Ս. Մահսէրէճեան
22 Դեկտեմբեր 2022
Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան փակելու ազերիական պետական ոճիրին իրականացումէն ասդին (հիները չենք մոռցած), Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ աւելի՛ ակներեւ ու մտահոգիչ դարձան երկու գիծեր, որոնք որոշ հնութիւն ունեցող «մանր վիհերու» յաւելեալ խորացումը կը ցոլացնեն եւ արդէն իսկ հնչող ահազանգերու համերգին կ’ընկերացնեն նորեր: Այդ զարգացումներուն խորագիրներն են ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԻԱ ՀԱԿԱՃԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ:
Չենք ուզեր երկար ցանկագրումներ կատարել, թէ ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին կամ կ’արտայայտուին այս մտահոգիչ գիծերը, այլ կը բաւականանանք միայն մէկ-երկու նշումով:
***
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ գիծին վրայ, մինչեւ իսկ 44-օրեայ պատերազմէն եւ 9 Նոյեմբերի չըլլալիք, անբարունակ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, Ստեփանակերտի եւ Երեւանի իշխանական վերնախաւին մէջ «նոյն լեզուն խօսելու» վիճակը բացայայտ էր, հակառակ ընդդիմադիրներու արտայայտած անհամաձայնութիւններուն, զգուշացման հրաւէրներուն: Արցախցիք ընդհանրապէս զգուշաւոր էին, չէին նախընտրեր յականէ-անուանէ հակադրուիլ Երեւանի ձախաւերներու խմբակին (չմտնենք նաեւ պատճառներուն ծալքերուն մէջ): Սակայն հիմա, երբ Բերձորի ճամբան ահաւասիկ աւելի քան 10 օրէ ի վեր կղպուած կը մնայ (յիշենք, որ Բերձոր-Աղաւնոյ գօտիին յանձնումի օրերուն իսկ որոշ միաձայնութիւն կը տիրէր), Ազրպէյճան եւ Թուրքիա նուազագոյն տրամադրութիւնն իսկ ցոյց չեն տար դրական քայլ առնելու, ոտքի սրբիչի վերածած են ՄԱԿ-էն մինչեւ Եւրոպա հնչած՝ «ճամբան պէտք է անյապաղ վերաբացուի» կոչերը, ահաւասիկ այս փուլին՝ արցախցիք շատ յստակօրէն բռնած են Երեւանի իշխանաւորներուն որդեգրած ընթաքէն տարբեր, չըսելու համար շեշտակիօրէն հակադիր ուղի: Մինչեւ իսկ Փաշինեանի երդուեալ գործակից Արայիկ Յարութիւնեանը սկսած է տարբեր լեզու գործածել, իսկ անկէ քանի մը քայլ անդին գացին անոր արտաքին գործոց նախարարն ու (ՄԱԿի Երեւանի գրասենեակին առջեւ մօտաւորապէս շաբաթ մը նստացոյց ըրած) պետական նախարարը:
Ընդդիմադիրներուն կեցուածքը շատոնց յստակ էր: Հիմա, բոլորն ալ ուժեղ կամ մեղմ կերպով արձագանգ են Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ բազմատասնեակ հազարաւոր ցուցարաներու այն կամքին, թէ Արցախը չէ եղած, պիտի չըլլայ, չի՛ կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէ վերջնական հայաթափում, ջնջումը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Արցախին: Ասոր դիմաց, Ազրպէյճանի հասցէին Փաշինեանի, անոր պոչիկներուն՝ նախարարներու, խորհրդականներու եւ ՔՊ-ական ջոջերու հնչեցուցած քննադատական խօսքերը (Ազրպէյճան ցեղասպանութեան կը պատրաստուի, անմարդկային վարմունք կը ցուցաբերէ ճամբան փակելով եւ այլն) անկարող մնացած են սրբագրելու այն հաստատումը, թէ Արցախը ապագայ ունի Ազրպէյճանի կազմին մէջ, թէ՝ արցախցիք իրենք են պատասխանատուն Ազրպէյճանի հետ իրենց յառաջիկայ յարաբերութիւններուն (հոս արդէն նոյն լեզուն կը խօսին Փաշինեաններն ու Ալիեւներ, Էրտողաններն ու Չաւուշօղլուները):
Կրկնենք, անցեալին նշմարուած որոշ հակադրութիւնները՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ, աղաղակող կերպով աւելի հնչեղ են հիմա, ստեղծուած վիհը կը տանի դէպի յաւելեալ խորացում, վիճակ՝ որ կրնայ մահացու, առնուազն ծանր վնասներ պատճառող հարուած տալ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ (պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ Արցախն ու Հայաստանը մեր պատմական հայրենիքին անբաժան ու անբաժանելի մասնիկներն են, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ մասնիկները, իսկ արցախցիք ասիկա շատ աւելի լաւ գիտեն վաղուց, գոնէ այն օրէն, երբ օր մը յայտարարեցին. «Եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը, մենք Հայաստանը պիտի միացնենք Արցախին»: Սա զգացական ու հռետորական արտայայտութիւն չէր, այլ ամբողջական Հայաստանի դատին հաւատարմութեան կամքի արտայայտութիւն: Չերկարենք: (Չենք ուզեր մտածել իսկ, թէ վաղը՝ պաշարման անսահման երկարաձգման պարագային, ինչպիսի՛ հարկադրանքներ պիտի ճնշեն հողին կառչած քաջարի ժողովուրդին վրայ):
***
ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԻԱ հակադրութիւնն ալ, իշխանութեանց մակարդակին վրայ, նոր խորացումի դրսեւորումներ կը գտնէ վերջին օրերուն: Բերձորի ճամբուն փակման պատասխանատուութիւնը եթէ Երեւանի իշխանաւորներուն համար անմիջականօրէն Ազրպէյճանի յանցագործ վարմունքն է (եւ սա Թուրքիոյ «ձագուկ» այն Ազրպէյճանն է, որուն հետ առանց նախապայմանի խաղաղութեան եւ գործակցութեան էջ բանալու կը վազեն հաւկուրները), մօտաւորապէս նոյնքան ուժեղ մեղադրանք կը հնչէ Ռուսիոյ հասցէին, թէ՝ «Ռուսիա պատասխանատու է Արցախի ապահովութեան ու պէտք է կտրուկ քայլերու դիմէ ճամբան վերաբանալու համար»:
Եռակողմ յայտարարութեան տակ Փաշինեանի դրած ստորագրութիւնը կը լուսանցքայնացուի (իսկ ըսել՝ որ Փաշինեան հակառակ իր կամքին ստորագեց զայն՝ չի մեղմացներ անոր յանցապարտութիւնը, մեղսակցութիւնը): Փաշինեան կը խօսի այնպիսի՛ պահանջկոտութեամբ (նեղ տրամաբանութեամբ կարելի է ձայնակցիլ անոր), որ կարծէք թէ 9 Նոյեմբերի պարտութիւնը ինք չէր սարքած, թէ՝ ռուս խաղաղապահները իր հրահանգով (եւ ո՛չ թէ պարտեալին աղաչանքով) մտան Արցախ, ուրեմն, հիմա իրաւունք ունի այսպէս՝ մեղադրական ոճով պահանջներ դնելու անոնց ճիտին (այս տողեր չեն նշանակեր, թէ ռուս խաղաղապահները բոլորովին անմասն են, այլ այն, որ կայ շատ աւելի լայնածիր փոթորիկ մը, որուն դիմաց Երեւանի վարիչները կուրութիւն կը խաղան եւ բանիւ եւ գործքով կը միանան Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի արշաւին, իսկ Ռուսիա նախ եւ առաջ լծուած է ի՛ր շահերու պաշտպանութեան, Երեւանի կրաւորականութեան դիմաց, կը փնտռէ-կը գտնէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ «եոլա գնալու» ձեւեր, մինչեւ…): Հակադրութեան խորացման նորագոյն արտայայտութիւնը, ի պատասխան Փաշինեանի լուռ մեղադրանքներուն, անմիջապէս հնչեց Մոսկուայէն, մէկ աւելի բանբերներու բերնով: Անոնք անգամ մը եւս անընդունելի նկատեցին այս մեղադրանքը, որքան ալ որ անիկա հաճելի հնչէ… Ռուսիոյ հակադրուողներուն ականջներուն:
Հազար ու մէկ հարցականի շարքին, պէտք չէ անտեսել այն, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կրաւորականութիւնն ու ձեռնածալութիւնը, Արցախէն ձեռք լուացած ըլլալը արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք արդարացնել: Այս սիւնակին մէջ այդ «թղթածրար»ին քննարկումը չենք ուզեր ընել, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ Երեւան-Մոսկուա հակադրութեան վիհին յաւելեալ խորացումն ալ բարիք չի խոստանար Հայաստան-Արցախ հայրենիքին:
***
Մէկ կողմէ՝ Հայաստանի, իսկ միւս կողմէ Արցախի եւ Ռուսիոյ իշխանութեանց միջեւ ըստ ամենայնի աննկատ մնացող, առնուազն բաւարար ուշադրութիւն չգրաւող՝ խորացող վիհերը (անշուշտ որ ուշադիրներ եւ մտահոգներ կան) շատ աւելի մտահոգիչ կը դառնան, եթէ աչքի առջեւ ունենանք մեր հայրենիքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող շարք մը զարգացումներ, որոնք ընդհանրապէս բարիք չեն խոստանար եւ այլապէս խորապատկերներ կը կազմեն յիշեալ իրադրութեանց: Հոս ալ բաւականանանք քանի մը նորագոյն դէպքերու յիշատակումով:
Արեւմուտքին կողմէ հերոս հռչակուած Ուքրանիոյ նախագահը հապճեպ այցելութիւն մը տուաւ Ուաշինկթոն, լայնատարած բազուկներով դիմաւորուեցաւ նախագահին եւ խորհրդարանականներու կողմէ, զինական եւ նիւթական օժանդակութեան նոր խոստումներ ստացաւ իր երկիրն քանդիչ պատերազմը շարունակելու համար (հոգ չէ թէ նման քայլեր պիտի երկարաձգեն աւերիչ ու մահասփիւռ պատերազմը) եւ հրապարակաւ յայտարարեց, թէ իր այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր ցոյց տալ, թէ Ռուսիա թշմանի է, կը քանդէ իր երկիրը եւ ունի միայն մէկ գործակից-դաշնակից… Իրանը: Իսկ եթէ յիշենք, որ Արեւմուտքը վերջին շրջանին, Ուքրանիոյ մէջ իր զինարշաւին զուգահեռ, թափ տուած է Իրանի ներքին ճակատները տաքցնելու հնարքներուն, իսկ Իրանը մեր անմիջական դրացին է, որ այլապէս մտահոգ է զինք Կովկասէն խզելու արշաւներուն, եւ որոնց մերթ ընդ մերթ միանալու նշաններ ցոյց կու տայ Երեւանը (առնուազն չ’ընդառաջեր քիչ մը աւելի գործակցելու Թեհրանի առաջարկներուն…):
