Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը  41.100 լ. ոսկի է:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին յայտարարեց, որ կառավարութիւնը նիստի հրաւիրուած է երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ: Նշենք, որ ան ընդունեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց անոր նախարարութեան վերաբերող հարցերը: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերիի հետ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդին պարտականութիւն տուած է ճամբաներու շինարարութիւն եւ նորոգութիւն կատարել` ապահովելու համար հեզասահ եւ առողջ երթեւեկ: Համիէ նշեց, որ այս նպատակով խորհուրդին տրամադրուած է 22 միլիոն տոլար` Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուած վարկէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ տակաւին յարմար պահը չէ խորհրդարան ուղղուելու եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու: Ան յայտնեց, որ Սլէյման Ֆրենժիէ համախոհական թեկնածու է` աւելցնելով, որ ան այս փուլին համար յարմար ու ատակ անձնաւորութիւն է: «Պահանջուածը այն է, որ լիբանանցի պատասխանատուները նստին իրարու հետ, իսկ Հըզպալլա այս անգամ պէտք է Սլէյման Ֆրենժիէէն բացի այլ կողմերու մօտ իր խօսքը ունենայ», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա կոչ ուղղեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ լուրջ երկխօսութեան: Ան հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փլուզումին վրայ գրաւ դնողը պիտի պարտուի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք համաձայն չեն հանրապետութեան նախագահի մը, որ սադրանքներ կը նախապատրաստէ եւ հայրենիքի ազատագրման ու նահատակներու թափած արեան փառքը չ՛արժեւորեր:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան Հասպայայի, Մազարեհ Շեպաայի, Պորղոզ լերան, Լիթանիի եւ Արեւմտեան Պեքաայի վերեւ թռիչքներ գործեց «Էմ.Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւերով: Այսպիսով իսրայէլեան օդուժը ոտնձգութիւններ գործած եղաւ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան դէմ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլի, այցելեց «Էմիլ Հըլու»-ի անուան զօրանոցին մէջ գտնուող քրէական գործերու փաստահաւաքի տարրալուծարանը, որ սարքաւորուած էր «Տի.Էն.Էյ.»-ի քննութեան յատուկ համակարգով: Քինտըլ բարձր գնահատեց տարրալուծարանին մէջ գործող ոստիկաններուն արհեստավարժութիւնը: Իր կարգին, Օսման շնորհակալութիւն յայտնեց Քինտըլի` Լիբանանին տրամադրուած այս նուիրատուութեան համար:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը նոր պատժամիջոցներ որդեգրեց Ատել Մոհամետ Մանսուրի, Հասան Խալիլի եւ Նասեր Հասանի դէմ, որոնք, ըստ նախարարութեան, Հըզպալլային նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովեն  եւ անոր զէնքերու գնումը կը դիւրացնեն:

ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի փոփոխութիւնը հիմնական պատճառն է սննդեղէնի սակի բարձրացման, սակայն այս մէկը չի նշանակեր, որ սննդեղէնի սղաճը 40-50 առ հարիւրի պիտի հասնի:

ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ յայտնեց, որ սննդեղէնի սակի բարձրացում չէ արձանագրուած, որովհետեւ մաքսատնային տոլարը սննդեղէնին չէ հասած: Ան շեշտեց, որ սննդեղէնի 65 առ հարիւրը յաւելուած արժէքի տուրքէն զերծ կացուցուած է` աւելցնելով, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի փոփոխութիւնն է սննդեղէնի սղաճին գլխաւոր պատճառը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 եւ 98 օքթան պենզինի սակը նուազած է 10.000 լ. ոսկիով, մազութը` 11.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը սղած է 4000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 784.000 լ.ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 802.000 լ. ոսկի, մազութը` 830.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 463.000 լ. ոսկի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրուած գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խորհրդարանին տուած իր խոստումը` կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելու, խզելու սեմին կը գտնուի: Ապու Զէյտ խորհուրդ տուաւ Միքաթիին հեռու մնալու որեւէ տեսակի շանթաժ կատարելէ կամ ընդվզում հրահրելէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ խորհրդարանը սահմանադրական միակ հաստատութիւնն է, որ տակաւին սովորական աշխատանքին մէջ է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը խանգարող պլոքները յստակ են, եւ Պըրրիի պատասխանատուութիւնն է խորհրդարանին բնականոն աշխատանքը ապահովել:

Share