) վրայէն ցատկելով, պիտի բաւականանամ յիշելով ԼՐԱԳՐՈՂ ՀՈՒՐԻԿին մասին յիշատակներս:

Նկատի ունենալով որ ժամանակ մը լուրերու հաղորդավար եղած էր «Հորիզոն» կայանէն, այս աշխատանքը ձեւով մը մտած էր անոր արեան մէջ: Ընդհանրապէս ինք կը հաւաքագրէր Ազգ. առաջնորդարանին վերաբերող լուրերը, որոնցմէ բխող հաղորդագրութիւնները պիտի հասնէին մամուլին: Ժամանակի ընթացքին, եւ առաջնորդարանի աշխատանքներուն ծաւալումին հետ, այս աշխատանքը սկսաւ գրաւել Հուրիկին աշխատանքին «Առիւծի բաժին»ը: Իսկ երբ եկաւ այն օրը, երբ Ազգ. առաջնորդարանը սկսաւ ամէն Կիրակի առաւօտ մեր ժողովուրդին ներկայանալ պատկերասփիւռի պատուհանէն, Հուրիկը արդէն գտաւ լողալու հարազատ աւազան մը: Բոլոր անոնք, որոնք հետեւած են այդ յայտագիրներուն (սկզբնապէս՝ կարճատեւ, աւելի ուշ՝ մէկ ժամ տեւողութեամբ), վստահաբար պիտի յիշեն թէ Հուրիկը, զինք յատկանշող ժպիտով՝ «Բարի լոյս… Ազգային առաջնորդարանի կիրակնօրեայ յայտագիրը կը սկսինք Տէրունական աղօթքով» բառերով պիտի բանար յայտագիրը, ապա ներկայացնէր մնացեալ բաժինները: Մէկ ժամ տեւողութեամբ այդ յայտագիրին մէջ, Հուրիկը դրած պիտի ըլլար բազմաթիւ ժամեր, որոշ օրեր՝ մինչեւ ուշ գիշեր պիտի աշխատէր պատկերասփռուելիքին համակարգչային արձանագրութեան-խմբագրումի աշխատանքին վրայ, երբեմն նաեւ բոլորէս առաջ, այսինքն՝ աշխատանքի ընկալեալ ժամերէն առաջ, նկարահանող արհեստագէտին հետ պիտի բանար առաջնորդարանին դուռը, ճշդուած պայմանաժամին հասցնելու սփռողներուն:

Թող անգաղտնապահութիւն չսեպուի, այլ տեղի՛ն դրուատիք մը, եթէ արձանագրեմ, որ Հուրիկը անվհատ աշխատանքով բարելաւեց իր հայերէնը: Պէյրութէն հեռացած էր մանկութեան տարիներուն, նախակրթարանի քանի մը տարիներ համտեսելէ ետք: Ուսումը առաւելաբար շարունակած էր ոչ-հայկական վարժարաններու եւ բարձրագոյն ուսումնարաններու մէջ: Գիտե՛նք, որ ամերիկեան (եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն հեռու ափերուն) սա ի՛նչ կը նշանակէ: Ընթերցասիրութիւնը, մասնաւորաբար օրաթերթին հաւատարիմ հետեւորդ ըլլալը, ծնողներուն գուրգուրոտ հոգածութիւնը եւ մի՛շտ բառամթերքը աճեցնելու, մատչելի լեզուով գրելու տենդը իրեն ընծայեցին հպարտութեան եւ ուրախութեան նոր աղբիւրներ: Ուժե՛ղ հաւատացող մըն էր Հուրիկը, թէ՛ կրօնական եւ թէ գաղափարական, ինքնակերտումի իմաստներով: Ու այդ հաւատքն էր որ կռանած էր իր կամքը, սակայն մի՛շտ մնացած էր ՀԱՄԵՍՏի պատեանին մէջ: Այլ խօսքով, Հուրիկը ճանչցողները ամէն բանէ առաջ կը յիշեն իր բարութիւնը, համեստութիւնը, աշխատասիրութիւնն ու ծառայասիրութեան ոգին:


Հուրիկին համար, ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւր էին ընտանիքն ու զաւակները: Հպարտ էր, որ ծնողները զինք ՀԱՅ ՄԵԾՑՈՒՑԱԾ էին, ո՛չ մէկ արգելք դրած՝ միութենական եւ կուսակցական աշխատանքի դաշտեր մտնելու դիմաց, ընդհակառակն, առաջնորդած էին իր քայլերը: Եւ Հուրիկը, բանիւ եւ գործով, աշխատեցաւ, որ ծնողներէն ստացած այդ աւանդը հասնի զաւակներուն:

…Զինք աշխատանքէ դադրիլ հարկադրող արկածը առաջինը չէր: Շատերու նման ունեցած էր արկածներ, սակայն յաղթած էր բոլորի հետեւանքներուն եւ վազած էր վերադառնալու աշխատանքի դաշտերը: Իր մէկ բազուկը ծանր վնասի ենթարկող վերջին արկածը, ֆիզիքանան հետեւանքին չափ, խորապէս ազդեց իր կորովին վրայ. չյուսահատեցաւ, սակայն ապրեցաւ հոգին կլանած աշխատանքէն եւ սիրած գործակիցներէն հեռու իյնալու ցաւը: Սովորութիւն չունէր գանգատելու կամ ողբերգական արտայայտութիւններ ունենալու (արդեօք չէ՞ ունեցած վիշտ առթող պատճառներ. Հաւանաբար այո, որովհետեւ ինք ալ մարդ էր ու ենթակայ՝ կեանքին բերած լաւ ու վատ խաղերու). երբ հարց տրուէր իրեն, թէ ինչպէ՞ս է, կարճ պատասխանը պիտի ըլլար. «Լա՛ւ եմ, փառք Աստուծոյ… Այսքանին ալ փառք…»: Սակայն իր մեղմ ժպիտը անկաող էր թաքցնելու կսկիծը:

Եւ հիմա, երբ լաւագոյն աշխարհի մը մէջ միացած է իրեն պէս հրեշտակներու, հաւանաբար Թէքէեանի բառերով կ’ըսէ մեզի.

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. 

Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.

Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց…

Ս. Մահսէրէճեան

Share