17 Նոյեմբեր, 2024 ին, երեկոյեան, Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան ակումբի ՄԵսճեան սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր հայորդիներով, որոնք եկած էին մասնակցելու յարգանքի եւ երախտագիտութեան հանդիսութեան նուիրուած՝ Վասպուրականի Հերոսամարտի ղեկավարներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 50 ամեակին։
Հանդէսը ընթացք առաւ ճիշդ յայտարարուած ժամին (ժամը 7-ին): Բացման խօսքը ըրաւ Իրաքահայ համայնքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Պարոյր Յակոբեանը, որը երեկոյի նպատակը յայտնելէ ետք, շատ համառօտ կերպով ներկայացուց Լեւոն փաշա Շաղոյեան որպէս Յեղափոխական մարտիկ, վասպուրականի ղեկավարներէն, փեսան դաշտի հերոսը, ապա իր խօսքը աւարտելով շեշտեց անհրաժեշտութիւնը նման հանդէսներ կազմակերպելը ի մասնաւորի այս ժամանակներուն, երբ մեր ազգն ու հայրենիքը կ՛ապրին յուսալքուած, դժուարին եւ պարտուած օրեր։ Լեւոն Փաշայի եւ անոր սերունդի յիշատակումը ու անոնց մեզի թողած պատգամը մտաբերելը մեզ ուժ կու տայ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ։ Ուստի կարիքը ունինք անոնց հաւատքը շարունակելու, կամքը ու պայքարելու ոգին օրինակելու։
Ապա, բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Սոնա Մատարեան։
Սոնա Մատարեան հայաշունչ ջերմութեամբ, խանդավառ շունչով եւ հմտութեամբ վարեց հանդէսը։
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան ատենադպիր Այտա Յովասափեանը ընթերցեց Իրաքահայ Թեմի ներկայի եւ անցեալի Առաջնորդներու ողջոյնի խօսքերը, որմէ ետք Վասպուրականի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ատենապետ Յակոբ Մկրտիչեանը միութեան ողջոյնի խօսքը փոխանցեց։
Մարալ Վարժապետեան, սիրուած եւ յարգուած ասմունքի վարպետ ուսուցչուհին իր հաղորդական ոճով ասմունքեց Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի» ն եւ Աւետիք Իսահակեանի « Ռազմակոչ» բանաստեղծութիւնները։
Օրուան բանախօսն էր Թամար Թիւֆէնքճեան, որ բծախնդրօրէն պատրաստած էր իր խօսքը, ան Լեւոն Փաշա Շաղոյեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ նկարագիրը հանգամանօրէն ներկայացուց։
Ի միջի այլոց ան ըսաւ․․․
Տիտան մըն էր Լեւոն Փաշան, ինչպէս մեր ազգին պանդէոնը կերտած հսկաները, որոնք աներեւակայելի ու անգնահատելի աշխատանք տարած են սահմանափակ պայմաններով եւ մէկ կեանքի ընթացքին։ Ու մենք միշտ ալ սքանչացումով դիտած ենք այդ սերունդին ԳՈՐԾԸ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդքան բան ընել մէկ կեանքի ժամանակամիջոցին: Այդպիսի գործերով է որ անոնք կերտած են մեր ազգին պանդէոնը եւ մենք պարտքը ունինք զիրենք բարձրացնելու իրենց արժանի պատուանդանին վրայ։
Լեւոն Փաշան, ինչպէս ժողովուրդը զինք պիտի կոչէր, անդրշիրիմեան անժամանցելի պատգամ մը կտակած է մեզի: Ան կը հաւատար, որ ազգային գործը կարելի է իրականացնել միայն հաւատքով, պայծառ տեսլականով եւ ազգային շահ հետապնդելու առաջադրանքով: Իր կեանքին ու ընդհանրապէս լուսարձակներէ հեռու իրականացուցած գործին ծանօթանալով՝ կը հասկնանք որ տագնապալի կամ խառնաշփոթ պահերուն անգամ, պէտք է ուղղուիլ ազգային կողմնացոյցով, որովհետեւ անոր սլաքը միշտ ցոյց պիտի տայ բարոյականութիւն եւ յաղթանակ:
Մարալ Վարժապետեան Վարանդ Աւանէսեան
Իրաքի հայ գաղութին մէջ, եզակի երեւոյթ մըն է Լեւոն Փաշան, որուն վայելած յարգանքն ու պատիւը շատ արդար եւ ուսուցանելի է։ Այսօր, երբ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը զինք կը պատուէ այս հանդիսութեամբ, իր մահուան յիսնամեակը նշելով, խորքին մէջ կը փառաբանենք անոր կեանքն ու գործը։
Լեւոն Փաշան իր մարտական եւ կուսակցական ղեկավարի կարողութիւններով փրկեց ամբողջ Վասպուսականի գաղթականներու կեանքը։ Մէկ անձի մը կարողութիւններուն եւ կամեցողութեան շնորհիւ կրցաւ ազգի մը կարեւոր հատուածը փրկել։ Սակայն այդ կարողութիւններուն կողքին, ունէր նաեւ քաղաքական եւ ռազմական բացառիկ գիտելիքներ, որոնք ամբարած էր մշտական ընթերցասիրութեան շնորհիւ, իսկ գործնականացուցած էր շատ կանուխ տարիքէն յեղափոխական կուսակցութեան շարքերէն ներս քաղաքականացած ազգին համար գործելով։ Քաղաքական-ռազմական գրականութիւնը եւ մամուլը իր ընթերցանութեան առանցքը կը կազմէին եւ հոն մատուցուած արժէքաւոր տեղեկութիւնները իւրացնելուվ ի գործ կը դնէր, առանց անոնց մասին յոխորտալու կամ գրելու:
Եզրակացութիւն. Այսօր մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է մեր ապրած եւ վայելած յարմարաւէտ պայմաններուն մէջ լաւագոյն ձեւով հայ ապրելու ճիշդ բանաձեւը գտնել։ Եթէ նախորդ սերունդները ամենէն աննպաստ ու ծանր պայմաններուն տակ կրցան մեզի հայ կեանք կտակել, ուրեմն մենք ապագայ սերունդին աւելի պայծառ ու խոստմնալից հայ ապագայ կտակելու պարտաւորութիւնը ունինք։
Ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ երգիչ Վարանդ Աւանէսեանը,որ մի քանի հայաշունչ ազգային երգերով մեծ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց։
Ցուցադրուեցաւ կարգ մը լուսանկարներ Լեւոն Փաշայի հին ու նոր օրերէն, իր զինակից եւ գաղաբարակից ընկերներուն հետ առնուած։
Հանդէսը փակեց Սոնա Մատարեան իր ազգաշունչ խօսքերով, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան։
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը յաջող երեկոյ մը արձանագրեց։
Թղթակից