Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Օրուան 9-րդ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Phoenicia ճաշարանին մէջ, շուրջ 230 հիւրերու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Արք. Եպիսկոպոս Խաչերեանի ներկայացուցիչ՝ Արժանապատիւ Տէր Մովսէս Քահանայ Շաննագեան,
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ Եղբ. Մհեր Դաւիթեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան անդամներ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ Ընկ. Լեւոն Պարոնեան, Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Ռաֆֆի Գույումճեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան,Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ,
Քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ,
Նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Դոկտ. Եւ Տիկ. Մայք Եւ Եւելինա Սարեաններ, 2024ի Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական Եղբ. Արամ Պէքարեան,
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան Մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, մասնաճիւղերի վարչականներ, Խմբապետ-Խմբապետուհիներ, հիւրեր եւ բազմաթիւ անդամներ։
Ձեռնարկի բացումը սկսաւ դրօշակակիրների մուտքով, որին յաջորդեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգերը մեներգութեամբ՝ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղէն Քոյր Իվանա Գրիգորեանի, իսկ ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն՝ Քոյր Մեղեդի Փոլատեանը։
Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Փիէռ Մանուկեան, փոխանցեց օրուայ պատգամը՝ ողջունելով ներկաներին եւ շնորհաւորելով պարգեւատրեալները: Ապա յայտարարեգ, որ Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահը՝ Դոկտ. եւ Տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանները շարունակելով իրենց նիւթաբարոյական աջակցութիւնը սիրայօժար ստանձնած են ձեռնարկի հովանաւորութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ երեկոյին գլխաւոր բաժինը հանդիսացող Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշաններու յանձնումը, որ նախապէս առաջարկուած էր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կողմէ: Շքանշանները եւ հաստատագիրները յանձնեցին Շրջանային վարչութեան համապատասխան մասնաճիւղերու կապը հանդիսացող անդամները: Այսպէս, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն «Ծառայութեան» շքանշանը ստացան, 11 մասնաճիւղերու ծառայող հետեւեալ քոյր-եղբայրները, առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ նուիրաբերումին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ՝Եղբայր Ճերի Արմէն
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղ՝Քոյր Ժանէթ Տէմիրճեան Լիսդ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Եղբ. Արլեն Կորճեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փասատինայի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Շահէ Գաբրիէլեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Մոսիկ Գիզիրեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Յարութ Խոտանեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» Մասնաճիւղ՝ Քոյր Անգինէ Քէշիշեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սանթա Գլարա Հովիտի «Անի» Մասնաճիւղ՝ Քոյր Քրիսդին Արգուսեան Սարգիսեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Արա Կարապեդեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պըրպէնքի «Սիփան» Մասնաճիւղ՝ Եղբայր Անդրանիկ Ղազարեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» Մասնաճիւղ՝ Քոյր Նիրվանա Պալեան
Ընթրիքի դադարէն ետք, ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 2024 տարեշրջանի իրագործումները պատկերող տեսաերիզ մը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան անցնող տարեշրջանին մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն նկարները՝ մեծ յուզմունք յառաջացնելով ներկաներուն մօտ:
Այնուհետեւ, Շրջ. Վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վաստակաշատ պաշտօնեայ Եղբ. Արամ Անանեանը, առ ի երախտագիտութիւն եւ բարձր գնահատանք՝ երկար տարիներու իր նուիրեալ ծառայութեան եւ օրինակելի աշխատանքին:
Որմէ ետք, Շրջ. Վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աջակցութեան Յուշանուէրով պարգեւատրեց Միութեան հանդէպ աջակցութիւն ցուցաբերած կազմակերպութեան՝Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, որուն ատենապետը՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեանը բեմ հրաւիրուեցաւ ստանձնելու սոյն յուշանուէրը, առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք Խնամակալ Մարմինին սերտ եւ օրինակելի օժանդակութեան ու համագործակցութեան:
Ապա, Քոյր Սալբի Փօլատեանը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Հրաշք Բաժանմունքի ներկայացուցիչ, ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հրաշք Բաժանմունքի կամաւոր մարզիչ Եղբ. Ռաֆֆի Պօղոսեանի հեղինակած «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հրաշք Հերոսներ» գիրքը:
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Օրուան հանդիսաւոր պահուն, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ Եղբ. Մհեր Դաւիթեան ու Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Եղբ. Փիէռ Մանուկեան կատարեցին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ նուիրուած, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» Պատուանշանի տուչութիւնը երկար տարիներու վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական՝ Եղբ. Արիկ Գէորգեանին: Եղբայրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն է եւ ստանձնած է զանազան պատասխանատու պաշտօններ՝ սկաուտական, երիտասարդական, մշակութային, հանրային կապի ու վարչական մարզերէն ներս: Եղբայրը եղած է Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ մաս կազմած է Շրջանայինի զանազան յանձնախումբերու: Ինչպէս նաեւ բազմապիսի ծառայութիւններ մատուցած է զանազան միութիւններէ ներս, իր երաժշտական հմտութիւնը ի սպաս դրած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, յօրինած է երգեր, եղած է խմբավար, ուսուցիչ եւ արհեստավարժ մարզիչ:
Ձեռնարկի ընթացքին, Լոս Անճելըսի Լա Քրեսենթա Շրջանի Խորհուրդի անդամ՝ Եղբայր Հէրի Լիոնը Եղբայր Արիկ Գէորգեանին յանձնեց Լոս Անճելես Շրջանի Գնահատագիրը, իսկ Քոյր Պայծառ Թովմասեանը՝ Քալիֆորնիոյ Նահանգի Ծերակոյտի Հռչակագիրը՝ առ ի գնահատանք համայնքի գործերուն, իր նուիրած ծառայութեան եւ քաղաքացիական բազմաթիւ ներդրումներուն համար։
Հ.Մ.Ը.Մ-ի Կեդր. Վարչութեան խօսքը արտասանեց Եղբ. Վիգէն Աբէլեան. ան շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց մասնաճիւղերու պարգեւատրեալներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Շրջանային վարչութեան: Ան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի վասյտակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու մէջ եւ յատուկ հպարտանքով արտայայտուեցաւ անոնց աշխատանքներուն մասին։
Յատուկ գնահատանք եւ շնորհակալութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն իրենց գործակցութեան եւ այս ձեռնարկի յաջողութիւնը իրագործելուն համար։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուշ երեկոյեան՝ անգամ մը եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի անխախտ գոյութիւնը պահպանելու կամքը դրոշմելով մասնակիցներուն մօտ: