ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ – Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերն ու Փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին՝ շնորհիւ Նաւասարդեան 48րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Եղբ. Ճան եւ Քոյր Սինթիա Անտոնեաններուն, կրկին ոգեւորելու համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդներն ու անդամները: Տէր եւ տիկին Ճան եւ Սինթիա Անտոնեանները գոհունակ սրտով յանձն առին սոյն հովանաւորութիւնը,ի նշան իրենց անխախտ նուիրումին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութեան եւ անոր բարձրարժէք սկզբունքներուն՝ թէ՛ շրջանի եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակի վրայ։
«Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեր երակներուն մէջ կը հոսի՝ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով», կը շեշտեն Անտոնեանները՝ ընդգծելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խոր ազդեցութիւնը հայութեան կեանքին մէջ։ Քոյր Սինթիա կը յիշէ իր հօր՝ Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ հիսուն տարի շարունակ կատարած նուիրեալ ծառայութիւնը, մինչ Եղբ. Ճան իր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ուղին սկսած է Հալէպի մէջ որպէս սկաուտ՝ նախքան ընտանիքին հետ 1970-ական թուականներուն Հոլիվուտ հաստատուիլը։ Այս նուիրեալ ժառանգութիւնը կը շարունակուի նաեւ «Գէորգ Անտոնեան» սրահի միջոցով, որ կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնին մէջ եւ անուանուած է Եղբ. Ճանի հանգուցեալ հօր ի պատիւ։ Հետաքրքրական է, որ Եղբ. Ճան Անտոնեանը ընտանիքին երրորդ զաւակն է, որ կը ստանձնէ Նաւասարդեան Խաղերու Պատուոյ Նախագահի տիտղոսը։
ՔոյրՍինթիա յատկապէս կը շեշտէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բացառիկ ներուժը. «Ընկերային միջավայրն ու պատկանելութեան զգացումն է»։ Այս արժէքը կերտած է ամուր բարեկամութիւններ եւ ստեղծած ապահով մթնոլորտ՝ երիտասարդութեան եւ ընտանիքներուն համար։ Երբ Անտոնեան ընտանիքը իր արմատները հաստատեց Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Տիէկօ, ականատես եղաւ, թէ ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կը միաւորէ տեղական հայկական համայնքը եւ կը նպաստէ անոր զօրացման։
«Բարձրացի՛ր եւ Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը միշտ ալ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջնորդող սկզբունքը, որուն մասին Եղբ. Ճան կը նշէ. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութիւնը այն է, որ մենք իրար աջակցելով բարձրացնենք զիրար, որպէսզի իւրաքանչիւր անհատ յաջողի եւ իր ներդրումը բերէ համայնքին մէջ»։
1975-էն ի վեր Նաւասարդեան Խաղերը դարձած են Քալիֆորնիոյ հայկական համայնքի ամենամեծ մարզական իրադարձութիւնը, հիւրընկալելով 3,200 մարզիկ, 1,100 սկաուտ եւ 35,000 հանդիսատես։ Այս աշխոյժ եւ կենսունակ համախմբումը կենդանի ապացոյցն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան, որ նպատակ ունի զարգացնելու եւ խրախուսելու ֆիզիքական, բարոյական եւ ընկերային դաստիարակութիւնը։
«Մենք մեր զաւակները տարիներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարբեր ձեռնարկներու կը տանէինք, եւ այդ փորձառութիւնները անոնց առիթ տուին ստեղծելու բարեկամութիւններ, որոնք տեւեցին չորս տասնամեակէն աւելի», կը շեշտէ Քոյր Սինթիան՝ ընդգծելով կազմակերպութեան բազմաթիւ սերունդներու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը եւ անոր դերը որպէս ապահով վայր՝ բոլորին համար։
Անտոնեանները իրենց բարձր գնահատանքը կը յայտնեն նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Հրաշք» ծրագրին, որ ուղղուած է յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներուն։ Եղբ. Ճան ներկայ եղած է «Հրաշք» բաժանմունքի փորձին ու ականատես եղած է, թէ ինչպէս շուրջ 60 երեխաներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տաղանդներով օժտուած է, կը միանան մարզական յատուկ մթնոլորտի մէջ՝ ստեղծելով անմոռանալի պահեր։ Ան շեշտեց ծնողներու ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը այս ծրագիրի յաջողութեան մէջ, ինչպես նաեւ միասնութեան եւ դիմադրողականութեան զարգացումը Հ.Մ.Ը.Մ.-էն ներս։
Որպէս Պատուոյ Նախագահներ՝ Անտոնեանները կը տեսնեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պայծառ ապագան՝ յատկապէս սկաուտական ծրագիրներու ընդլայնման, մարզական զարգացման եւ համայնքային ներգրաւածութեան ամրապնդման ճամբով։ Անոնք համոզուած են, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արժէքները պէտք է պահպանուին, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները եւս գտնեն իրենց տեղը կազմակերպութեան մէջ եւ դառնան մեր համայնքի ղեկավարները։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան 48-րդ Մարզախաղեր որ պիտի եզրափակուին Յուլիս 4 շաբաթավերջին ոգեւորիչ մրցումներով, մեծ փառատօնով, աշխարհահռչակ երաժշտական կատարումներով և տպաւորիչ յաղթանակի տողանցքով, մարզական մրցումներ, աշխոյժ փառատօն աշխարհահռչակ երաժշտական կատարումներով եւ տպաւորիչ փակման արարողութիւն, միասնաբար տօնելու մեր մարզիկներուն եւ սկաուներուն արձանագրած յաղթանակներն ու նուաճումները եւ վայելելու գեղարուեստական ճոխ մթնոլորտը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր «Բարձրացիր եւ Բարձրացուր» նշանաբանով կը ներշնչէ իր անդամները՝ ձգտելու անհատական եւ հաւաքական գերազանցութեան։ Նաւասարդեան մարզախաղերը դարձած է այն ուր երիտասարդները ոչ միայն առողջ մրցակցութեան մէջ կ՛ընդգրկուին, այլ նաեւ կը ստեղծեն սերտ բարեկամութիւններ եւ կը խորացնեն իրենց կապը իրենց ժառանգութեան հետ։
Միացէ՛ք մեզի Յունիս 28-ին Century Plaza պանդոկին մէջ կայանալիք Նաւասարդեան 48-րդ Յաղթանակի պարահանդէսին, ինչպէս նաեւ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն ու Փառատօնին՝ Յուլիս 3-6, Birmingham High School-ի շրջափակէն ներս, ուր միասնաբար պիտի պատուենք Եղբ. Ճան եւ Քոյր Սինթիա Անտոնեանները եւ տօնենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի յարատեւ ժառանգութիւնը։ Միասին բարձրանանք ու բարձրացնե՛նք զիրար։