Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ մասնակցած է Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի լսումներուն ու պատասխանած քոնկրեսականներու հարցումներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը:
«Այսօր Ուաշինկթըն եկած ազրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ հանդիպում ունեցանք ուղղակիօրէն քննարկելու այս հարցը եւ պիտի շարունակենք ճնշում գործադրել ազատ տեղաշարժի վերականգնման համար», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալ Քերըն Տանֆրիտ` ի պատասխան Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի` Հարաւային Կովկասի մասին լսումներուն քոնկրեսական Ճիմ Քոսթայի Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ հարցումին:
Քոնկրեսականը քննադատած է Ազրպէյճանի գործողութիւնները` շեշտելով, թէ չի կարծեր, որ Պաքուն խաղաղութեան կը ձգտի, այլ ընդամէնը կ՛օգտուի Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի հանգամանքներէն: Այս ծիրին մէջ ան նաեւ սխալ որակած է 907-րդ բանաձեւի ջնջումն ու Ազրպէյճանին զինուորական օգնութեան տրամադրումը:
«Երբ երկու կողմերը կը բանակցին, Ազրպէյճան կը շրջափակէ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ճամբան, որ մարդասիրական կարեւոր նշանակութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կը փակէ դէպի Արցախ կազի խողովակը` 120 հազար մարդ ձմրան կէսին ձգելով առանց ջեռուցման: Չեմ կարծեր, որ ատիկա բարեխիղճ մօտեցման դրսեւորում է», ըսած է Քոսթա:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը յիշեցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առիթով Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղած է վերականգնելու միջանցքի ճամբով ազատ տեղաշարժը, որովհետեւ ատոր փակումը կրնայ յանգեցնել մարդասիրական ծանր հետեւանքներու եւ խափանել խաղաղ հոլովոյթը:
Տանֆրիտի կարծիքով` բանակցային հոլովոյթի առանցքային մարտահրաւէրներէն է կողմերուն միջեւ վստահութեան բացակայութիւնը:
«Վարչակազմը (ամերիկեան, «Ա.») կը ձգտի խթանել երկխօսութիւնը, որպէսզի կողմերը իրար եւ փոխադարձ մտահոգութիւնները հասկնան: Եթէ աւելի որոշակի, ապա արտաքին գործոց նախարարները կ՛աշխատին խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ: Յոյս կար, որ անոնք մինչեւ տարուան վերջը պիտի հասնէին հասարակաց յայտարարի, սակայն յստակ չէ, թէ արդեօք կարելի պիտի ըլլա՞յ այդ ժամկէտին մէջ ատոր հասնիլ», նշած է ան:
Ըստ անոր, այսօր գոյութիւն ունի եզակի կարելիութիւն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթին նպաստելու համար, ուստի Ուաշինկթըն եռանդուն կերպով ներգրաւուած է բանակցային հոլովոյթին մէջ երկկողմ, եռակողմ ու բազմակողմ ձեւաչափերով` սերտօրէն համագործակցելով Եւրոպական Միութեան եւ այլ գործընկերներու հետ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է հանդիսանան այս քննարկումներուն առանցքային բաղադրիչները:
«Մենք շատ լաւ կը գիտակցինք, որ այս կարելիութեան պատուհանը կրնայ փակուիլ, ուստի այս հարցին մէջ հրատապութեան զգացում ունինք: Կը կարծեմ, որ ներկայ կացութեան առանձնայատկութիւնը մասամբ կապուած է Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմին հետ, որ կը փոխէ շրջանի շարժաբանութիւնը», նկատած է Տանֆրիտ:
Լսումներուն նախագահող քոնկրեսական Ուիլիըմ Քիթինկ հետաքրքրուած է, թէ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը ինչպէ՛ս կ՛ազդէ շրջանի վրայ եւ Մոսկուան ինչպիսի՛ ազդեցութիւն ունի շրջանին մէջ` շեշտելով` ռուսական զօրքերը այսօր տեղակայուած են Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին կարծիքով` ամերիկեան կողմը կը գիտակցի, որ Ռուսիան շրջանին մէջ դերակատարութիւն ու ազդեցութիւն ունի, սակայն Ուաշինկթըն կ՛ուզէ օգնել աշրջանի երկիրներուն խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ յառաջ շարժելու: Ըստ անոր, այսօր Մոսկուան չի հանդիսանար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի հիմնական միջնորդ, որովհետեւ հոլովոյթին մէջ նաեւ ներգրաւուած են այլ դերակատարներ եւ ձեւաչափեր:
«Հակառակ անոր որ Ռուսիան կը շարունակէ գործօն հանդիսանալ Հարաւային Կովկասի մէջ, անոր Ուքրանիա ներխուժումը իրական հարցեր յառաջացուցած է Ռուսիոյ երկարաժամկէտ մտադրութիւններուն վերաբերեալ: Հարաւային Կովկասի երկիրներէն ոչ մէկը կ՛աջակցի Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմին», եզրակացուցած է Տանֆրիտ:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալը ողջունած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման ուղղուած հոլովոյթն ու այս ուղղութեամբ կողմերուն ձեռնարկած քայլերը` յոյս յայտնելով, որ այստեղ պիտի արձանագրուի նոր յառաջընթաց: Ըստ դիւանագէտին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան հոլովոյթին եւ շրջանին մէջ տնտեսական զարգացման վրայ:
Լսումներուն շարք մը այլ քոնկրեսականներ եւս Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ բանակցային հոլովոյթի մասին հարցումներ հարցուցած են: Քոնկրեսական Պրայըն Ֆիթսփաթրիք նշած է. «Ազրպէյճանի մէջ հայ պատերազմական գերիներու մահապատիժները եւ բազմաթիւ մարդոց նկատմամբ վատ վերաբերմունքը մտահոգութիւն եւ քննադատութիւն յառաջացուցած են միջազգային ասպարէզին մէջ», իսկ քոնկրեսական Սուզըն Ուայլտ, իր կարգին բացատրութիւններ խնդրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործադրուող մարդասիրական ծրագիրներու չափերուն եւ անոնց վերահսկողութեան մասին: