Ահմետ Շարհ յայտարարեց. «Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին Հայըաթ Թահրիր Շամի լուծարումը պիտի յայտարարենք»

Ահմետ Շարհ յայտարարեց. «Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովին Հայըաթ Թահրիր Շամի լուծարումը պիտի յայտարարենք»

Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար, սուրիական նոր վարչակազմի ընդհանուր հրամանատար Ահմետ Շարհ յայտարարեց. «Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի ընթացքին Հայըաթ Թահրիր Շամի լուծարումը պիտի յայտարարենք, եւ Սուրիան ոչ ոքի նեղութեան աղբիւր պիտի ըլլայ»:

«Կը ձգտինք սահմանադրութեան մը, որ կարելի եղածին չափ երկարատեւ կ՛ըլլայ, եւ ասիկա ծանր ու երկարատեւ աշխատանք է: Սահմանադրութեան նախագիծի պատրաստութեան հոլովոյթը կրնայ շուրջ երեք տարի տեւել», նշեց Շարհ:

«Սուրիան այսօր օրէնքի հաստատման փուլի մէջ է, եւ ընտրութիւններու կազմակերպումը կրնայ չորս տարի տեւել», աւելցուց ան:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ եկեղեցիներու պատրիարքներն ու առաջնորդները երէկ կոչ ուղղեցին` ձեռնարկելու ազգային համապարփակ երկխօսութեան մը, որ կը ներառէ բոլոր հատուածները եւ կ՛ամրապնդէ վստահութիւնն ու ընկերային համախմբուածութիւնը:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ասաատ Շիպանի երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Աշխատանք կը տանինք կնոջական խնդիրներու կողքին կանգնելու եւ զօրակցելու կիներու ամբողջական իրաւունքներուն»:

«Կը հաւատանք սուրիացի կնոջ հասարակութեան մէջ ազդու դերակատարութեան եւ կը վստահինք անոր կարողութեան ու հմտութեան», նշեց ան:

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց. «Մէկ շաբթուան ընթացքին ձերբակալուեցան շուրջ 300 անձեր, որոնց շարքին զինուորականներ եւ Ասատի վարչակարգի համակիրներ»:

Սուրիոյ զինուորական գործողութիւններու վարչութիւնը շաբաթ օր յայտնեց. «Լիբանանէն Ասատի ուժերէն 70 սպաներ ստանձնեցինք»:

Սուրիական ապահովական աղբիւրներ ալ շաբաթ օր «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Զէնքերու յանձնման պայմանաժամը աւարտեցաւ»:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը շաբաթ օր յայտարարեց. «Արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունքին հիմամբ հիւպատոսական աշխատանքները ցնոր տնօրինութիւն կ՛առկախուին»:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց. «Թրքական հրետանին եւ օդուժը կը ռմբակոծեն Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը Այն Արապ-Քոպանիի հարաւային գիւղական շրջանները»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց. «Թուրքիան առանցքային դերակատարութիւն ունի եւ միշտ իրաւունքի կողքին կը կանգնի, եւ Սուրիոյ մէջ այդ տեղի ունեցաւ»:

Share