Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Հայերը կրկին աջակցութեան խօսքեր լսեցին միջազգային հանրութեան կողմէ․ այս անգամ՝ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդէն։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ քննարկումը ծառայեց համաշխարհային հանրային կարծիքի վրայ ազդելուն եւ արցախեան հիմնահարցի միջազգայնացման՝ ատով իսկ ճնշում գործադրելով Ատրպէյճանի վրայ՝ թոյլատրելու 120 հազար արցախահայերու սննդամթերքի, բժշկական օգնութեան հասանելիութիւնը եւ Լաչինի միջանցքով Հայաստան մեկնիլը։
Ահա հատուածներ 20 Դեկտեմբեր 2022-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր 15 անդամներու երկու ժամ տեւած ելոյթներէն.
Առաջին բանախօսը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի օգնական Միրոսլաւենչան էր։ Ան յայտարարեց, որ «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ներկայացուցած են իրավիճակի շատ տարբեր մեկնաբանութիւններ եւ միմեանց մեղադրած՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը խախտելու մէջ»։
Ֆրանսայի փոխ ներկայացուցիչ Նաթալի Էսթիւալ-Պրոտհըրսթ խիստ յայտարարութիւն ըրաւ՝ ըսելով, որ «Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ միջանցքով ազատ տեղաշարժի սահմանափակումները անընդունելի են։ Լաչինի միջանցքի արգելափակման ուղղակի հետեւանքը ԼՂ բնակչութեան մեկուսացումն է։ Անիկա ունի մարդասիրական հետեւանքներ, որոնք օր առ օր աւելի կը վատթարանան։ Ֆրանսա կոչ կ՛ընէ՝ անվերապահօրէն վերականգնել միջանցքի երկայնքով երթեւեկութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղ մատակարարումները՝ յարգելով տեղւոյն բնակչութեան իրաւունքները…: Ֆրանսա նաեւ նշեց, որ ինչպէս Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը ստանձնած է՝ պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ մարդոց, երթեւեկութեան միջոցներու եւ ապրանքներու փոխադրութեան ապահովութիւնը՝ Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով»։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչ Մոհամետ Իսա Ապուշահապ երկու կողմերը յորդորեց՝ «տարաձայնութիւնները լուծել խաղաղ եւ դիւանագիտական միջոցներով»:
Ալպանիոյ ներկայացուցիչ Ֆերիթ Հոճա նշեց «միջանցքի երկայնքով տեղաշարժի ազատութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւորութիւնը»:
Չինաստանի ներկայացուցիչ Կենկ Շուանկ յայտարարեց, որ «Լաչինի միջանցքի շուրջ վէճերը պետք է լուծուին երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով»։
Միացեալ Նահանգներու այլընտրանքային ներկայացուցիչ Ռապըրթ Ա. Ուուտ խստօրէն կոչ ըրաւ «Ատրպէյճանի կառավարութեան եւ միւսներուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար, կարելի եղածին չափ շուտ վերականգնել ազատ տեղաշարժը, յատկապէս մարդասիրական եւ առեւտրական նպատակներով…: Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան համար անհրաժեշտ ծառայութիւնները դադրեցնելու որեւէ փորձ անընդունելի է»։
Դաշնակցային Ռուսիոյ ներկայացուցիչի տեղակալ Աննա Մ. Եւսթիկնիւա յայտարարեց, որ «Միջանցքը կ՛ապահովէ կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ»: Ան խոստովանեցաւ, որ «ատիկա կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ, որ կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան երաշխաւորը եւ արդիւնաւէտ կերպով կ՛իրականացնէ իր նպատակները»։ Ան խոստացաւ, որ «ամէնէն մօտիկ ապագային» կը վերականգնի միջանցքով երթեւեկութեան լիարժէք հաղորդակցութիւնը։
Միացեալ Թագաւորութեան փոխ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Քարիուքի խստօրէն կոչ ըրաւ «անյապաղ վերաբանալ միջանցքը։ Լաչինի միջանցքը միակ միջոցն է, որով կարելի է տարածաշրջան հասցնել ամէնօրեայ անհրաժեշտութեան իրերը։ Աւելի քան մէկ շաբաթով միջանցքի փակումը մարդասիրական ծանր հետեւանքներու հաւանականութիւնը կը մեծցնէ, յատկապէս ձմեռը: Մենք նաեւ մտահոգութեամբ կը նշենք շրջափակման հետեւանքով արգելափակուած խաղաղ բնակիչներու վիճակը եւ կոչ կ՛ընենք հրատապ առաջնահերթութիւն տալ անոնց անարգել վերադարձին»:
Պրազիլիոյ ներկայացուցիչ Ռոնալտօ Քոսթա Ֆիլու իր լուրջ մտահոգութիւնը յայտնեց այն մասին, որ «որեւէ խոչընդոտ կը վտանգէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին բարեկեցութիւնը»։
Քենիոյ ներկայացուցիչ Ճէյն Ճեփքորիր Թորոթիչ մտահոգութիւն յայտնեց «Լաչինի միջանցքի երկայնքով շարունակուող շրջափակման կապակցութեամբ»։ Ան երկու կողմերուն կոչ ըրաւ «թուլցնել ներկայ լարուածութիւնը եւ համագործակցիլ, միջանցքի երկայնքով տեղաշարժի ազատութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար»:
Մեքսիքոյի ներկայացուցիչ Խուան Կոմեզ Ռոպլետօ Վերտուզքօ յայտարարեց, որ իր երկիրը «մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքի իրավիճակին կապուած լարուածութեան եւ երթեւեկութեան արգելափակումներու մարդասիրական հնարաւոր հետեւանքներուն»:
Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Մոնա Ճուլ յայտարարեց, որ «Միջանցքի արգելափակումը արդէն իսկ ունեցած է մարդասիրական ծանր հետեւանքներ։ Բժշկական իրերու հայթայթումն ու առողջական ծանր վիճակ ունեցողներուն դուրս բերումը ընդհատուած են։ Հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու մատակարարման մէջ որեւէ խախտում, առաջին հերթին կը վնասէ աւելի խոցելի վիճակ պարզող խումբերուն: Ասկէ կարելի է եւ պէ՛տք է խուսափիլ»։
Կանայի ներկայացուցիչ Խալիլա Հեքմեն ընդգծեց «քաղաքացիական բնակչութեան մարդասիրական շահերուն առաջնահերթութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։ Լաչինի միջանցքի որեւէ իրական կամ ենթադրեալ արգելափակում, պէտք է լուծուի հրատապ կարգով՝ ապահովելու համար բոլոր մարդերուն ընդհատուած եւ անվտանգ տեղաշարժը»։
Իրլանտայի փոխ ներկայացուցիչ Մարթին Կելեկըր զգուշացուց, որ «առանց մարդոց, ապրանքներու, սնունդի ու բժշկական պարագաներու ազատ տեղաշարժին՝ այս կենսական միջանցքով, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, անկասկած, այս ձմեռ կը բախի մարդասիրական ճգնաժամի։ Իբրեւ Խորհուրդ՝ մենք պէտք է ամէն բան ընենք, որ խուսափինք նման իրավիճակի ստեղծումէ եւ կանխենք մարդու ձեռքով յառաջացած այլ աղէտի մը յառաջացումը: Ուստի, Իրլանտա կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերականգնել Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու ապահովութիւնը…: Իրլանտա կ՛աջակցի հակամարտութեան բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծման, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի երկարաժամկէտ կարգավիճակի վերաբերեալ»:
Կապոնի ներկայացուցիչ Էտուիճ Քումպայ Միսամպօ մտահոգութիւն յայտնեց «Լաչինի միջանցքի փակման կապակցութեամբ, որ կրնայ յանգեցնել մարդասիրական ճգնաժամի։ Միջանցքով տեղաշարժուելու իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ»։
Հնդկաստանի փոխ ներկայացուցիչ Ռաւինտրա Ռակութահալի յայտարարեց. «Լաչինի միջանցքի շրջափակման վերաբերեալ հաղորդագրութիւնները կը վկայեն բացասական հետեւանքներուն մասին, Լեռնային Ղարաբաղի առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու՝ սննդամթերքի եւ դեղորայքի մատակարարման վրայ: Այս մէկը խոր մտահոգութեան առարկայ է եւ ունի մարդասիրական ճգնաժամ յառաջացնելու հաւանականութիւն»:
Հայաստանի ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան զգուշացուց, որ շրջափակումը «Ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ կիրառուող համակարգուած բռնութեան հերթական ցուցադրութիւնն է՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ցեղային զտումներու ենթարկելու համար»։ Ան կոչ ըրաւ ՄԱԿ-ին, որ «պատժամիջոցներ» կիրարկէ Ատրպէյճանի դէմ։
Եզրափակիչ բանախօսը Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Եաշար Թ. Ալիեւն էր։ Ան կրկնեց Ատրպէյճանի կառավարութեան սովորական սուտերը՝ հերքելով, որ Լաչինի միջանցքը արգելափակուած է։
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան