Ահազանգ. Հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը ամբողջութեամբ օտար կառավարման կը յանձնուին

Ահազանգ. Հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը ամբողջութեամբ օտար կառավարման կը յանձնուին

Արմէն Այվազեան
քաղ. գիտ. դոկտ., պատ. գիտ. թեկն.

2023 թ. Դեկտեմբեր 25-ին, ՀՀ կառավարութիւնը ընդունած է հակահայկական որոշում մը, որմով կը սահմանափակէ հայոց լեզուի գործածութեան ոլորտը, միաժամանակ՝ գաղութացման ենթարկելով հայաստանեան գիտութիւնը, յատկապէս՝ հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը՝ իրենց բոլոր գիտակարգերով հանդերձ։ Այս որոշումը խորապէս քաղաքական բովանդակութիւն ունի եւ սկզբունքօրէն ապօրինի է, քանի որ, մասնաւորաբար, կոպտօրէն կը հակասէ «Լեզուի մասին» ՀՀ օրէնքի տառին եւ ոգիին։ Ցաւօք սրտի, ցայսօր որեւէ ընդդիմադիր քաղաքական ուժ իր անհամաձայնութիւնն ու վրդովմունքը չէ յայտնած այս կապակցութեամբ եւ զայն կասեցնելու ուղղութեամբ համապատասխան իրաւական գործընթաց չէ ձեռնարկած։ Յոյսով եմ, ներկայ համառօտ անդրադարձը ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէ այս կարեւոր խնդիրին վրայ։

Եւ այսպէս, ըստ նշուած որոշման, հայաստանցի գիտնականներուն կը ստիպեն.

1) գրել իրենց յօդուածներն ու մենագրութիւնները ոչ թէ հայերէն, այլ օտար լեզուներով, գերազանցապէս՝ անգլերէն.

2) հրապարակուիլ օտար, գերազանցապէս՝ անգլալեզու հանդէսներու եւ հրատարակչութիւններու մէջ։

Իսկ ինչպէ՞ս պիտի պարտադրեն գիտնականներուն այդպիսի վարքագիծ որդեգրել։ Շատ պարզ։ Գիտական ատեստաւորում անցնելու եւ գիտական համապատասխան պաշտօն զբաղցնելու համար Հայաստանի մէջ հայերէն (ինչպէս նաեւ այլ լեզուներով) հրապարակուած գիտական ուսումնասիրութիւնները, ըստ էութեան, կը համարուին առ ոչինչ։ Բնականաբար, խօսքը առաջին հերթին կը վերաբերի հայերէն ուսումնասիրութիւններուն։ Եթէ գիտնականները չկատարեն վերոյիշեալ պայմանները, անոնք պարզապէս կը զրկուին աշխատանքէ, իսկ եթէ մասամբ կատարեն՝ կը կորսնցնեն իրենց գիտական որակաւորումը, օրինակ՝ աւագ գիտաշխատողէն կ՝իջնեն կրտսեր գիտաշխատողի կարգավիճակի եւ, համապատասխանաբար, պակաս կը վարձատրուին։ Խօսքը կը վերաբերի բոլոր բնագաւառներու մէջ աշխատող գիտնականներուն, բայց ստորեւ պիտի քննարկեմ միայն հայագիտութեան հարցը՝ ձգելով արհեստագիտական գիտութիւններու հարցերը համապատասխան մասնագէտներուն։

Խնդիրը այն է, որ հայագիտութեան կեդրոնը դեռ Հայաստանն է։ Հայագիտական լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները գրուած են ու դեռ կը գրուին հայերէն։ Հայկական պետութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի Հայաստանը մնայ հայագիտութեան գլխաւոր կեդրոն։ Բայց նշուած որոշոմով իրավիճակը կտրուկ պիտի փոխուի։ Թուարկենք, թէ ինչ հետեւանքներ պիտի ունենայ 23.12.2023 թ. կառավարութեան որոշումը հայագիտութեան եւ հասարակագիտութեան համար։

1. Հայագիտութեան կեդրոնը բռնի կերպով պիտի փոխադրուի արտասահման, քանի որ հայաստանեան հայագիտութեան եւ հասարակագիտութեան մարդուժի հարցերն ու զարգացման ուղղութիւնները փաստացիօրէն պիտի որոշուին օտար (քաղաքականացուած) գիտական կեդրոններու մէջ՝ ըստ ամենայնի, օտար պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու միջամտութեամբ։

2. Հայագէտներն ու հասարակագէտները (ինչպէս նաեւ արհեստագիտական մասնագիտութիւններով գիտաշխատողները) այլեւս շահագրգռուած պիտի չըլլան իրենց ուսումնասիրութիւնները շարադրելու հայերէն։ Գիտական կազմակերպութիւններու մէջ աշխատելու եւ յառաջխաղացում արձանագրելու համար հայերէն ստեղծագործելը պիտի ունենայ զերոյական արժէք։ Հայերէնը աստիճանաբար դուրս պիտի մղուի գիտութեան դաշտէն՝ վերածուելով կենցաղային, ոչ գիտական լեզուի։

3. Հայագիտական եւ հումանիտար ուղղութիւններով տասնամեակներ շարունակ գործող գիտական հանդէսները («Պատմա-բանասիրական հանդէս», «Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների», «Բանբեր Մատենադարանի» եւ միւսները) պիտի դառնան անպիտան եւ, ի վերջոյ, պիտի փակուին, քանի որ այնտեղ հրապարակուած յօդուածները հաշուի պիտի չառնուին գիտնականներու ատեստաւորման ու գիտական պաշտօնները որոշելու ժամանակ։

4. Հայաստանի մէջ լոյս տեսած գիտական մենագրութիւնները արժէք պիտի չի ներկայացնեն գիտնականներու ատեստաւորման եւ գիտական պաշտօնին նշանակուելու ժամանակ։

5. Մենագրութեան տպագրութեան համար ընդունելի համարուող 834 (Web of science-ի) հրատարակչութիւններէն գէթ մէկը հայաստանեան չէ։ Հետեւաբար, Հայաստանի մէջ գործող գիտական հրատարակչութիւնները նոյնպէս պիտի կանգնին վերացման վտանգի առջեւ։

6. Հայաստանցի գիտնականները փաստացիօրէն կը դրուին օտար հրատարակչութիւններու շատ առումներով քաղաքական ու քաղաքականացուած ուղեգծի եւ նախապատուութիւններու ուղղակի կախուածութեան ներքոյ։

7. Կառավարութեան վերոյիշեալ որոշմամբ հայաստանեան հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը, փաստօրէն, ամբողջութեամբ կը յանձնուին օտար կառավարման։

8. Հայաստանեան հեղինակներու բոլոր ուսումնասիրութիւնները պիտի ենթարկուին դաժան գրաքննութեան։ Պէտք է հաշուի առնել, որ օտար ակադեմիական կեդրոններէն եւ գիտական հրատարակչութիւններէն շատերը թէ՛ Արեւմուտքի մէջ, թէ՛ ՌԴ-ի մէջ կը գտնուին թուրքիոյ եւ ազրպէյճանի մեծ ազդեցութեան տակ։ Այդ ուղղութեամբ շատոնց ծաւալուն եւ կեղտոտ աշխատանք կը տանին նշուած հայասպան պետութիւններու դիւանագիտական գերատեսչութիւններն ու յատուկ ծառայութիւնները, ներառեալ այդ կեդրոններուն ու անոնց աշխատակիցներուն ֆինանսական նուիրատուութիւններ (փաստացի՝ օրինականացուած կաշառք), ինչպէս նաեւ ճոխ ընդունելութիւններ ու տարբեր արտօնութիւններ տրամադրելու եւ կազմակերպելու միջոցով։

9. Աւելին, Հայկական հարցով բոլոր մեծ տէրութիւնները ունին իրենց սեփական քաղաքական նպատակները, որոնք յաճախ ուղղակիօրէն կ՝արտացոլուին ակադեմիական կազմակերպութիւններու եւ առանձին գիտաշխատողներու աշխատանքին վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ զուտ հայկական շահ ներկայացնող բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ պարզապէս պիտի մերժուին եւ պիտի չի հրատարակուին։

10. Պատմական որոշ թեմաներով սեփական սկզբունքային դիրքորոշումը արտայայտած հայաստանցի գիտնականներէն ոմանք երբեք հնարաւորութիւն պիտի չստանան հրապարակուելու արտասահմանեան հանդէսներու մէջ։ Օրինակ, օտար հեղինակների որոշ հակապատմական տեսութիւններն ու գնահատականները գիտական սուր քննադատութեան ենթարկած հայաստանցի հեղինակները, բնականաբար, իսկոյն պիտի մերժուին՝ անկախ իրենց ներկայացուցած նիւթի թեմայէն եւ գիտական արժէքէն։

11. Այնպիսի թեմաներ ու գիտական խնդիրներ, ինչպէս հայերու բնիկութեան հարցը, Արցախի հիմնախնդիրը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ազատագրական շարժումները պիտի ենթարկուին ամենադաժան գրաքննութեան՝ կա՛մ անմիջապէս մերժուելով, կա՛մ կոպիտ, հակագիտական եւ հակահայկական խմբագրումներու ենթարկուելով։ Գիտական շրջանառութենէն պիտի հանուին պատմական բազմաթիւ առարկայական ճշմարտութիւններ, որոնք միջազգային ասպարէզի մէջ կրնան հայանպաստ իրաւաքաղաքական կամ քարոզչական դեր կատարել։ Օրինակ, հայերու Հայկական լեռնաշխարհին մէջ բնիկ ըլլալու կամ Մովսէս Խորենացիի 5-րդ դարի արժանահաւատ հեղինակ ըլլալու մասին ուսումնասիրութիւնները ի սկզբանէ պիտի արժանանան «նացիոնալիստական» պիտակաւորումներու եւ պիտի մերժուին։

12. Այս ամէնը կը նշանակէ, որ հայաստանեան հայագիտութեան վերջին հարիւրամեակին ձեռք բերած ուրոյն գիտական կառուցուածքն ու համակարգը, ինչպէս նաեւ մեթոտաբանական աւանդոյթները պիտի փոշիանան՝ չըսած այլեւս հայրենասիրական գաղափարախօսութեան մասին։

Հայաստանի մէջ հիմնարար հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը պիտի վերանան՝ մահացու հարուած հասցնելով հայ քաղաքական եւ ռազմավարական մտքին, հայկական ինքնիշխանութեան ու պետականութեան։

Եթէ Լէոն, Մանուկ Աբեղեանը, Աշոտ Յովհաննիսեանը, Լեւոն Խաչիկեանը, Յակոբ Անասեանը, Մկրտիչ Ներսիսեանը կամ ուրիշ հայ մեծ հայագէտները գնահատուէին ՀՀ կառավարութեան 2023 թ. Դեկտեմբեր 25-ի որոշման չափորոշիչներով, ապա անոնք անգամ կրտսեր գիտաշխատողի կարգավիճակին չէին կրնար հաւակնիլ։

Առանձին պետք է անդրադառնալ սոյն որոշման՝ մենագրութիւններուն վերաբերող հատուածին։ Առհասարակ, մենագրութիւնները գիտութեան զարգացման եւ առաջմղման գլխաւոր միջոցն են, որովհետեւ անոնց միջոցով լուծում կը գտնեն խոշոր գիտական խնդիրները, կ՝առաջադրուին նորովի լուծումներ, վարկածներ եւ մեթոտներ։ Սակայն այս որոշումը գիտնականները, փաստօրէն, ետ կը պահէ մենագրութիւն գրելէ, որովհետեւ, առաջին, մենագրութիւն կը համարուի միայն օտար հրատարակչութիւններու մէջ օտար լեզուներով հրապարակուած աշխատութիւնը, որ հայաստանեան հայագէտներէն շատ քիչերը ի վիճակի պիտի ըլլան գրելու եւ արտերկրի մէջ հրատարակելու, երկրորդ՝ որովհետեւ մէկ մենագրութիւնը հաւասարարժէք համարուած է ընդամէնը 3-4 յօդուածի (անկախ մենագրութեան ծաւալէն եւ որակէն), եւ երրորդ՝ որովհետեւ մենագրութիւն կը համարուի առնուազն հինգ տպագրական մամուլ կազմող աշխատութիւնը։ Այնինչ հայագիտութեան եւ հասարակագիտութեան ոլորտէն ներս հիմնարար մենագրութիւնները կ՝ունենան ոչ թէ հինգ, այլ բազմապատիկ աւելի ծաւալ՝ 20, 30, 40 եւ աւելի տպագրական մամուլ։ Հետեւաբար, գիտնականները պիտի ձգտին գրելու միայն յօդուածներ կամ կարճառոտ մենագրութիւններ, ան ալ՝ օտար լեզուներով, որմէ, ինչպէս նշեցինք, պիտի տուժէ հայոց լեզուի զարգացումը։

Կառավարութեան խնդրոյ առարկայ որոշումը բացարձակապէս հաշուի չ՝առներ մենագրութիւններու եւ յօդուածներու որակը, ամէն ինչ միայն քանակական հարթութեան վրայ կը գնահատուի։ Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն եւ վնասարարութիւն է, որովհետեւ յատկապէս հայագիտական ու հասարակագիտական բնագաւառի մէջ որակական չափորոշիչները աւելի մեծ նշանակութիւն ունին։ Ի վերջոյ, ո՞վ պիտի որոշէ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու իրական գիտական արժէքը՝ հայերէն չիմացող, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի մասին մակերեսային պատկերացումներ ունեցող օտարերկրացի մասնագէտնե՞րը, որոնք, ամէն ինչէ զատ, նաեւ ենթակայ են օտար (յաճախ՝ թշնամական) քաղաքական ազդեցութիւններուն։

Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել իրականութեան մէջ։ Հայաստանի մէջ աշխատող հայագէտներուն կարելի չէ պարտադրել արտերկրի մէջ օտար լեզուներով հրատարակել իրենց ուսումնասիրութիւնները, որովհետեւ հայագիտութեան առաջնային լեզուն նոյնինքն հայերէ՛նն է, այլ ոչ թէ անգլերէնը, ռուսերէնը կամ ֆրանսերէնը։ Ընդհակառակը, պէտք է ջանք թափել, որպէսզի օտարերկրացի հայագէտները Հայաստանի մէջ հայերէն հրատարակեն իրենց ուսումնասիրութիւնները՝ ընդսմին վերահսկելով անոնց աշխատանքի գիտականութեան ընդունելի մակարդակն ու որակը։ Միւս կողմէ, ի հարկէ, ցանկալի է, որ հայաստանեան հայագիտութեան լաւագոյն նմուշներն ու նուաճումները հրապարակուին նաեւ օտար լեզուներով՝ ըլլայ արտերկրի մէջ թէ Հայաստանի։

Հայագիտութեան տեսակէտէ ամենաորակեալ հանդէսները առայժմ կը գործեն Հայաստանի մէջ, թէեւ անոնք վերջին տարիներուն արձանագրած են որակական լուրջ նահանջ։ Բայց ասիկա ամենեւին չի նշանակեր, թէ այդ հանդէսները այլեւս պէտք չեն։ Ընդամէնը պէտք է բարելաւել գիտական արտադրանքի որակը։

Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել գիտական մէջբերումներու ազգային մատենագիտական տուեալներու հիմք՝ ռուսաստանեան РИНЦ-ի նմանութեամբ, ուր կուտակուած պիտի ըլլան հայաստանցի եւ արտասահմանցի հայագէտներու տասնեակ հազարաւոր հրապարակումները։

Կրկնեմ, Հայաստանեան հայագիտութիւնն ու հասարակագիտութիւնը պէտք է զարգանան նախ եւ առաջ հայերէն։ Եւ վե՛րջ։

Share