Ս. Մահսէրէճեան
Լեւոն Փաշալեանը «Հին զգեստը» պատմուածքին մէջ կայ մօտաւորապէս սա տողը. Չըսեմ ըսի, բայց չ’ըլլար…
Կրնանք ըսել, որ վարչապետ կոչեցեալ Նիկոլ Փաշինեանի իւրաքանչիւր հրապարակային «փայլատակում»էն ետք, բանիմաց հայը այդ տողը կ’ուզէ ձեւով մը փոխ առնել, այսինքն, պահ մը կը մտածէ թէ արդեօք կ’արժէ՞ գնահատականներ ընել անմտութիւնը կրկին ու կրկին ապացուցող արտայայտութիւններուն մասին, յետոյ կը հրաժարի, որովհետեւ գիտէ, որ իմաստակութեան փաստերը այնքա՜ն առատ են, որ նոր մեկնաբանութիւն կամ անդրադարձ՝ կ’արժեզրկէ նոյնինքն գնահատանք հասկացութիւնը: Այսուամենայնիւ, ստեղծուած ու ստեղծուելիք կացութիւններուն արհաւիրքները ա՛յնքան տաժանելի են, որ մարդս կը մտածէ. Չըսեմ ըսի, բայց չ’ըլլար…
Նորագոյն «փայլատակումները» հայութեան ընծայուեցան Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբերին, իշխանաւորին բանբերը եղող պատկերասփիւռէն ճառագայթող հարցազրոյցին ճամով: Այո՜, հայութիւնը եւս նոր ընծաներ ստացաւ Փաշինեանէն: Կը կարծէի՞ք, որ անոր նուէրները միայն Ալիեւի ու անոր հովանաւորին(ներուն) վերապահուած են:
Մէկ բան պիտի չընենք այստեղ՝ մէկ առ մէկ կանգ պիտի չառնենք պատկերասփռուած «մտքի գոհարներ»ուն վրայ (դուք կրնաք խղճի ամենայն հանգստութեամբ զանոնք որակել… անմտութեան շեղջեր, քաղաքական աշխարհին եւ հայրենիքի շահերուն անհաղորդի փաստագրումներ): Կը խուսափինք՝ որպէսզի խելամիտ ընթերցողին խնայենք ժամանակ եւ հոգեկան տագնապ: Հարցազրոյցին հետեւողը այդ բոլորը «վայելեց» ցմրուր: Բաւականանանք նշելով միայն երկու կէտ:
Ա. Այս արարածը իսկական «գիւտարար» է, իւրաքանչիւր հարցազրոյցի կամ հրապարակային ելոյթի՝ ուշագրաւ նորութիւն մը կը նետէ դիտողին, դուք ըսէք՝ ամբողջ ազգին: Նախընթաց «գիւտեր»ուն շարքին էին «աննախադէպ», «աննախընթաց», «ասիկա շատ կարեւոր է…» եւ նման արտայայտութիւններ: Այս անգամ, անոնց կողքին փայլեցաւ «նրբութիւն» հասկացութիւնը: Եւ իւրաքանչիւր անգամ, որ այս բառը կը թռէր անոր շրթունքէն, լսողը կ’ունենար այն տպաւորութիւնը (գոնէ ի՛նք կ’ուզէր ինքզինք խաբել եւ այդ խաբկանքը ստեղծել), որ ինչպիսի՜ խորաթափանց եւ հեռատես քննարկում կ’ընէ, ա՛յնքան խոր՝ որ… ինք ալ կարծէք թէ չէր հասկնար թէ իսկապէս ի՞նչ կ’ըսէ, ըսածին մէջ ի՞նչ իմաստ կայ:
Բ. Աւելի կարեւորը՝ լռելեայն ու երբեմն ալ գրեթէ բացայայտ այն խոստովանութիւններն էին, ինքնադատապարտումի հին-նոր արտայայտութիւններ, որոնց իմաստը հետեւեալն է. Ալիեւի եւ զայն հովանաւորողներուն հետ բանակցութեանց իւրաքանչիւր փուլին, ես խաբուած եմ կրկին ու կրկին, սակայն ամենայն հետեւողականութեամբ կը շարունակեմ նոյն փոսը իյնալ (գիտէք թէ ո՞ր չորքոտանիին մասին կ’ըսուի, թէ նոյն փոսը երկու անգամ չ’իյնար): Խաբուելու եւ իյնալու, նահանջի եւ կորուստի անմրցելի ախոյեան մըն է, անհաւասար մրցանիշակիր մը, որ արժանի է ոսկեայ, արծաթեայ, պրոնզեայ, մինչեւ իսկ… թիթեղէ մետալներու (այս մարդը նայեւ մե՜ծ հաճոյք կ’առնէ Ալիեւի կրկնակի արհամարհանքին ենթարկուելէ, չ’անդրադառնար, որ Ալիեւի իսկական նպատակն է նախատել հայութիւնը): Եթէ ասոնք անձնական հաճոյք կը պատճառեն իրեն, կայ աւելի՛ հաճելին: Իւրաքանչիւր խաբկանք «նուաճելէ» ետք, նորոգուած աշխուժութեամբ կը լծուի ժողովուրդն ու ազգը խաբելու, այնքան մը՝ որ խաբուելու «հաճոյքով» վարակուած են շատեր, թէեւ պտիկ-պտիկ զգաստութիւնը կը վերադառնայ:
Եւ կը պատահի… ի՞նչ: Կը պատահի այն, որ Արցախի կորուտէն մինչեւ Հայաստանի կորուստներուն փաստերը կը դիտուին…կոյրերու աչքերով, մարդիկ՝ խաբէութեան տիղմին մէջ լողալէ հաճոյք առնողները չեն ուզեր տեսնել արդէն երեք տարուան ահաւոր վիճակը, որուն հետեւեցաւ Արցախի կորուստը, հարիւր-հազարաւորներու բռնի տեղահանութիւնը, նոր ցեղասպանութիւնը, եւ այս բոլորին մէջ իշխանաւորներուն մեղսակցութիւնը: …Կատակասէր բարեկամ մը (շեշտենք, որ այս կացութիւնները կատակ չեն ընդունիր) վերջերս, առիթով մը ըսաւ. «Այս բանգէտները ամէն պատուհաս կը բեռցնեն իրենց նեղ օղակէն դուրս եղողներու ճիտին: Ըսող կայ, որ ընդդիմադիրներու ահազանգերը այնքա՛ն յաճախ եւ տարածուն հնչած են, որ մեր իշխանաւորներէն առաջ, անոնք հասած են Ալիեւի ականջներուն, ուրեմն, խորքին մէջ «չարխօսիկ», կորուստներ նախատեսող ընդդիմադիրնե՛րն են այս պատուհասներուն իսկական պատասխանատուն, պատճառը: Նոյն տրամաբանութեամբ այլ, վաղը անոնց վիզին պիտի փաթթուին այն կորուստները՝ որոնք կրնան արձանագրուիլ Սիւնիքէն, Տաւուշէն եւ այլ շրջաններէ: Չէ՞ որ Արցախի հայաթափումէն ետք, ընդդիմադիրները կրկին ու կրկին կը զգուշացնեն նորանոր կորուստներէ: Մարդիկ կրնան մոռնալ, որ մարդուկը ի՛նք խոստացաւ – եւ նուիրեց – Արցախը, Կրանատայի մէջ թուղթ ալ ստորագրեց, որ նոր հողաշերտեր պիտի յանձնէ Ազրպէյճանի, անկէ առաջ ալ սուտ հանեց իր արտաքին գործոց նախարարը, երբ ան կը դատապարտէր Ազրպէյճանը՝ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն պատրաստելու եւ հայկական հողը հայաթափելու յանցանքով (իսկ այդ արարածն ալ, խաբուելու եւ խաբելու այլ ախոյեան մը, չմտաեց հրաժարելու մասին, այլ աթոռ մը գրաւեց Կրանատայի մէջ…): Մարդիկ պիտի չտեսնեն, որ Փաշինեան գրեթէ բառացիօրէն կը խոստովանի, թէ Ալիեւ զինք կրկին ու կրկին խաբած է, իսկ իր պատրականութիւններէն մէկն ալ… հայութիւնը խաբել է, մի՛շտ մեղքը նետելով այլոց վիզին: Թող ընդդիմադիրները նման մտահոգութիւններ չարտայայտեն, որպէսզի հայութիւնը զերծ մնայ կորուստներէ…»:
Ապրահամ Լինքըլն ունի նշանաւոր խօսք մը. «Կրնաք ամբողջ ժողովուրդը խաբել որոշ ժամանակ մը, կարգ մը մարդիկ՝ մի՛շտ, սակայն երբեք չէք կրնար բոլորը խաբել ընդմիշտ» (You can fool all people some of the time and some people all the time. But you can never fool all people all the time): Խե՜ղճ Լինքըլն, արդեօք մտքէդ անցա՞ծ էր արդեօք, որ կրնան գալ մարդիկ, այն ալ՝ երկրի մը ղեկին նստողներ, որ պատրաստ ըլլան ընդմիշտ խաբուելու եւ ճիգ չխնայել՝ խաբելու բոլորը…
11 Հոկտեմբեր 2023