Հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին, սղաճին եւ ընկերային բոլոր հարցերուն, Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը կը մնայ տիրական:
Այս առումով նախանցեալ օր սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւններուն մասին արձանագրուեցան իսրայէլեան այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնց համաձայն, յստակ դարձաւ, թէ անոնք իրենց ուզած որոշումը կրնան տալ:
Նշենք, որ իսրայէլեան «Ուալա» կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը կը պատրաստուի պատասխանելու Հըզպալլայի կողմէ արձանագրուելիք որեւէ քայլի, որ թիրախ կը դարձնէ Քարիշի հարթակը:
Նոյն կայքը հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը բաւարար ուժեր չէ տեղակայած այդ հարթակին շուրջ, որովհետեւ հարցը բարդ է եւ զինուորական ու դիւանագիտական ծրագրաւորումի կը կարօտի:
Այս շրջագիծին մէջ, հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի յատուկ բանագնաց Ամոս Հոքշթայն երկուշաբթի երեկոյեան պիտի հասնի Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ: