Երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին:
Վեհափառ հայրապետը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումն ու անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետն ու դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական հարցերու առնչուած շարք մը խնդիրներու շուրջ:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը քանի մը օրեր առաջ միջեկեղեցական, միջկրօնական ու միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած էր միջամտելու Լաչինի միջանցքի վերաբացումը երաշխաւորելու գծով: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ), Եւրոպայի եկեղեցիներու խորհուրդը (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը (ՄԱԵԽ) զանազան կերպերով ու հրապարակային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Ազրպէյճանի բարբարոսական արարքները` իբրեւ խախտում միջազգային օրէնքին, եւ պահանջեցին Լաչինի միջանցքին անյապաղ վերաբացումը: Ֆրանչիսկոս պապը անցեալ կիրակի օրուան պատգամին մէջ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց խաղաղ լուծում գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան:
Նոյն օրը երեկոյեան, Արցախի հարցին շուրջ խորհրդակցութիւն ունեցան երկու վեհափառ հայրապետները եւ ընդգծեցին զոյգ նուիրապետական աթոռներուն այդ ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը:
Աւելի ուշ, Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ եւ պարզեց Արցախի ժողովուրդին հետզհետէ վատթարացող ընկերային-տնտեսական կացութիւնը եւ խնդրեց հայրապետէն Լաչինի միջանցքին վերաբացման գծով կատարուող աշխատանքներու շարունակումը: