Լաչինի ճանապարհի վերջին զարգացումները Հայաստանի անկեղծութեան փորձութիւնն են։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, յայտարարած է թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար մեւլութ չաւուշօղլուն։
«Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակուի»,- ըսած է թուրք ԱԳ նախարարը։
Միաժամանակ ան նշած է, որ «ազրպէյճանական հողերու հարստութիւնը իւրացնելու փորձը անընդունելի է»։
«թուրքիան այս հարցով, ինչպէս ցանկացած այլ հարցով, կ՝աջակցի ազրպէյճանին»,- ըսած է չաւուշօղլուն։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ թուրքիոյ համագործակցութիւնը «եղբայրական ազրպէյճանի հետ կը գտնուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ, որ կրնայ ըլլալ միայն երկու երկիրներու միջեւ»։