Կը նշուի, որ անցնող ամառ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու բողոքները քննող Սահմանադրական խորհուրդը մերժած է Բագրատունիի երեսփոխանական լիազօրութիւնները վերցնելու համար եղած բողոքարկումները (Նշենք, որ Բագրատունիի երեսփոխանութիւնը չեղարկումի ենթարկող հայցը ներկայացուցած է լրագրող Ժատ Ղըսին կողմէ)։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մեթնի շրջանէն իր թեկնածութիւնը դրած Բագրատունի դժուար կացութեան մէջ յայտնուած էր եւ շատ նօսր տարբերութեամբ ապահոված Մեթնի կարեւոր աթոռը։
Մասնաւորապէս այս փուլին Բագրատունիի իրաւասութեանց (մանտաթէն) զրկուիլը մեծ հարուած կրնար դառնալ ոչ միայն ՀՅԴ-ին այլ ամբողջ լիբանանահայութեան։
Բնական է անշուշտ, որ Լիբանանի նման քաղաքական բարդ նրբերանգներ ունեցող երկրին մէջ միշտ ալ եղած են ուժեր, որ «առեւտուր»ի նժարին դրած են երկրի Խորհրդարանին կամ առհասարակ պետական կառոյցներուն մէջ եղած հայկական դիրքերը։
Այս փորձը անոնցմէ է անշուշտ ու նաեւ ինչ որ տեղ ցոյց կու տայ քաղաքական-ազգային գործիչ Բագրատունիի լիբանանեան մեծ խաղին մէջ ունեցած դերն ու քաղաքական ընթացքին իսկական նրբութիւններուն ծանօթ եւ ունակ ըլլալու կարեւոր հանգամանքը։