Աշխարհահռչակ է Արթըր Միլըրի (1915-2005) «Կամուրջէն դիտուած» («A View from the Bridge») թատերախաղը, որ հոգեբանական բարդ կացութիւններ եւ ընտանեկան վատառողջ վիճակներ կը ներկայացնէ. միտք բանին այն է, թէ խիստ կարեւոր ու առաջնահերթ է ընտանեկան օճախներ զգաստ պահելը, երբեք չկաշկանդել զաւակներուն ազատութիւնը: Թատերախաղը կը պատկերէ Նիւ Եորքի Պրուքլին կամուրջին մօտ ապրող ընտանիքի մը պատմութիւնը:
Պրուքլինն ու Նիւ Եորքը ձգենք իրենց տեղը եւ երթանք այդ վիթխարի կամուրջէն հազարաւոր մղոններ հեռու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին, Արաքս գետին վրայ կառուցուած Մարգարայի կամուրջ (աւելի ծանօթ իբրեւ Մարգարա-Ալիճան անցման կէտ, որուն նորոգութեան համար Հայաստանի կառավարութիւնը հսկայական գումար ծախսած է), հոն՝ ուր իրենց հինգերորդ հանդիպումը ունեցան երկու երկիրներուն կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները։
Նախընթաց՝ չորրորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր տարի մը առաջ, Դանուբ գետի ափին, Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ։ Երկու հանդիպումները իրարմէ բաժնող ժամանակի հեռաւորութիւնը, ըսենք՝ յապաղումը, ցուցանիշ է եւ վկայութիւն, թէ արդար է քաղաքական ոլորտին մէջ շրջան ընող ու «քլիշէ» դարձած ենթադրութիւնը, այսինքն՝ սովորականին նման, միօրեայ այս հանդիպումը անպտուղ ընթացքի մը նորագոյն հանգրուանն է, պարզապէս «փրոթոքոլային» տեսակցութիւն մը: Ի դէպ, հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու մասով, առաջինը՝ Հայաստանի հողին, իսկ երկրորդը՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ: Հայաստանի ներկայացուցիչը արդեօք իր ոտքին տակ զգա՞ց հողին այն ուժը, որ դարեր առաջ զգացած էր Արշակ թագաւորը…
Միլըրի «Կամուրջէն դիտուած» գործին մէջ, պատմութիւնը Իտալիայէն ժամանած ընտանիքի մը յարկին տակ ստեղծուած կացութիւնն էր, ամերիկեան հալոցին՝ «մելթինկ փոթ»-ին մէջ։ Իսկ մենք Յուլիս 30-ին Մարգարայի կամուրջէն դիտեցինք Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ թուրք դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումները, որոնց նպատակն է իբրեւ, թէ կանոնաւորել երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները։
Այս հանդիպումը զուգադիպեցաւ այլ տեսակցութիւններու, որոնք գրեթէ նոյն ժամերուն տեղի ունեցան Հայաստանի իշխանաւորին մասնակցութեամբ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութեան ներկայ ըլլալու նպատակով Թեհրան ժամանած էր, հանդիպումներ ունեցաւ նախագահին ու Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Այաթոլլա Սայետ Ալի Խամենէիի հետ: Վերջինը շեշտած է, որ Իրան «Զանգեզուրի միջանցք»-ը վնասաբեր կը նկատէ: «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին շեշտադրում կատարած է նաեւ Քըլըչ, սակայն բոլորովին այլ տեսլականով…։
Պէտք չէ կասկածիլ, որ Քըլըչի համար նոյնքան հրատապ եւ խիստ կարեւոր թեմա էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Կիպրոս այցելութիւնը եւ երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան օրակարգին եւ տարածաշրջանային հարցերու արծարծումը:
Մարգարայի կամուրջին երկու ծայրամասերուն տեղի ունեցած հանդիպումներուն, օրակարգի կարեւորագոյն (հրապարակուած) նիւթը եղած է երկաթուղիի սահմանային անցակէտն ու յատկապէս դիւանագիտական-պաշտօնական անձնագիր ունեցողներու երթեւեկի դիւրացումը։ Հոս ալ բառերու վրայ խաղալու վիճակ կ’երեւի: Սկզբնապէս կ’ըսուէր, որ կը քննարկուէր «երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու երթեւեկի կարելիութիւնը», հիմա կը խօսուի դիւանագէտներու մասին. նախկինէն տարօրինակ նահա՞նջ մը արդեօք, զո՞վ խաբելու եւ ի՞նչ պատրանք ստեղծելու դիտաւորութեամբ:
Յստակ է, թէ Անգարա կը փորձէ ամէն գնով իր ծրագիրները իրականացնել եւ ապա միայն ստորագրել համաձայնագրեր, եթէ մեր հասկցած ձեւով Հայաստան մնայ։ Թրքական կողմը կրկին ու կրկին շեշտած է, որ ՈՒՆԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐ, որոնց գումարը՝ սկսելու համար՝ Պաքուի պահանջածներուն լրացումն է, սկսելով Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութենէն, մինչեւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացում՝ դէպի Նախիջեւան, այսինքն համաթուրանական մայրուղիի ստեղծում։ Ազերիները ունին նաեւ պահանջներու ամբողջ ցանկ մը՝ Հայաստանէն «ազերիապատկան» հողամասերու իւրացում, մեծ թիւով ազերիներու «իրենց պատմական հայրենիքը՝ Արեւմտեան Ատրպէյճան վերադարձի իրաւունք» եւ անշուշտ… Հայաստանի ոչնչացում, ինչպէս կը դիտէին Արցախի ճակատագիրը…: Անգարա այս փուլին նման պահանջներ չի բարձրաձայներ, այդ դերը վստահած է Պաքուի, որուն հետ իբրեւ թէ, ըստ որոշ հայ մեկնաբաններու, տարակարծութիւններ կը ծագին:
Հանդիպման աւարտին լոյս տեսած յայտարարութիւններէն ո՛չ մէկ յստակ եզրակացութիւն կարելի է հանել։ Քըլըչի աչքով՝ «կառուցողական» էր, Ռուբինեանի համար՝ «լաւ», իսկ Կովկասեան բարձրաւանդակի Եւրոմիութեան յատուկ պատուիրակ Թոյվօ Քլաարի ակնոցով՝ «կարեւոր»։
ՄԵՐ ԿԱՄՈՒՐՋԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ այս «կառուցողական», «լաւ» եւ «կարեւոր» նկատուած հանդիպումներու շարքը արդեօք որքա՞ն պիտի շարունակուի, յիշեցնելով Սամուէլ Պեքէթի (1906-1989) «Սպասելով Կոտոյին» («Waiting for Godot») գործը, որ անհեթեթի թատրոնին մէկ փառաւո՜ր գլուխ գործոցն է:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական