ՀԲԸՄն կը զօրակցի Ատրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ բանտարկեալներուն համար աղօթքի յատուկ օրուան

ՀԲԸՄն կը զօրակցի Ատրպէյճանի կողմէ կալանաւորուած հայ բանտարկեալներուն համար աղօթքի յատուկ օրուան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Գերագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի 10 նոյեմբեր 2024-ին, աշխարհի տարածքին հայ հաւատացեալներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աղօթքի յատուկ արարողութեան մը, 2020-ի արցախեան պատերազմի հայ գերիներուն եւ տարի մը առաջ ձերբակալուած Արցախի ղեկավարներուն համար, որոնք բանտարկուած կը մնան Ազրպէյճանի կողմէ:

Աղօթքի Յատուկ Օրը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կլիմայական Փոփոխութեան Գագաթնաժողովի նախօրէին, ծանօթ որպէս COP 29, զոր այս տարի կը հիւրընկալէ Ազրպէյճան՝ Պաքուի մէջ:  Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը միանայ մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւններուն, կառավարութեանց ղեկավարներուն եւ շրջապատի պահպանման իրաւապաշտպաններուն, որոնք իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն, Ազրպէյճանի որպէս գագաթնաժողովի հիւրընկալ երկիր ընտրութեան կապակցութեամբ:  Մանաւանդ երբ մենք եւ հայութիւնը ամենուրէք լրջօրէն կը հարցադրեն աշխարհի ղեկավարներու համախմբումը պետութեան մը մօտ, որ դատապարտումի ենթակայ է Միացեալ Ազգերու պատերազմի կանոնագրութեանց խախտումներու, պատերազմական գերիներու, ցեղային զտման եւ անմեղ քաղաքացիներու դէմ պատերազմական ոճիրներու գործադրութեան համար:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ’ուղղէ իր անդամակցութեան եւ հետեւորդներու համաշխարհային ցանցին, աղօթքով մասնակցելու եւ իրազեկելու Ազրպէյճանի մօտ պաշտօնապէս արգելափակուած 23 հայերու մասին, նաեւ անոնց համար որոնք ցարդ կորսուած կը մնան:

Մանրամասնութեանց համար հաճեցէք դիմել ձեր տեղական թեմական կամ ծխական համապատասխան կառոյցներուն:


Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:

Share