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ծանօթ պահանջէն (թէ՝ Արցախի պաշարումը պէտք է վերցուի) եւ եւրոպական ոստաններէ հնչող դրական արձագանգներէն ետք, Երեւան նոր շեշտադրումով հրապարակ եկաւ միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջան բերման ակնկալութեամբ: Արդէն մոռցուած է, թէ եւրոպացի դէտերը «եկայ, տեսան եւ յաղթեցի» ոճով աւարտեցին իրենց առաքելութիւնը՝ ո՛չ մէկ դրական ազդեցութիւն ունենալով ազերիներու ոճիրներուն դէմ, իսկ անդին, ՄԱԿը այլապէս խաղաղապահ առաքելութիւններ ունի (ունեցած է) աշխարհի տաք կէտերուն մէջ, ընդհանրապէս մնալով… անգործ եւ ո՛չ ազդեցիկ (մեր նպատակը ՄԱԿը վարկաբեկել չէ, սակայն չենք կրնար մոռնալ, որ անոր ընդհանուր քարտուղարը դեռ քանի մը օր առաջ իբրեւ հաւասարներ դիտեց հայկական եւ ազերիական կողմերը, նաեւ այն, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ նախ եւ առաջ ի՛ր շահը խաղաղապահներով եւ ռազմակայաններով պաշտպանող Ռուսիան Ապահովութեան խորհուրդի մէկ անդամն է, վեթոյի իրաւունք ունի):
«Ներքին» շրջագիծի մէջ, արդէն քանի՛երորդ անգամ ըլլալով պայթած է իշխանաւորներուն այն փուչիկը, թէ Արցախը տալով (զայն Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելով), Հայաստան խաղաղ պիտի ապրի եւ զարգանայ (հոգ չէ թէ կ’ընդունին նաեւ, թէ համաձայնագիր ստորագրելէ ետք, Ազրպէյճան կրնայ յաջորդ օրն իսկ յարձակման անցնիլ): Դեռ քանի՞ փուչիկ պիտի ուռեցուին ու պայթին, որպէսզի մարդիկ տեսնեն ու հասկնան, որ Թուրքիա եւ անոր գործակատար Ազրպէյճան ունին մէկ ծրագիր՝ համաթուրանականութեան ամբողջացումը: Որքա՞ն կարելի է կոյր ու խուլ մնալ այն իրականութեան դիմաց, թէ Հայաստան-Արցախ ու Հայաստան-Ռուսիա հակադրութեանց խորացման դիմաց, Պաքու-Անգարա գործակցութի՛ւնը ամէ՛ն օր կը խորանայ, կ’ամրապնդուի, այդ երկիրներուն միջեւ վերջնական միացումը հսկայական յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ եւ հայաշխարհը կը մնայ ըստ էութեան՝ կրաւորական դիտող:
Անշո՛ւշտ որ մտահոգիչ են վարչապետին անմիջական ենթակայութեան տակ նոր սպասարկութիւններու ստեղծումը, հոս-հոն կամայական նշանակումները, տակաւին՝ կաշառակերութեան «պարգեւավճար» անուան տակ աւելի՛ եւս ամրապնդումն ու պաշտօնականացումը, անոր դիմաց՝ տնտեսական-ընկերային նահանջներն ու դեռ՝ շատ ու շատ անկումներ, բազում վիհերու խորացումներ (մոռցուա՞ծ են «սեւ-սպիտակ»ները, Արցախի եւ Հայաստանի գրաւեալ շրջաններուն վերատիրացման հրամայականները…):
***
Նախկին վիհերու անդարման վիճակը, որոշ վիհերու աւելի եւս խորացումը ամանորի սեմին «բարենիշներու» շարք մը կ’ապահովեն այս իշխանաւորներուն, ամէն քայլափոխի կը շեշտեն անոնց անվաղորդայն արեւելումները, անատակութիւնը, նաեւ՝ քաղաքական այն պարապը, որուն մէջ հարկադրաբար ինկած է ընդդիմադիրը, մէկ խօսքով՝ վերականգնումի, իսկակա՛ն խաղաղութեան սպասող քաղաքացին՝ հայաստանցի, արցախցին եւ սփիւռքցին: Սպասումը աւելի՛ հրամայական կը դարձնէ այս վիճակէն դժգոհներուն ձեռքերու միացումը, կարողութեանց մկէտեղումը, սպասումը այն սրբազան խենթերուն, որոնք կրնա՛ն հնարք գտնել (Աստուած հոգին լուսաւորէ Րաֆֆիներուն եւ Խրիմեան Հայրիկներուն):