Ուրբաթ 2 Դեկտեմբեր 2022ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` ընկհ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամ` ընկհ. Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ՝ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` Մարօ Քէշիշեանի, այցելեցին Արցախ, ուր կարգ մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցան եւ յատուկ աշխատանքներ կատարեցին։ Ստեփանակերտի մէջ ՀՕՄի պատուիրակութեան միացաւ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի Վարչութեան ատենապետ՝ Լիլիթ Մարտիրոսեանը։
Նոյն օրը, ժամը 13:30-ին, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւ շեշտուեցաւ շարունակել զօրակցութիւնը Արցախի հանրապետութեան հզօրացման եւ անոր քաջարի ժողովուրդին աջակցութեան կարեւոր գործին։
Ժամը 14:30-ին, ՀՕՄուհիները, գլխաւորութեամբ՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Արթիւր Մոսիեանի, շինիչ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ, որու ընթացքին նախարարը հետաքրքրուեցաւ ՀՕՄի կողմէ, ի նպաստ Արցախին տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն մասին։ Ան գոհունակութեամբ ողջունեց Արցախի սահմանամերձ գիւղերու մէջ ՀՕՄի կողմէ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը «Արեւային Արցախ», Սօսէ Մանկապարտէզներու ցանցը, Լաւագոյն Ուսանող եւ Զոհուած Հերոսներու զաւակներու ծրագիրները։ Կարեւոր այս հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Արցախի Պետական Նախարարի օգնականներ՝ Նարինէ Աղաբալեան եւ Յակոբ Իբճեան։
Երեկոյեան մտերմիկ հանդիպում-ընթրիք մը տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հետ, որու ընթացքին անգամ մը եւս շեշտուեցաւ ՀՕՄի մարդասիրական օգնութիւնը՝ Արցախահայութեան նկատմամբ։
Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022ին, առաւօտեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ արեւային ջերուցիցչներու տեղադրող «Շտիգէն» ընկերութեան պատասխանատուներէն պրն. Արմէն Խաչատրեանի հետ, որու ընթացքին ան զեկուցեց ընթացող աշխատանքներու եւ կարգ մը յաղթահարելի դժուարութիւններու մասին, յայտնելով թէ մինչեւ ամանոր կը նախատեսուի սահմանամերձ գիւղերու 101 բնակարաններուն արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը: Քննարկուեցաւ նաեւ չորս Սօսէ Մանկապարտէզներուն արեւային ջերուցիցչներու տեղադրումը։
Նոյն օրը ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Նայիրի Տէրտէրեան ՀՕՄի մարդասիրական գործունէութեան մասին յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ «Ապառաժ»ի եւ Արցախի պետական ռատիոժամի հետ։
Երեկոյեան Կեդր. Վարչութեան անդամները աշխատանքային հանդիպում մը ունեցան ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հետ, որու ընթացքին մօտէն ծանօթացան մասնաճիւղի բեղուն գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մասին։
Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022ի ամբողջ ցերեկը ընկերուհիներ՝ Նայիրի Տէրտէրեան եւ Համեստ Պէօճէքեան, ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Արցախի Մեկուսի շրջանի ատենապետ՝ Լիլիթ Մարտիրոսեանի եւ անդամ՝ ընկհ. Տաթեւ Աղաջանեանի, այցելեցին Մարտունի շրջանի Ննգի, Մաճկալաշէն եւ Խնուշինակ սահմանամերձ գիւղերը. ականատես եղան տեղադրուած արեւային ջրացուցիչներուն, զրուցեցին գիւղացիներուն հետ եւ անոնց օրհնանքը ստանալով, մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան Ստեփանակերտ։
Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբերին ՀՕՄի պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզ, մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Նելլի Ղուլեանի հետ։ Ապա, մանկապարտէզի աշակերտութիւնը հիւրերուն ներկայացուց գեղարուեստական գեղեցիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, որ մեծապէս ոգեւորեց եւ մանաւանդ յուսադրեց պատասխանատու ՀՕՄուհիները։
Խոստմնալից այս փոքրիկներու ելոյթներու թողած անմոռանալի յիշողութիւններով աւարտեցաւ ՀՕՄի ազգանուէր չորսօրեայ օգտաշատ այս այցելութիւնը։ Երբ ՀՕՄը կը պատրաստուի նորանոր ծրագիրներով շարունակել իր հայրենանուէր աշխատանքը Արցախի հանրապետութենէն ներս, ահա պատահեցաւ անմարդկայինը։ Թշնամին փակեց Արցախը աշխարհին կապող Լաչինի միջանցքը, փորձելով ճնշել Արցախահայութեան վրայ։ Սակայն ի զուր, Արցախահայութիւնը վճռակամ է շարունակելու իր պայքարը եւ երբեք չի լքեր իր հայրենի հողը, վստահ այն հաւատքով, որ Արցախը միայն ու միայն հայութեան կը պատկանի։
Հիմնուած 1910 թուականին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 26 երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերով ոչ-հարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակութեան, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու: