Դատարկաբանութիւններու նոր արար (Փաշինեան կը «դասախօսէ» ամերիկահայերու)

Դատարկաբանութիւններու նոր արար (Փաշինեան կը «դասախօսէ» ամերիկահայերու)

Դատարկաբանութիւններու Նոր Արար (Փաշինեան կը «դասախօսէ» ամերիկահայերու)

Ս. Մահսէրէճեան

Հայաստանի կառավարութեան ստորագրութեամբ, 3 Փետրուարի կէսօրին (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ժամանակացոյցով), «փայլատակեց» տեսաերիզ մը, ուր ՔՊ-ապետ «ընտրեալ մանտաթաւոր»ը հանդիպում կ’ունենար ամերիկահայերու հետ: (Տեսնել այստեղ)

Մօտաւորապէս 18 վայրկեան տեւողութեամբ տեսագրութիւնը կարելի է մէկ նախադասութեամբ որակել իբրեւ դատարկաբանութեան նոր արար, կամ՝ ազգային գաղափարներէ հրաժարելու լուռ կոչ եւ Հայաստանի ու հայութեան համար վնասարար ուղեգիծին մասին քարոզ:

Խորքին մէջ բան չըսող, նորութիւն չբերող դատարկաբանութիւնը կարելի է մաս առ մաս բզկտել եւ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՞ անհեթեթութիւններ դուրս տուաւ Նիկոլ Փաշինեան կոչեցեալ արարածը, սակայն պիտի բաւականանանք քանի մը քաղուածքով: Անկէ առաջ, սակայն, ընենք նշում մը. տեսաերիզին մէջ չի ցուցադրուիր, թէ Փաշինեանի «վերլուծումներ»ն ու «փրկարար տեսութիւնները» ինչպիսի՞ ընկալում կամ հակազդեցութիւն ստեղծած են սրահին մէջ, ու կը յուսանք, որ հոն եղած են ազնիւ ու յանձնառու հայորդիներ, որոնք չեն բաւականացած լուռ ու կրաւորական ունկնդիրի դիրքով, ինչպէս եղած էր պարագան քանի մը օր առաջ, երբ նոյն «մանտաթաւոր»ը հանդիպում ունեցած էր խումբ զուիցերահայերու հետ, այլ՝ այս անգամ երեսին տուած են, որ սուտերուն ու դատարկաբանութիւններուն ուղին անվաղորդայն է: Մեր այս տողերը պարզապէս անմիջական արձագանգ են եղածին (սեղմ մէջբերումները բառացի չեն, այլ վերցուցած ենք միտք բանին):

Ա. Խօսքի մեկնակէտն իսկ այլանդակութիւն մըն էր եւ մեղմ ասած՝ ստապատիր ներկայացում մը, ինքնաժխտո՛ւմ մը: Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենայ (եղեր) գաղափարական վերափոխում մը, եւ անոր աղերսակից են իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները, այս եղափոխութիւնը Հայաստանի կը խոստանայ իրականութիւններուն աւելի լաւ ըմբռնողութիւն: «Գաղափարական վերափոխութեան» մասին կը խօսի մարդ մը, որ իշխանութեան հասնելու օրերուն, բարձրաղաղակ կը յայտարարէր, թէ ինք որեւէ գաղափարաբանութեան չի հետեւիր (եւ հիմա արդէն շա՜տ աւելի յստակ կ’երեւի, թէ իր ուղեղին ու էութեան մէջ բացակայ են ամէն ինչ՝ որ կապ ունի ազգի ու ազգային գաղափարախօսութեան հետ, իր «գաղափարաբանութիւնը» ունի մէկ խորագիր՝ ծառայել-լծակցիլ թուրք-ազերիական ծրագիրներուն):

Բ. Ափսոսանք յայտնեց, որ նման ընթացքի իրազեկ չէ եղած աւելի կանուխ, եւ տեղ մըն ալ խոստովանեցաւ, որ (ոչ բառացի կերպով) ինք անատակ է նման բաներ ըմբռնելու (հասկցուց, թէ իշխանութիւնը վարելով, ինչե՜ր սորվեր է, այսինքն՝ ժողովուրդին ու հայրենիքին գլխուն վրայ սփարիչութիւն կը փորձէ սորվիլ): Եւ ահա, մեկնաբանութիւններ՝ թէ (իր հասկցած) վերափոխութիւնը, (մի՛շտ իր կարծիքով) բարեշրջումը՝ պէտք էր իրականցած ըլլար պատերազմէն առաջ, տասնամեակնե՜ր առաջ…

Փաշինեանի յաճախակի «վարկածներուն» (տարիներու վրայ, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ասդին) ուշադիր հետեւող մը պիտի նկատէ, որ այս մարդը տողատակի, այսինքն՝ առանց բառերը գործածելու, կը հասկցնէ, որ Հայաստանի անցեալի քաղաքական ուղեգիծը (հասաւ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ) հիմնովին սխալ եղած է, եւ ահա, Երկնաւոր Հայրը ի վերջոյ խղճացած է Հայաստանի եւ հայութեան ու պարգեւած է ՔՊ-ապետն ու որ «ուսապարկերը», որպէսզի սխալները սրբագրուին (Աստուածորդիին իսկ նախանձը կը շարժի): Իսկ եթէ քիչ մը աւելի՛ թափանցենք ըսածներուն խորքը՝ դժուար չէ նկատելը, որ Հայաստանի արեւելումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին եւ համապատասխան ըլլան… Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պահանջներուն, ծառայեն անոնց ծրագիրներուն իրականացման: Կը յիշէ՞ք Պոլթըններու եւ յաջորդներու յորդորները…

Գ. Ցնդաբանութիւնները ունէին քանի մը բարձրակէտ: Մէկն ալ հետեւեալն էր. 44-օրեայ պատերազմը մեզ պարտութեան տարաւ ու մենք հնարաւորութիւնը ունեցանք անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն մը ունենալու ճամբան տեսնելու: Քիչ կը մնայ որ մարդս ըսէ. վա՜յ, լա՛ւ որ պատերազմը տեղի ունեցեր է: Եթէ չըլլա՜ր, մենք ուրկէ՞ պիտի հասնէինք նման հնարաւորութեան…:

Դ. ՔՊ-ապետը նկատել տուաւ, որ շրջանին մէջ, մեզի հանդէպ բացասականութիւն մը, այսինքն՝ աննպաստ տրամադրութիւններ զգալի են եւ սա չի նպաստեր ինքնիշխան ու անկախ պետութիւն մը հետապնդելու մեր առաջադրանքին: Բայց, ի սէ՜ր հայրենիքին ու մեր ազգին, ո՞վ է պատասխանատուն նման վերաբերմունքի գոյառման: Ո՞վ է պատասխանատուն նոյնինքն պատերազմին, պարտութեան, բազմահազար զոհերուն ու վիրաւորներուն, հողային հսկայական կորուստներուն (չխօսինք նոր կորուստներու հաւանականութեան մասին), կորուստներ՝ որոնց խորագիրներն են ԱՄԲՈՂՋ ԱՐՑԱԽԸ եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններ: Այս ոլորտին մէջ ալ կը դիտենք քանի մը օր առաջ կատարուած այն «բացայայտումները», թէ Մեղրին ալ «նախկիններու օրով» տրուած էր Ազրպէյճանին, իբրեւ թէ հողերու փոխանակման տրամաբանութեամբ մը…: Հայաստանէն արդէն տրուեցան արժանի եւ խարանող բացատրութիւններ, թէ՝ Մեղրին այսօ՛ր ալ կը պատկանի Հայաստանի, մինչդեռ Արցախն ու սահմանային շրջաններ խլուած են մեզմէ, թէ՝ նման «բացայայտումներ» պարզապէս նախերգանքն են մօտալուտ նոր զիջումներու հողային նոր տարածքներու յանձնումին, մարդցո միտքը պատրաստելու…: Այս մասին պարտք կը զգանք աւելցնլ՝ հասկցողին շա՜տ բարեւ… (հասկնալու հրաւէրը մասնաւորաբար ուղղուած է այս իշխանութեան չարիքները չտեսնող-չհասկցողներուն, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի):

Ե. «Դասախօսութեան» վերջին բաժինը հասկնալու համար, պէտք է լեզուական լարախաղացութեան վարպետ մը ըլլալ: Անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրուեցաւ (իբրեւ թէ) «նահատակ ժողովուրդի վիճակ»էն դուրս գալու, անոր համար պայքարելու եւ սովորական կեանքի յարելու «տեսութիւնները»: Հոս ալ առ նուազն կարելի է զարմանալ, թէ նման «տեսութիւններ» որո՞ւ բերնէն կը ծորին… Սա այն արարածը չէ՞, որ հեծանիւ քշելով ու կնոջ հետ եփած ճաշերը պատկերասփիւռէն ցուցադրելով՝ կը փորձէ ժողովուրդին ըսել, թէ Հայաստանի մէջ եւ շուրջը ամէն բան բնական է ու կարգին… Ի՜նչ փոյթ, որ կրնայինք նահատակներ չտալ, բայց տուինք… անիմաստ կերպով (չմանրամասնենք): Մեզի կը մնայ տարուիլ ամանորեան եւ այլ խրախճանքներով. «չէ՞ որ ժողովուրդը պէտք է թօթափէ նահատակի վիճակն ու զուարճանայ», հոգ չէ թէ Եռաբլուրի տարածքը բազմապատկուած է, ճակատներու եւ զօրանոցներու մէջ ողջակիզուած-սպաննուած զինուորներու ընտանիքները չեն կրցած թօթափել ողբերգութիւններուն լուծը: Իսկ այս բոլորը «բնական ապրելու» պայմաննե՞ր կը ստեղծեն… Մարդիկ որքա՞ն բթացած պէտք է ըլլան, որպէսզի համոզուին ՔՊ-ապետին բարեմի՜տ քարոզներով, յորդորներով, «ապագայ կա՛յ» խոստումներով, երբ այդ «ապագայ»ին մէկ մասը փոշիացած է արդէն: (Ողջունելի է, որ Երեւանի մէջ իշխանութիւնը վերջին օրերուն քայլ առ քայլ նահանջներ կ’արձանագրէ եւ իրողական պարտութիւններ կը կրէ ժողովրդային ընդվզումի ալիքներուն դիմաց, նախ՝ փոխադրամիջոցներու սակերու վերատեսութեան, ապա նաեւ եկամտահարկի ծանուցագիներու պայմանաժամին երկարաձգման ճամբով, որոնք այլապէս… աչքի փոշիի գործ կը տեսնեն՝ իսկական եւ անդառնալի կորուստներու թղթածրարին լոյսին տակ):

Զ. Վերադառնանք այլ կէտի մըն ալ. փաշինեանական Հայաստանը (իբրեւ թէ) ճիգ կ’ընէ, պէտք է ընէ, որպէսզի առանց արտաքին օժանդակութիւններու ապրի, կանգնի իր ոտքերուն վրայ: Արդեօք կա՞յ հայ մը, որ չցանկայ նման բան: Աւելի՛ն, կա՞յ հայ մը, որ խաղաղութիւն չցանկայ…: Մի՛ հարցնէք, թէ իշխանաւորները գործնապէս ի՞նչ կ’ընեն «առանց արտաքին օգնութիւններու» ապրելու համար: Եւրոպացի դէտերու (շօշափելի արդիւնքէ զուրկ) պաշտօնավարութիւնը երկու տարի երկարաձգելո՞վ, ռուսական ուժերուն տեղ արեւմտեան ուժերու տեղադրումի ծրագիրներո՞վ (իմանալ՝ թուրքերու իրողական «մանտաթ» տուող ծրագիրով), թէ՞ երկրին տնտեսական յենարանները քիչ-քիչ քանդելու աղաղակող քայլերով: Անգլերէն առած մը կ’ըսէ. «Ձեռքիդ մէջ եղող մէկ թռչունը նախընտրելի է, քան մացառին վրայ երկու թռչունը» (A bird in the hand is worth two in the bush): Չենք ուզեր երկար տարածուիլ եւրոպական շուկայ մտնելու ծանօթ երազներով (այլապէս ցանկալի) եւ ներկայի հնարաւորութիւնները հովին տալու ընթացքով, այդ մասին Հայաստան հասնող «պատգամներով»: Եւ այս մարդիկը երբեմն կը ցնդաբանեն «ռէալ փոլոթիք»ի մասին:

…Վաղը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքեան ափերուն, այս ցնդաբանութիւնները ուժեղ հակազդեցութիւն պիտի գտնեն եւ մարդիկ պիտի հասկցնեն դատարկաբանին, որ մեր ազգին մեծամասնութիւնը ապուշներէ չէ բաղկացած, այլ պիտի գտնէ կորուստներէն դուրս գալու եւ վերականգնելու ճի՛շդ ուղին: «Գաղափարական վերանորոգում»ը չի կրնար ազգին յանձնառութիւնը խորտակել ու նետել սնամէջ վէճերու մէջ:

Share