ՀՕՄի կեդրոնական գրասենեակի նոր վարիչ տնօրէնի նշանակում

ՀՕՄի կեդրոնական գրասենեակի նոր վարիչ տնօրէնի նշանակում

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Մեղրիկ Նարկիզեանի նշանակումը ՀՕՄի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնին: Ան Պոսթըն փոխադրուելով անցաւ աշխատանքի Սեպտեմբեր 2022ին:

«Ինձ hամար հպարտութիւն է իմ բաժինս բերել այսպիսի մեծ պատմութիւն ունեցող կազմակերպութեան մէջ եւ ծառայել այս մարդասիրական կազմակերպութեան նպատակներու իրականացման աշխատանքին: 112 տարիներ շարունակ ՀՕՄը միշտ եղած է մեր ազգի կողքին ունենալով իր մեծ ներդրումը հայկական մշակոյթի տարածման աշխատանքներուն եւ միշտ օգնութեան ձեռք մեկնած աղէտներէ եւ պատերազմէ տուժած հայկական գաղութներուն» ըսաւ Մեղրիկը. «ՀՕՄը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայկական գաղութներու կողքին»

Մեղրիկը ծնած է Հալէպ Սուրիա 1986ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սահակեան վարժարան ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Պետական Համալսարանի պատմութեան բաժնէն, այնուհետեւ 2011ին Մեղրիկը Հալէպի Պետական Համալսարանի կրթութեան բաժինը կ՝աւարտէ ձեռք բերելով Մագիստրոսի աստիճան:

Ունենալով մեծ սէր պատմութեան եւ մշակոյթի հանդէպ, Մեղրիկը պատմութիւն կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս 2011-2012ին:

Սակայն Կեանքը տարբեր ծրագրեր ունէր, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Մեղրիկը կը տեղափոխուի Հայաստան: Այսպիսով կ՝իրականանայ վաղուց սպասուած երազը՝ ապրիլ Հայրենիքի մէջ եւ ծառայել անոր: Ան կ՝աշխատի զանազան ծրագրերու մէջ  ինչպէս՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւն, ան կը հաւաքագրէ եւ կը խմբագրէ Եռաբլուր յուղարկաւորուած Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին (1988-1994)  զոհուած ազատամարտիկներու կենսագրականը որ ետքը վերածուեցաւ յուշամատեանի: Ան նաեւ աշխատած է Չարենցի անուան Գրականութեան թանգարանի եւ UNICEF Armeniaի հետ կապուած ծրագրերու մէջ:

Մեղրիկը փոքր տարիքէն ընդգրկուած է Պ.Մ. եւ Ս.Ե.Մի շարքերէն ներս որոնք հայրենասիրական ոգիով կերտած են իր անձնաւորութիւնը ան նաեւ կամաւոր աշխատանք տարած է «Դեպի Հայք» կազմակերպութեան մէջ որը առիթը տուաւ  ըլլալու հայրենիքի տարբեր շրջաններու մէջ եւ աւելի խոր կապեր հաստատելու հայրենիքի հետ:

«Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ներառեց Մեղրիկը ՀՕՄի մեծ ընտանիքէն ներս» ըսաւ ՀՕՄի ԿՎի ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը: «Մենք վստահ ենք թէ Մեղրիկին եռանդն ու կորովը իր դերը պիտի ունենայ ՀՕՄի առաքելութեան նորանոր նուաճումներու»:

Հիմնուած 1910 թուականին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) 26 երկիրներուն մէջ գործող մասնաճիւղերով ոչ-հարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակութեան, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն եւ կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:

Share