Ազրպէյճան Դադրեցուց Արցախի Կազամատակարարումը

Ազրպէյճան Դադրեցուց Արցախի Կազամատակարարումը

Լաչինի Միջանցքը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակէ Փակ Մնալ

Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց երկկողմանի փակ մնալ, յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտապը` շեշտելով, որ ազրպէյճանական հերթական սադրանքի հետեւանքով մէկ օր շարունակ փաստացի շրջափակման մէջ է Արցախը, եւ ոտնահարուած են հազարաւոր քաղաքացիներու իրաւունքները:

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, Հայաստանէն Արցախ եկող քաղաքացիները գիշերած են Գորիսի մէջ, մէկ մասը, ներառեալ կիներ ու երեխաներ, Շուշիի շրջանի Լիսագոր համայնքին մէջ:

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հետ կապող ճամբու փակման հետեւանքով առողջական ծանր խնդիրներ ունեցող Արցախի քաղաքացիներու տեղափոխումը Երեւան կը շարունակէ անկարելի մնալ, յայտնեց Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ իրենք կապ կը պահպանեն Երեւանի մասնագէտներուն հետ:

Ըստ նախարարութեան, ներկայ պահուն առաջին օգնութեան համար անհրաժեշտ դեղերու եւ բժշկական պարագաներու պակաս չկայ: Նախարարութիւնը, սակայն, անհանգստացնող կը նկատէ դեղամիջոցներու մատակարարման անկարելիութիւնը:

Արցախի տեղեկատուական շտապը երէկ յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի եւ այլ բնակավայրերու հետ կապի բացակայութիւնը կրնայ մարդասիրական ճգնաժամի պատճառ հանդիսանալ այդ բնակավայրերուն մէջ:

Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու փակման հետեւանքով փաստացիօրէն շրջափակուած են Շուշիի շրջանի Մեծ շէն, Հին շէն, Եղծահող եւ Լիսագոր համայնքները:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ճամբու փակման պատճառով սննդամթերքի, մասնաւորապէս, հացի եւ ալիւրի, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներու մատակարարումը դէպի տուեալ բնակավայրեր Արցախէն չի իրականացուիր: Շուշիի շրջանի վարչակազմը, Արցախի տեղեկատուական շտապին համաձայն, կը պահպանէ կապը համայնքներուն հետ, եւ «կը կատարուին կարելի բոլոր գործողութիւնները այդ համայնքներու հրատապ կարիքներու բաւարարման նպատակով»:

Միւս կողմէ, երէկ աւելի ուշ Ազրպէյճանը դադրեցուցած է Արցախի կազամատակարարումը, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Եղանակային նման պայմաններուն մէջ երկնագոյն վառելիքի մատակարարման դադրեցումը մարդասիրական ու տնտեսական ահաբեկչութիւն է, որ հետեւողականօրէն կ՛իրականացնէ Ազրպէյճանը Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այսօրուընէ Արցախի Հանրապետութեան դպրոցները կը փակուին: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին Դիմատետրի ուղիղ եթերին մէջ յայտնեց Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:

Վերջինս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ անոր, որ Ազրպէյճանը անջատած է Արցախի ամբողջ կազամատակարարումը:

«Այդ կը նշանակէ, որ պէտք  է շատ խնայենք մեր ուժանիւթի բոլոր ծախսերը, պէտք է ամէն ինչ ընենք` հասկնալով իրականութիւնը, փորձենք պահպանել մեր ապրելաձեւը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ստիպուած պիտի ըլլան այսօրուընէ փակել դպրոցները:

Share