«Ամերիկա կը կրկնէ Արցախցիներուն ապահով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը վերականգնելու կոչը». Փաուըր

«Ամերիկա կը կրկնէ Արցախցիներուն ապահով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը վերականգնելու կոչը». Փաուըր

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սըմենթա Փաուըր Հայաստանի մէջ իր ունեցած պաշտօնական հանդիպումներուն զուգահեռ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կեդրոնացած է Արցախէն տեղահանուած մարդոց բարեկեցութիւնը ապահովելուն վրայ, ինչպէս նաեւ զանոնք աշխատանքի շուկային մէջ ներգրաւելու եւ ընկերային զանազան ծրագիրներու միջոցով: Ան աւելցուց, որ, թէեւ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը զանազան ծրագիրներ կ՛իրականացնէ արցախցիներուն համար, սակայն, Միացեալ Նահանգները՝ միջազգային համայնքի շարք մը երկիրներու հետ կը շարունակէ կոչ ուղղել՝ վերականգնելու արցախցիներուն ապահով կերպով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը:

«Մինչեւ այս պահը մարդոց վերադառնալու քայլեր չեն առնուած: Մենք պիտի շարունակենք այս հարցին լուծումը յառաջ մղել, որպէսզի մարդիկ վերադառնան ապահով պայմաններու մէջ, ինչ որ կը պահանջէ գետնի վրայ իրողութիւններու փոփոխութիւն», ընդգծեց Փաուըր։

Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կապերուն մասին՝ դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն միջեւ չլուծուած հարցերը բարդ են եւ զգայուն, սակայն կայ նաեւ լուրջ կարելիութիւն՝ խաղաղութեան հասնելու։ Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ կողմերը պիտի ունենան այդ գիտակցութիւնը` չկորսնցնելու այս կարեւոր հնարաւորութիւնը։

«Եռակողմ հանդիպման ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի ուղերձը հետեւեալն է. կողմերը մօտեցած են խաղաղութեան, անցած են զգալի ճանապարհ մը, եթէ նոյնիսկ համեմատենք 1 տարի առաջուան հետ: Իսկապէս ցնցող երեւոյթ է, երբ նայինք, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ինչ հնարաւորութիւններ պիտի տայ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն՝ հաղորդակցութեան ուղիներու, երթեւեկի եւ վերջապէս առանձին ընտանիքներու տեսանկիւնէն` աւելի լաւ կենսապայմաններուն, աշխատանքի կարելիութիւններուն եւ տնտեսական շարունակական աճին գծով: Հայաստանի տնտեսութիւնը արդէն դրական ընթացքի մէջ է, բայց որպէսզի հայ ժողովուրդը կապանքներէ ազատի՝ պէտք է տարածաշրջանին մէջ կարելի ըլլայ աւելի շատ առեւտուր ընել, սահմանները պէտք է բաց ըլլան մարդոց եւ ապրանքներուն համար, ասիկա մեծ կարելիութիւն ու մէկ քայլ դէպի առջեւ պիտի ըլլայ», շեշտեց Փաուըր, որ նաեւ անդրադարձաւ իր ունեցած հանդիպումէն ունեցած տպաւորութիւններուն: «Հանդիպման ընթացքին գլխաւոր շեշտադրումը Հայաստանի անկախութիւնը եւ պաշտպանունակութիւնն էր: Մենք խօսեցանք ուտելիքի ապահովութեան եւ ուժանիւթի նիւթերուն մասին, ընդգծեցինք ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական խոցելիութենէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը: Երէկ, ժամանակ անցուցի նաեւ Փոլիթեքնիք համալսարանին մէջ, եւ կարելիութիւն ունեցաւ աւելի հասկնալու Հայաստանի կառավարութեան ուժանիւթի ռազմավարութիւնը, որ կը ձգտի աւելի շատ արտադրել վերանորոգուող ուժանիւթ եւ յենիլ կայուն կորիզային ուժանիւթին վրայ: Հայաստան կը փորձէ այլընտրանային ոլորտներ գտնել, թէ՛ տնտեսութեան եւ թէ ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Հայաստանի մէջ կը ձգտին նուազեցնել երկրին խոցելիութիւնը ցնցումներու պարագային՝ ըլլայ այդ գործընկերոջ մը կամ որեւէ մատակարարման շղթայի փոփոխութեամբ», ըսաւ Փաուըր՝ դիտել տալով, որ թեքնիք քննարկումները, թէ՝ ինչպէ՛ս պէտք է ստեղծուի կորիզային ուժանիւթը, տակաւին ընթացքի մէջ են: «Այդ պատճառով ես կը խուսափեմ յստակ ժամկէտներ նշելէ, բայց ինչպէս կը հասկնամ, Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագիր ունի մինչեւ 2030 կրկնապատկել վերականգնուող ուժանիւթի արտադրութիւնը. Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը եւս կ՛աջակցի այս հարցին», ըսաւ Փաուըր՝ աւելցնելով, որ 2020էն ի վեր եռապատկուած է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ առեւտրական շրջանառութիւնը: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ծրագիրները, որոնք հիմնականին մէջ ուղղուած են Հայաստանի դիմադրականութեան բարձրացման` ուտելիքի ապահովութենէն մինչեւ բնական աղէտներու կառավարում, ուշադրութեան կիզակէտ է նաեւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը:

Մինչ այդ Փաուըր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին հետ։

Փաշինեան ընդգծեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան գծով զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան բարձր գնահատեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները, որոնք ուղղուած են ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական հարցերուն, անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան քայլերուն, որոնց կարգին՝ բնակարաններու ապահովման ծրագիրին: Անոնք նաեւ խօսեցան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին վերաբերող հարցերու մասին:

Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանի ցեղային զտման քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակը, որուն ծիրին մէջ Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերը` աջակցելու Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն:

Կողմերը անդրադարձան նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, որուն ծիրին մէջ քննարկուեցան անոր իրականացման հեռանկարները:

horizonweekly.ca

Share