Կը վերադառնանք նոյն սկզբնական հարցումին

Կը վերադառնանք նոյն սկզբնական հարցումին

Կարօ Արմենեան

Ինչո՞ւ թշնամին չէ անհանգստացած։

Մենք վաղուց գիտենք, թէ Փաշինեանական իշխանութիւնը պիտի չհակադարձէ թշնամիի գործողութիւններուն։ Փաշինեանական իշխանութիւնը թշնամի չունի։ Թշնամի ունին մեր երկիրն ու մեր ժողովուրդը։ Իսկ այդ թշնամին եկած է վերջ տալու հայ անկախ պետականութեան։ Վերջ տալու Արցախի գոյութեան։ Վերջ տալու իր հայրենի հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդի գոյութեան։ Եւ ան կը գործէ սանձարձակ։ Կը գործէ փանթուրքիստական ծաւալապաշտութեան յստակ հեռանկարներով։

Այս բոլորը գիտենք։ Գիտենք նաև, որ այս գործին պատասխանատւութիւնը մեր՝ հայ ժողովուրդի՛ ուսերուն է։

Հետևաբար ինչո՞ւ թշնամին կը գործէ հանգիստ ու համարձակ։ Առանց դոյզն վախի՝ որ կրնայ քիթը արիւնիլ։

Կամ առանց վախնալո՛ւ՝ որ կրնանք յանկարծ գրաւել Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհը…

Դեկտ. 18, 2022

Share