Զախարովա. «Ռուսիան Մտահոգ Է Լաչինի Միջանցքի Փակումով»

Զախարովա. «Ռուսիան Մտահոգ Է Լաչինի Միջանցքի Փակումով»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ամէն շաբաթեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու` Լաչինի միջանցքին փակման:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ անոր պնդումով` Ռուսիան մտահոգ է Լաչինի միջանցքին փակումով, կ՛ակնկալէ յառաջիկայի լիարժէք փոխադրամիջոցային կապերու վերականգնում:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անհիմն ու հակաարդիւնաւէտ կոչած է ռուս խաղաղապահներուն ուղղուած մեղադրանքները եւ յայտարարած, որ զօրախումբը արդիւնաւէտ կերպով կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները` հանդէս գալով իբրեւ շրջանին մէջ կայունութեան երաշխաւոր:

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստիպուած է մեկնաբանել ռուս խաղաղապահներու հասցէին անհիմն սադրիչ մեղադրանքները. անոնք անընդունելի են եւ հակաարդիւնաւէտ` անկախ անկէ, թէ ուրկէ՛ կը հնչեն: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը ամբողջութեամբ կը կատարէ իր գործառոյթները` հանդէս գալով իբրեւ շրջանին մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր», ըսած է Զախարովա:

Share