Անցեալ վեց ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 16.5 միլիոն դոլարի դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Անցեալ վեց ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 16.5 միլիոն դոլարի դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – 2022 Յունուարէն Յունիսի միջեւ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $16.5 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $16 միլիոն արժէքով դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ ապահոված է  AmeriCares ($12.9 միլիոն) եւ Direct Relief  ($3.5 միլիոն) կազմակերպութիւններէն։

Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի Ընկերութիւնը ($78,700), Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ($50,700), Բժ. Ալպերթ Ֆիլիփս ($15,700), եւ Բժ. Հրայր Կարապետեան՝ Medical Outreach for Armenia կազմակերպութենէն ($10,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրաբերուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական Հիմնադրամին, Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական Կեդրոնին, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Ռ. Յոլյանի անուան Արիւնաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

2022-ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք առաքած է հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղի, արեան, սրտի, եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար։

Անցեալ 33 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $962 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,530 ծովային արկղերով։ 

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։ 

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Share