Դեկտեմբեր 17-ին աշխարհի տարբեր երկիրներէ աւելի քան 450 հոգի հաւաքուած էին Նիւ Եորք՝ մասնակցելու «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամին «Կերտելով մեր պետութիւնը» 19-րդ ամենամեայ Կալայ երեկոյին:
Համաճարակին պատճառով տարուան վերացական կալաներէն ետք՝ ներկայ ձեռնարկը նշանաւոր էր առատաձեռն նուիրատուութիւններով, որոնք ընդհանուր առմամբ կազմեցին 6 միլիոն ԱՄՆ տոլարի պատկառելի գումար՝ իբրեւ աջակցութիւն Հայաստանի մէջ ՔՈԱՖ-ի գիւղական զարգացման ծրագրերուն։
Բոլոր դրամական միջոցները պիտի ուղղուին գիւղի երիտասարդներու եւ անոնց ընտանիքներու կեանքի որակի բարելաւման՝ ՔՈԱՖ-ի կրթութեան, առողջապահութեան, ընկերային-հոգեբանական ծառայութիւններու եւ տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններուն միջոցով:
ՔՈԱՖ-ի նպատակն է ընդլայնել իր հասանելիութիւնը Հայաստանի մէկ միլիոնէն աւելի գիւղական ազգաբնակչութեան համար: Մինչ օրս կազմակերպութիւնը սպասարկած է աւելի քան 100,000 մարդու՝ երկրի 5 մարզերու մէջ։ Հայաստանի ողջ գիւղական բնակչութեան սպասարկելու համար կը պահանջուի 150 միլիոն ԱՄՆ տոլար հիմնական ծախսէրու եւ մօտաւորապէս 20 միլիոն տոլար տարեկան պիւտճէի համար։
Աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող աջակիցները կրնան դիտել եւ սատարել «Կերտելով մեր պետութիւնը» ձեռնարկը առցանց, մինչեւ Յունուարի աւարտը, հետեւեալ յղումով: