Հալեպի ջահերով ժողովրդային երթ

Հալեպի ջահերով ժողովրդային երթ

Ժիրայր Կարապետեան

Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ին, հա­լէ­պա­հա­յու­թիւնը հա­մախմբ­ուե­ցաւ ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ տարելիցին առիթով պահանջատէրի իր կեցուածքը այս անգամ արտայայտեց ԱՄԺ Տունէն դէպի Ազգ. գերեզմանատուն ժողովրդային ջահերթով։

Ջա­հեր­թը կազ­մա­կեր­պած էր ՍԵՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը: Անոր կը մաս­նակ­ցէ­ին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան, Բեր­իոյ Թե­մի հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Առաջ­նորդ Արհ. Տ. Պետ­րոս Արք. Միր­ի­ա­թեան, Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վե­րա­պատ­ուե­լի Դոկտ. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան, Հոգշ. Հայր Մա­նուկ Աբղ. Պա­րի­խան­եան, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայնի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւններու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չները, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչները, քա­հա­նայ հայ­րեր, բա­րե­սի­րա­կան, մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ երի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ ու հա­րիւ­րա­ւոր երի­տա­սարդ­ներ։

Ջահեր­թը Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ դրօշ­նե­րով առաջ­նոր­դեց ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի փո­ղե­րա­խում­բը, գե­ղար­ուես­տա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ Մհեր Սու­սանիի։Յա­ջոր­դա­բար ջա­հե­րով տո­ղան­ցե­ցին ՀՄԸՄ-ի Հա­լէպ Մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան շար­քե­րը, ՍԵՄ-ի, ՔՈՄ-ի եր­տա­սարդ­նե­րը, Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան ու Հա­մազ­գա­յի­նի, ՍՕԽ-ի եւ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամները, այնուհետեւ ժողովուրդը՝ օր­ուան կար­գա­խօ­սը պար­զող եւ Թուրք­ի­ան դա­տա­պար­տող պաս­տառ­նե­րով ու ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րով:

Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րը պա­հան­ջա­տի­րու­թեան կան­չե­րով թն­դա­ցին։ Շր­ջա­նի բնա­կիչ­նե­րը իրենց պատշ­գամ­նե­րէն մո­մեր բռ­նած կը զօ­րակ­ցէ­ին տո­ղան­ցող­նե­րուն։Ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տան մուտ­քին փո­ղե­րա­խում­բը հն­չե­ցուց Սուր­իոյ եւ Հա­յաս­տա­նի զոյգ քայ­լերգ­նե­րը: Գերզմանատան սեմին զետեղուած էին 1915֊ին նահատակուած մտաւորականերու պատկերները, սերունդներու յիշոշութեան մէջ վառ պահելու հայ նահատակներուն արեան կանչը։Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը խորհր­դան­շող յու­շա­քա­րին առ­ջեւ զե­տեղ­ուե­ցան ծաղ­կեպ­սակ­ներ, ապա հայ հո­գե­ւոր պե­տերը մի­աց­նե­լով իրենց ջա­հե­րը վա­ռե­ցին յու­շա­քա­րին մօտ գտ­նուող ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը խորհր­դան­շող ջա­հը։Ներ­կա­նե­րը մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը Սուր­իոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն:

Ապա ըն­թացք առաւ գե­ղար­ուես­տա­կան տպա­ւո­րիչ յա­յտա­գիր մը։ ՍԵՄ-ակա­նե­րը հանդէս եկան Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող, հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները ուրուագծող եւ մեր գոյերթին մէջ երիտասարդութեան դերը շեշտադրող հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով։ Ապա մեներգով, ասմունքով եւ խմբերգով ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինը հրամցուցին։Այնուհետեւ ՍԵՄ-ի Կենդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան խօսքը արտասանեց Թինա Գասպարեան՝ շեշտելով, որ «Սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ։ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներու նախօրեակին համախմբուած ենք կրկին հաղորդակից դառնալու մեր նահատակներու կտակին։ հաւաքուած ենք ոչ թէ սգալու, այլ վերստին հաստատելու մեր աննահանջ երթը դէպի վերջնական յաղթանակ։ Մեր արդար դատին վերջնական, արդար հատուցման ճանապարհը բնականաբար պիտի հանդիպի խոչնդոտներու։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր նահատակներուն պատգամը պիտի չմնայ պարզապէս պատմութեան էջերուն մէջ, այլ գործի պիտի վերածուի։Մեր սուգը յաւերժ չի կրնար ըլլալ, որովհետև կայ անդուլ պայքար»։

Աւար­տին Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Մա­սիս Ս. Եպս. Զօպ­ու­եան ներկաներուն իր պատ­գա­մը ուղ­ղե­լով ըսաւ. «Այս ջահերթը կը վկայէ, որ հալէպահայութիւնը հաստատակամ է իր պայքարին մէջ։ Ժողովուրդ մը, որ ապրեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, ապրեցաւ պատերազմ նոյն թշնամիին կողմէ հրահրուած, սակայն կանգուն մնաց։ Այսօր մեր հաւաքական ներկայութիւնը այստեղ յարութեան եւ յոյսի պատգամն է։ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան բեկորները ուր որ գացին ծաղկեցուցին, ստեղծագործ իրենց ներկայութեամբ յատկանշուեցան։ Մեր փափաքն է, որ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միասնութեամբ այս ջահին նման մնան լուսաւոր ու վառ։ Այս օրերը ուխտի օրեր են մեզի համար։ Ուխտենք հաւաքական մեր աշխատանքով, պայքարով կեանքի կոչել մեր սրբադասուած նահատակներուն պատգամը»։Սր­բա­զան Հայ­րը եզրափակելով ըսաւ, որ Հա­լէ­պ ազա­տագր­ուե­ցաւ թուր­քին հրո­սակ­նե­րէն շնոր­հիւ երկ­րիս վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին եւ Սուր­իոյ արի բա­նա­կին, եւ մենք ան­գամ մը եւս առիթ ու­նե­ցանք խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները։Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։

Share