ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու գրասենեակի կոչը Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու գրասենեակի կոչը Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը ապահովելու

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու` Բերձորի միջանցքի հարցը լուծելու երկխօսութեան միջոցով` յարգելով մարդու իրաւունքները: Այս մասին կը նշուի «Թուիթըր»-ի վրայ կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Բերձորի միջանցք (Հայաստան/Ազրպէյճան). կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք չլուծուած խնդիրները լուծելու երկխօսութեան միջոցով, շտապ կերպով ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժ, պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ խուսափիլ խաղաղ բնակչութեան վրայ մարդասիրական բացասական ազդեցութիւններէն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճան 12 դեկտեմբերէն ի վեր փակած է Բերձորի միջանցքը:

Share