ԼԵՄ-ի 50-Ամեակի առիթով
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը բոլոր ուղղութիւններով ահաւասիկ 50 տարիէ ի վեր չէ լքած առաջնագիծը: Առաջնագիծը միայն պատերազմի եւ զինուորական ընդհարումներու կամ ինքնապաշտպանութեան առումներով պէտք չէ ընկալել: Անիկա կազմակերպուածութեան կը վերաբերի նաեւ, կարգապահութեան ինչու չէ, գաղափարականութեան եւ նուիրուածութեան, կոչումի եւ զոհաբերութեան, քննարկումի, գիտութեան, զարգացումի, եւ մանաւանդ` ծառայութեան:
Ինչո՛ւ պէտք է շեշտել այս ամբողջականութիւնը եւ տեսնել հաւասարակշռութեան բանաձեւը: Որովհետեւ ԼԵՄ-ի ծնունդը համընկնեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին: Դաստիարակչական միաւորներու համակուսակցական ցանցին իբրեւ մէկ մասնիկը, ԼԵՄ-ը այլ երկիրներու մէջ ծնունդ առնող երիտասարդական միաւորներուն նման, կոչուած էր դառնալու կուսակցական մարդուժի պատրաստութեան հնոց մը: Հնոցներէն մէկը:
ԼԵՄ-ը սակայն առանձնացաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ հազիւ ծնած, գաղափարական դաստիարակութեան առընթեր նետուեցաւ գործադաշտ: Գործո՛վ, անձնական նուիրաբերումի ամէնէն ազնիւ օրինակներով առարկայացուց դասախօսութիւններու ճամբով իրեն փոխանցուածը:
Շատ նուրբ, զգայուն ու վտանգաւոր պահ էր այս մեկնարկը: Գաղափարական ենթահողը աւելի քան անհրաժեշտ էր չներգրաւուելու համար փորձութեան դաշտ: Զինեալ երեւոյթը համատարած էր, եւ լիբանանեան հասարակութեան տարբեր խաւերը զէնքով կը լուծէին իրենց անձնական, նիւթական կամ խմբակային շահերը: Զէնքը միջոց էր հարստահարման, վրէժխնդրութեան, շահակցական յարաբերութիւններու վրայ հաշուեյարդարի, տիրոյթներ ձեւաւորելու եւ այդ տիրոյթներու վրայ հասարակութեան բռնանալու, այլ խօսքով` զէնքով հարցեր լուծելու:
Գաղափարական պատրաստութեան տէր ԼԵՄ-ականն էր, որ զէնքին տիրելով այդ միջոցը օգտագործեց միայն ինքնապաշտպանութեան համար: ԼԵՄ-ականը սորվեցաւ Դաշնակցութենէն, որ զէնքը միայն պիտի ուղղել թշնամիին դէմ. անոր, որ կը սպառնար իր ժողովուրդի անվտանգութեան, որ ոտնձգութիւն կը կազմակերպէր լիբանանահայութեան դէմ եւ կը սպառնար թափանցել հայկական թաղամաս` խանգարելու համար անդորրը եւ կը բռնանար ժողովուրդին:
Գրեթէ նոյն տարիներուն Դաշնակցութիւնը կը հնչեցնէր յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կոչը: Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայոց պատմական իրաւունքներու դէմ հիւսուած լռութեան պատը քանդելու առաջադրանք կար: Այդ առաջադրանքի իրականացման ճանապարհին բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց լաւագոյն տարիները անցուցին բանտային խուցերու եւ մեկուսարաններու մէջ: Ուրիշներու արիւնը հոսեցաւ տարբեր երկիրներու պողոտաներուն վրայ: Այլ հերոսներ անձնասպանական գործողութեամբ քանդեցին լռութեան պատին ամէնէն հաստ աղիւսները:
Գաղտնիք չեն` տարիներով արգելափակուածներու, նահատակուածներու ու անձնասպանական արարքներով ինքնամոխրացումով յաւերժացածներու ազգային-միութենական կազմաւորման միջավայրերը: Անոնք բոլո՛րը դաստիարակութիւն ստացած էին ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ: Եւ պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն այլոց, անոնց հարուածները դիպուկ ու թիրախային էին եւ ուղղուած բացառապէս թրքական պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն: Մինչ ուրիշներ, որոնք չունէին գաղափարական դաստիարակութիւն, կը խլէին անմեղ զոհեր, կը հարուածէին ոչ թուրք թիրախներ:
Գաղափարական ա՛յդ դաստիարակութիւնն էր, որ քաղաքական դատավարութիւնները կը վերածէր Հայ դատի քարոզչաբեմի, կը հիմնաւորէր պայքարին արդարացիութիւնը, ճանչնալ կու տար Ցեղասպանութիւնը եւ կը բարձրաձայնէր հայոց պատմական իրաւունքներուն մասին:
Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ միացեալ Հայաստանի կերտման առաջին փուլին` Արցախի ազատամարտի սկզբնաւորութեան առաջնագիծ նետեց ԼԵՄ-ականներ, որոնք մասնակցութիւն բերին ազատագրումին: Որոնք չկրակեցին անզէն բնակչութեան վրայ, չթալանեցին, չքանդեցին: Այդ դաստիարակութիւնն էր, որ անոնց զէնքը ձիգ պահեց բացառապէս դէպի թշնամին, դէպի բռնագրաւողը:
Նոյն դաստիարակութիւնն էր, որ պայքարի նպատակ դարձուց թէ՛ պահել Արագածը եւ թէ՛ ազատագրել Արարատը: Որ գուրգուրաց հանրապետութեան զինանշանին վրայ պատկերուած ամէն մէկ պատկերին վրայ, հայոց պատմական իւրաքանչիւր թագաւորութենէն մինչեւ մեր պահանջատիրութեան արարատեան խորհրդանիշը` միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի վէմը: Որ ներկայ Հայաստանը միացեալ Հայաստանի կռուանը նկատելով առաջադրեց ամբողջական Հայաստանի կերտումը:
Ազրպէյճանն ու Թուրքիան մնայուն կը խօսին ծայրայեղ սփիւռքի մասին, որ կը խանգարէ իրենց ծրագիրները: Անոնց լրատուամիջոցները առիթ չեն փախցներ ցուցադրելու ԼԵՄ-ի կազմակերպած բողոքի գործողութիւնները թրքական թէ ազրպէյճանական դեսպանատուներուն առջեւ: Թշնամիին մամուլը զանազան առիթներով կը հրապարակէ Թուրքիոյ ցեղասպանական դիմագիծը բացայայտող ԼԵՄ-ի ցուցական արարքներուն մասին անհիմն մեղադրանքներ: Թուրքիոյ լրատուական օրինակներուն կը հետեւի ազրպէյճանական լրատուադաշտը: Անոնք բոլորը կը թիրախաւորեն «խաղաղութեան ծրագիրի խանգարիչներ»-ը:
Սփիւռքի կեդրոնական գաղութի ֆիզիքական պաշտպանութեան իրականացումով համասփիւռքեան դերակատարութեան շարունակութեան նպաստած, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումին ընդառաջումով միջազգային ընտանիքի լռութեան պատի քանդումին մասնակցութիւն բերած, Խորհրդային Միութենէն Արցախի անջատման քաղաքական առաջադրանքի ազատագրման գործողութիւններուն համար ռազմաճակատ փութացած եւ Անգարայի ու Պաքուի ճշդած խաղաղութեան ծրագիրները «խանգարող» ԼԵՄ-ը ահաւասիկ 50-ամեակէ մը ի վեր դերակատար է համայնքային, համասփիւռքեան, ինչու չէ նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ արձանագրուող իրադարձութիւններուն մէջ:
Դերակատարութեան այս շղթան պիտի շարունակուի անպայմա՛ն: Դաշնակցութեան երիտասարդական եզակի այս միաւորը գաղափարական լիցք վաստակած է ոչ միայն խրամատը չլքելու, այլ նաեւ առաջնագիծը չզիջելու ոչ ոքի:
Եւ եթէ ամբողջ 50-ամեակ մը ա՛յս եղաւ ԼԵՄ-ի ուղեգիծն ու գործունէութեան հետագիծը, ապա պատճառ չկայ մտածելու, որ նոյն սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարականութիւնը պիտի շարունակեն անսասան պահել հերոսածին այս կազմակերպութեան տաճարի սիւները:
Ուրեմն` այո՛, հաստատ քայլերով դէպի երկրորդ 50-ամեակ: