Պաքու Ապօրինաբար Կալանքի Տակ Պահուող 15 Արցախցի Կը Մեղադրէ Քրէական Գործի 2548 Կէտով

Պաքու Ապօրինաբար Կալանքի Տակ Պահուող 15 Արցախցի Կը Մեղադրէ Քրէական Գործի 2548 Կէտով

Պաքուի մէջ ապօրինաբար կալանքի տակ պահուող 15 անձ կը մեղադրուի «զինուորական յանցագործութիւններ»-ու վերաբերեալ գործի 2548 կէտով: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Խօսքը կը վերաբերի բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի, Դաւիթ Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ Գարիկ Մարտիրոսեանի, Մելիքսէթ Փաշայեանի, Դաւիթ Ալավերտեանի, Գուրգէն Ստեփանեանի, Լեւոն Բալայեանի, Մատաթ Բաբայեանի, Վասիլի Բեգլարեանի եւ Էրիք Ղազարեանի:

Քրէական գործով մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատուած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազին կողմէ 16 դեկտեմբեր 2024-ին եւ ուղարկուած Պաքուի զինուորական դատարան` հետագայ քննարկման համար:

Share