«Շնորհիւ գաղափարական բարոյական կեդրոնացման, Դաշնակցութիւնը կը մնայ կուռ կազմակերպ կուսակցութիւն»։
Տիգրան Ճիպաշեան
Շաբաթ 9 Դեկտեմբեր, 2023-ին տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 133-ամեակին նուիրուած դասախօսութիւն, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ Պ. Մարմնի ներկայացուցիչին, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչին, միութիւններու ներկայացուցիչներու, ընկերական կազմի ընկերներու եւ ազգայիններու։
Տօնախմբութիւնը սկսաւ ներկաներուն մէկ վայրեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք հնչեց ՀՅԴ քայլերգը։
Յանուն «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Անտրեան, դիտել տալով, թէ հայ ժողովուրդի դժնդակ պատմութեան մթագնած երկնակամարին վրայ 1890 թուականը եղաւ լուսաշող ու պայծառ թուական մը. «Հայ ժողովուրդի երկունքէն եւ տառապանքէն ծնունդ առած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, անտէր ու անտիրական հայութեան Տէր դարձաւ, անոր արիւնաքամ ու կոտտացող վէրքերուն սպեղանի, ազատ ու անկախ ապրելու տենչերուն մղիչ ուժը»:
Այնուհետեւ, Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց բանախօսին` Ընկ.Տիգրան Ճինպաշեանին կենսագրականը, ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու օրուան խորհուրդն ու պատգամը։
Ընկ.Ճիմպաշեան լուսարձակի տակ բերաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման նպատակն ու տարած 133-ամեայ ազգանուէր ծառայութիւնը ի սպաս հայ ազգին ու հայրենիքին։
Ան շեշտը դրաւ 133 տարին թեւակոխած, այս փոփոխական աշխարհին մէջ պատերազմներու եւ քաղաքական վերիվայրումներու թոհուփոհին մէջէն անցած այս կազմակերպութեան երկարակեցութեան գաղտնիքին, դիտել տալով, թէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ կը գործէ փորձելով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, ճիգերու համախմբումով. «Ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ պատասխանատուութիւնը կը պատաւորեցնէ, ստեղծուած նոր ու աննախընթաց կացութեանց դէմ, ազգային, թէ ընդիմադիր բոլոր կուսակցութիւններուն ճիգերը հարկ է միաւորուին ի խնդիր Արցախի ու Հայաստանի փրկութեան»։
Ան խօսքը եզրափակելով հաստատեց, թէ Հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայութեան համար դաշնակցութեան կատարած աշխատանքին համար, Մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը տէր կանգնելու բովանդակ հայութեան, բովանդակ պահանջներուն ու շահին։
Տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն ։
Ներկաները վերանորոգ ուխտով ու տոգորուն գաղափարներով լիցքաւորուած բաժնուեցան սրահէն։