Բարձր նուաճումներով լի դար մը գոյատեւելը բացառիկ իրողութիւն է, սակայն այդ նուաճումներու գերազանցումը արդէն իսկ շահեկան յաղթանակ:
Հայ Օգնութեան Միութեան աւելի քան 112 տարիներու երթը եւ մանաւանդ անցնող երկու տարիներու Արցախի չարագոյժ պատերազմին յաջորդող զօրակցութիւնը, ապացոյց է որ ՀՕՄը իր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ լոզունգով եւ իր աշխարհացրիւ ՀՕՄուհիներու միասնական եւ նուիրեալ ջանքերով, կը մնայ կառչած իր առաքելութեան եւ իր նպատակին:
Ներկայիս՝ դժուար եւ պատմականօրէն յուսալքուած ժամանակահատուածի մը մէջ
կ’ապրի հայ ժողովուրդը, որուն համար երբեք չէ եղած այսքան մութ ու դաժան հերոսական Արցախի ապագան եւ կամ այսքան ծանրակշիռ Հայրենիքի հանդէպ մտատանջութիւնը: Այսօրուան գոյամարտը մահու եւ կենաց խնդիր է, մեր գոյութիւնը պահելու եւ մեր ապագան կրկին անգամ կերտելու մարտահրաւէր: Նոյնն է պարագան սփիւռքեան հզօր գաղութներէն՝ Լիբանանը եւ Սուրիան որոնք չեն ունեցած այսքան ծանր տնտեսական տագնապալից օրեր: Հայրենիքի եւ սփիւռքի այս իրավիճակին ականատես, ՀՕՄը անգամ մը եւս կու գայ ապացուցելու որ կանգնած է իր քաջարի ժողովուրդին եւ իր հերոսական պայքարի կողքին՝ մարդասիրական, ընկերային եւ նիւթական աջակցութեամբ տէր կանգնելու իր ժողովուրդի զաւակներուն:
Քսանեօթը երկիրներու մէջ գործող, տասնեակ հազարաւոր իր նուիրեալ անդամներով, ՀՕՄը կ’իրականացնէ իր նորօրեայ եւ շարունակական ծրագիրները ամենուրէք.-
• Արեւային Ջրատաքացուցիչներ – Արցախ
• Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ – Հայաստան, Արցախ
• Լաւագոյն Ուսանող – Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք
• Կրթանպաստ – Հայրենիք եւ Սփիւռք
• Սօսէ Մանկապարտէզներ – Արցախ, Պուլկարիա
• Մօր ու Մանկան Ծննդատուն – Հայաստան
• Զինուորի Տուն (Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոն) — Հայաստան
• Տաքուկ բնակարան – Սուրիա
• Պնակ մը տաք ճաշ – Սուրիա, Լիբանան
• Ամանոր – Լիբանան, Սուրիա, Հարաւային Ամերիկա, Պուլկարիա, Արցախ, Ջաւախք, Հայաստան
• Երիտասարդական Ճամբարներ – Սփիւռք, Հայրենիք
Սիրելի ՀՕՄականներ, յարգարժան բարերարներ, նուիրատուներ, համակիրներ ու հայրենակիցներ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներու նախօրեակին մեր սրտագին բարեմաղթութիւններու կողքին ընդունեցէք նաեւ մեր երախտագիտութիւնը: Ձեր նուիրական աջակցութեամբ է որ կարելի պիտի ըլլայ կերտել նոր նուաճումներ:
Թող այս Ամանորն ու Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան պայծառ տօները ռահվիրաները ըլլան աւելի լաւ օրերու եւ հայութեան ու համայն մարդկութեան յուսալից երազներու իրականացման:
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն