կաշառակերութեան դէմ դատարանը այսօր՝ 29 դեկտեմբերին, մերժած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ազատ արձակելու մասին պաշտպաններու միջնորդութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը։
Ան յայտնած է, որ իրենք կրկին նախկին նախարարը 35 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին։
Սերկէյ Եօվհաննիսեանն ըսած է, որ գրաւ դրուած էր Տօնոյեանի բնակարանը։
Պաշտպանը նշած է, որ դատարանի որոշման դէմ կը պատրաստուին բողոք ներկայացնել։
Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Տօնոյեանը կ’անցնի ռազմամթերքի մատակարարման չարաշահումներու գործով։
Նշէնք, որ դատարանի որոշմամբ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանքի տակ է նախորդ տարուան 30 սեպտեմբերէն։