ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանի 47-րդ Ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 20-22 Հոկտեմբեր 2023-ի շաբաթավերջին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնէն ներս: Բացման ներկայ էին՝ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հոգեշնորհ Հայր Վարդան Վրդ. Թաշճեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Վահէ Թանաշեան, ՀՅԴ Գանատայի «Արարատեան» Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սարգիս Քէօսէեան, ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարալ Միսիրեան, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Թալին Գըլըպոզեան եւ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի Ընդհանուր Վարիչ մարմնի ներկայացուցիչ Ցոլեր Մկրտիչեան: Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի նախկին Կեդրոնական վարչութեան անդամն ու նախկին Շրջանային վարչութեան ատենապետներ: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Գանատայի 5 մասնաճիւղերը՝ Թորոնթոյի, Մոնթրէալի, Գեմպրիճի, Լաւալի եւ Սենթ Գաթրինզի նաեւ Համիլթընի միաւորը: Լիազօր ձայնով մասնակցողներուն թիւն էր 44:
Բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ երեկոյեան, ՀՄԸՄ Գանատայի 2022-2023 տարեշրջանի ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Արպի Ղազարեանին կողմէ, ապա, մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն եւ հայ ազգի բոլոր նահատակներուն, որմէ ետք ընտրուեցաւ ժողովին դիւանը, երկու ատենապետներ՝ եղբ. Սամսոն Քահքէճեան եւ եղբ. Վահան Չալիքեան, երկու ատենադպիրներ՝ եղբ. Րաֆֆի Թաշճեան եւ քոյր Շողիկ Ազարիկեան: Խօսք առաւ Հոգշ. Հայր Վարդան Վրդ. Թաշճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ականներուն Թորոնթոյի գաղութէն ներս եւ հեզասահ ընթացք մաղթեց ժողովին:
Ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ Գանատայի Շրջանային խորհուրդի եւ մարզական յանձնախումբի տեղեկագիրները: Եղան լուսաբանական հարցումներ, կատարուեցաւ ըստ էութեան համապարփակ քննարկում եւ համապատասխա գնահատական: Երեք օրերու ընթացքին, քննարկուեցան սկաուտական, մարզական եւ կազմակերպչական նիւթեր ու մտահոգութիւններ, առաջարկուեցան բարելաւման առաջարկներ, որոնցմէ որդեգրուեցան շինիչ բանաձեւեր: Ժողովին ընթացքին առանձնայատուկ նիւթ դարձաւ արցախահայութեան եւ մանաւանդ Արցախէն տեղահանուած ՀՄԸՄ-ականներու ներկայ իրավիճակն ու անոնց ապրած ծանր պայմանները, որոնք կը ներկայանան մերօրեայ ամենամեծ մտահոգութիւններն ու առաջնահերթութիւնը: ՀՄԸՄ Գանատայի մասնաճիւղերէն եւ ժողովի մասնակիցներէն գումար մը հանգանակուեցաւ նորաստեղծ ՀՄԸՄ-«Արցախ Ֆոնտ»ին:
Ներկայացուցչական ժողովը իր աշխատանքներուն աւարտին ընտրեց 2023-2025 տարեշրջանի ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան նոր կազմը, հետեւեալ պատկերով.
Եղբ. Մանուէլ Քէօսէեան
Եղբ. Ասատուր Երեմեան
Եղբ. Լեւոն Իսքէնտէրեան
Եղբ. Անդօ Պոյաճեան
Եղբ. Յարութ Պետրոսեան
Եղբ. Սամսոն Քահքէճեան
Եղբ. Վահէ Թաշճեան
Ժողովը աւարտեցաւ, Կեդրոնական վարչութեան, Կեդրոնական կոմիտէի, հիւրերու եւ մասնակիցներու սրտի խօսքերով: Անոնք բոլորն ալ շնորհաւորեցին ընթացաւարտ եւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները:
Փակումը կատարուեցաւ Կիրակի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» օրհներգով:
horizonweekly.ca