Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի պատգամը. համախմբուիլ` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի պատգամը. համախմբուիլ` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան

Տագնապալից պայմաններու մէջ կ՛ողջունենք Նոր տարին: Յուսահատութեամբ ու անորոշութեամբ լեցուն է հայ կեանքը: Ահաւոր վտանգներով շրջապատուած են Հայաստանն ու Արցախը:

Իրատես հայեացքով դիտենք հայ կեանքը: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Հայաստանը դարձեալ դարձած է կռուախնձոր մեծ ուժերու միջեւ: Թշնամին պաշարումի ենթարկած է Արցախը: Ան կը գտնուի նաեւ ինքնիշխան Հայաստանի սահմաններէն ներս` վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը: Նոյն թշնամին կը սպառնայ նման կացութիւններ ստեղծել որեւէ ժամանակ` անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու մարդասիրական սկզբունքները: Եւ աւելի՛ն, Հայաստանը կը մնայ միշտ ենթակայ աշխարհաքաղաքական շահերու բախումին, ինչպէս նաեւ ռազմական միջոցներով քաղաքական շահեր հետապնդելու ճնշումներու:

Փաստօրէն չունինք իրաւ բարեկամներ: Առանձին ենք: Չունինք ազգային ռազմավարութիւն: Չունինք միացեալ ճակատ` ազգին տագնապները միա՛սնաբար դիմագրաւելու: Միայն զիրար կ՛ամբաստանենք ու կը մեղադրենք: Յաղթական Արցախը կորսնցուցած է իր ազատագրեալ հողերուն մեծ մասն ու կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր: Հայաստանը եւս ենթակայ է կորսնցնելու իր գերիշխանութիւնը:

Այս անել կացութեան դիմաց ի՞նչ ընել, որո՞ւ վստահիլ: Պատասխանը յստակ է` մեր դարաւոր պատմութեան հարուստ փորձառութեամբ հաստատուած ու մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով թրծուած.- վստահիլ մեր սեփական ուժին: Հո՛ս է մեր հզօրութեան կռուանը, մեր փրկութեան միակ ճամբան: Այլ ընտրանք չունինք:

5-րդ դարուն, մեր պատմութեան ճակատագրական մէկ փուլին, մեր պատմահայրը` Մովսէս Խորենացին դարերէն եկող ու դարերուն գացող յիշեցում մը կատարեց ուղղուած մեր ազգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանը շրջապատող կայսրութիւններուն, յայտարարելով` թէեւ փոքր ազգ ենք, սակայն «արութեան գործեր»-ով լեցուն է մեր կեանքը: Արդարեւ, մեր ազգը «արութեան գործեր»-ով, այլ խօսքով` խոր հաւատքով եւ ազգին ու հայրենիքին համար արիւն թափելու ամուր վճռականութեամբ հզօրացած հայրենիք կերտեց ու պաշտպանեց` հակառակ պարտադրուած բաժանումներուն, հալածանքներուն ու ցեղասպանութեան: Վկա՛յ մեր դարաւոր պատմութիւնը:

Հետեւաբար, արթննա՛նք այլեւս ժողովուրդ հայոց, պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողը եւս կրնայ մեր ձեռքէն երթալ:

Ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, առաւել քան երբեք, հրամայական է ու անմիջական` համահայկական իտէալներու ու գերագոյն արժէքներու շուրջ մեր ազգին համախմբումը եւ անոր ազգային յանձնառութեան ամրացումը` քաղաքական հեռատեսութեամբ ու մարտունակ դիւանագիտութեամբ շաղախուած:

Այս պահը ազգային ուխտի վերանորոգման նուիրական պահ է:

Լսենք մեր սուրբերուն աղօթքն ու մեր հայրերուն պատգամը, եւ, հաւատարիմ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակներու սրբազան կտակին, համախմբուի՛նք. համախմբուինք Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, իբրեւ մէկ ազգ, ի խնդիր Արցախի փրկութեան ու Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութեան:

Այսօր մեր ազգին «արութեան գործ»-ը պէտք է ըլլայ միասնականութիւն ամէն բանէ վե՛ր, մեր ողջ ներուժին ու մարդուժին համախմբումով ու հայոց բանակին վերակազմակերպումով:

Նոր տարուան սեմին, իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունեցող հայը ուրիշ մաղթանք չի կրնար կատարել:

Թող Աստուած անսասան պահէ մեր ազգը եւ հզօր` Հայաստանն ու Արցախը:

Թող Աստուած մեր ժողովուրդին առջեւ բանայ սիրոյ ու համերաշխութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ճամբան:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար, 2023
Անթիլիաս, Լիբանան

Share