Հաղորդագրութիւն
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան 74-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ Շաբաթ եւ Կիրակի, 21 եւ 22 Հոկտեմբեր 2023, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի խումբերու պատգամաւորներուն։ Ժողովին ներկայ եղաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Երիտասարդականի մօտ ներկայացուցիչը, շրջաններու կոմիտէներուն եւ միութեանց ներկայացուցիչներն ու «Ազատ Օր»ը։
Ժողովը լուսարձակի տակ առաւ միութեան անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ համապարփակ կերպով քննութեան ենթարկեց տարուած աշխատանքներու տարողութիւնը, անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ մատնանշեց բոլոր այն կէտերը, որոնք յատկանշեցին որդեգրուած միամեայ ծրագիրներու արդիւնքը։
Իր երկրորդ բաժինով, ժողովը ծանրացաւ նոր տարեշրջանի գործունէութեան թիրախներու ճշդումին վրայ, յատուկ կարեւորութիւն տալով Միութեան կազմակերպչական հարցերուն, ժողովական կեանքի աշխուժացման, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական նոր ու բազմատեսակ ուղղութիւններու ձեւաւորման։
Մասնաւոր քննութեան նիւթ եղաւ յունահայ երիտասարդութեան ներգրաւման թիրախը, նպատակ ունենալով անոնց կազմաւորումը՝ Հայ դատի ու Արցախի հիմնախնդիրներուն մէջ աւելի գործուն դարձնելու առաջադրանքով։
Հայ դատը, ինչպէս նաեւ անոր հետ առնչուած արտաքին ու ներքին քարոզչական օրակարգերը լայնօրէն արծարծուեցան եւ համապատասխան որոշումներ կայացան, նկատի ունենալով նաեւ արդի հաղորդակցութեան միջոցները եւ անոնց արդինաւէտ կիրարկումը։
Հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական այն պահերուն, Արցախի հիմնախնդիրը, արցախահայութեան ներկայ իրավիճակը, Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմն ու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որ պատճառ դարձաւ Արցախի հայաթափման, հանդիսացան ժողովի օրակարգերու կիզակէտը։ Բոլոր պատգամաւորները իրենց վճռակամութիւնը յայտնեցին, պահանջատիրութեան առաւել թափով, հետամուտ դառնալ հիմնահարցի հետապնդման մեր ապրած քաղաքական, ընկերային, երիտասարդական եւ հասարակական միջավայրէն ներս։ Ժողովը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց արծուաբոյն Արցախի մարտնչող երիտասարդութեան՝ որ պայքարի աննկուն կամքով լուսաւոր օրինակը կը շարունակէ ըլլալ դաշնակցական երիտասարդութեան համար։
Աւարտին, ժողովը ընտրեց նոր Կեդրոնական վարչութիւն, բաղկացած հետեւեալ ընկերներէն՝ Արամ Պետրոսեան, Օննիկ Պետրոսեան, Քարէն Քաւլաքեան, Արմէն Չաքալեան, Վահրամ Մանկոյեան, Սերճիօ Մանկոյեան եւ Աննա-Մարիա Ալեքսանեան։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. միութեան
74-րդ Պատգամաւորական ժողովի դիւան