Ամերիկեան Խաղաթուղթերը Եւ Թուրքիան (Էրտողանի Վերընտրութենէն Ետք)

Ամերիկեան Խաղաթուղթերը Եւ Թուրքիան (Էրտողանի Վերընտրութենէն Ետք)

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնները երկու փուլով կայացնելը գործող նախագահին կողմէ վերահսկուած գործընթացի համոզումը կը փոխանցէ: Թուրքիան ժողովրդավարութենէ հեռու է տակաւին. գործող կառավարութիւնը զանազան վարչական լծակներ ունի իր տրամադրութեան տակ` ընտրակեղծիքներով կանխորոշուած արդիւնքներ ձեռք ձգելու:

Այս պարագային առաջին փուլին, ընտրարշաւի ընթացքին արդէն սկսած էին շրջանառուիլ արդիւնքներու անկանխատեսելիութեան մասին տեսակէտներ: Առաջին փուլի համապետական ընտրութիւնները ներառած էին նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Այնտեղ այս սուր երկուութիւնը չզգացուեցաւ: Խորհրդարանի համապատկերը յստակ է. համաձայնութեամբ, շատ պարզ է, որ Էրտողանը ունի կայուն մեծամասնութիւն, եւ դիւրութեամբ իր կառավարութիւնը կը ստանայ վստահութեան քուէ:

Այստեղ պարզ էր, որ բացառուած էր ընդդիմութեան յաղթանակը: Ընդդիմութեան թէական յաղթանակը խորհրդարանին մէջ ներպետական ճգնաժամ կրնար ստեղծել Թուրքիոյ մէջ, եթէ նախագահական ընտրութիւնները այս արդիւնքներուն յանգէին: Կը յառաջանար նախագահ-խորհրդարան փոխհակակշռումի համակարգ` թէկուզ նախագահական սահմանադրութեամբ: Նման իրավիճակներ յաճախ կը գոյանան ժողովրդավար երկիրներու մէջ: Թուրքիան հեռու է այդ փոխհակակշռումի յարաբերակցութիւն գրանցելու իրականութենէն:

Կարելի է արձանագրել սակայն, որ բազմակարծութիւն չհանդուրժող, հանրային եւ մամուլի գործիչներ կալանաւորող, քաղաքական հայեացքներու համար հասարակական գործիչներ բանտարկող Էրտողանի կառավարութիւնը յաջողեցաւ ընտրարշաւի եւ քուէարկութեան թատրոն բեմադրել: Միջադէպերը լուսարձակներ չկեդրոնացուցին, իսկ վարչական լծակներու օգտագործման դէմ նկատելի բողոքարկումներ չեղան: Ընտրութիւններու արդիւնքները չընդունելու ցոյցերը եւս աննշան էին:

Այս բոլորը չեն նշանակեր անշուշտ, որ հետագայ ցնցումները կը բացառուին: Հասարակութեան մէջ կայ երկփեղկուածութիւն: Թեկնածուներու ընտրարշաւի թեմաները մեծ հաշուով երկու ուղղութիւն ունէին: Առաջինը` ազգայնակրօնական, իսկ երկրորդը` ընկերատնտեսական, գումարած` դէպի Արեւմուտք յարաբերութիւններու բարելաւումը:

Մոսկուան եւ Պաքուն չթաքցուցին իրենց նախընտրութիւնն ու զօրակցութիւնը: Ընդդիմադիր թեկնածուն արտաքին քաղաքականութեան վերանայման անհրաժեշտութեան մասին կը խօսէր եւ ատոր առանցքը հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի, նաեւ` Պրիւքսելի հետ յարաբերութիւններուն կը վերաբերէր: Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացի վերագործարկումը առաջադրանք էր Քըլըչտարօղլուին համար:

Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի պաշտօնական շնորհաւորագիրներուն մէջ կայ յստակ քաղաքական ուղերձ: Ուաշինկթընը կը շեշտէ ՕԹԱՆ-ի շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ այդ շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը, մինչ Փութին կ՛արժեւորէ Էրտողանի ներդրումը ռուս-թրքական համագործակցութեան խորացման մէջ:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Մոսկուան եւ Անգարան հեզասահ պիտի շարունակեն սկսուած գործը: Ի վերջոյ Ուաշինկթընը Թուրքիան կ՛ընկալէ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի այն անդամը, որմէ այսօր բաւական կախեալ է Ռուսիան:

Խնդիրը ուրեմն Թուրքիան կախեալ դարձնելով Ռուսիոյ վրայ ազդեցութիւն ունենալու մօտեցումն է:

Քրտական գործօնին նկատմամբ կար պառակտուածութեան պատկեր: Էրտողանը յաջողած էր յառաջացնել քրտական կուսակցութիւն, որ կ՛առաջադրէր իր թեկնածութիւնը: Էրտողանական քրտական կուսակցութիւնը փոքրամասնութիւն կազմելով հանդերձ այս հարցին մէջ ներքրտական հակասութիւնները մանրադիտակի տակ առնուեցան: Քրտական գործօնը կը շարունակէ մնալ առաջնային սպառնալիքներէն մէկը Անգարայի համար:

Քրտական խաղաթուղթը մեծ մասամբ Միացեալ Նահանգներուն մօտ է: Երկփեղկուած հասարակութիւնը կրնայ առաջին խաղաթուղթին վրայ աւելնալ: Իսկ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը կը համալրէ առաջին երկու խաղաթուղթերը:

Share