Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը խաղերը յաջողութեամբ կ’անցնին պատմութեան

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը խաղերը յաջողութեամբ կ’անցնին պատմութեան

Մարզիկները նշեցին լիզպոնի 39-ամեակը

Այսօր երեկոյեան կազմակերպուած փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը կ’անցնին պատմութեան։ Պարտեալ խումբերը կը շնորհաւորեն յաղթականները, յաղթականները կը յուսադրեն պարտուողները։

Ինը օրերու վրայ երկարած համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը ունեցան իրենց ախոյեանները։ Բաւական սուր մրցակցութիւն արձանագրուեցան յատկապէս ֆութպոլի, ֆութսալի եւ պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց մրցումներուն։ Վոլիպոլի պարագային գերակայութիւնը եղաւ ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի խումբին, իսկ փինկ-փոնկի պարագային՝ Արցախի շրջանին։ Ֆութսալի բաժակները, տղոց եւ աղջկանց բաժիններով, խլեցին լիբանանցիները, իսկ անակնկալ մը արձանագրուեցաւ ճատրակի մրցումներուն, ուր Սուրիոյ ներկայացուցիչը գահընկէց ըրաւ նախորդ երեք մարզախաղերու ախոյեան Հայաստանի շրջանը։

Ֆութպոլի բաժակին տիրացման համար այսօր իրարու դէմ կը ճակատին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ շրջանները, մինչ պասքեթպոլի աւարտականը իրարու դէմ կը հանէ մէկ կողմէ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու խումբերը (տղաք), իսկ միւս կողմէ Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ խումբերը (աղջիկներ)։ Այսօր կը յստականան նաեւ ֆութսալի տղոց ու աղջկանց ախոյեան խումբերուն եւ թենիսի առաջնութեան դիրքին տիրացող մարզիկին եւ մարզիկուհիին անունները։

Ստորեւ՝ երէկուան արդիւնքներուն ընդհանուր պատկերը.-

ՖՈՒԹՊՈԼ

Կիսաւարտականներ

Արեւմտեան Մ.Ն. — Երուսաղէմ 4-1

Աւստրալիա — ՀՄԸՄ-Ֆրանս 1-1 (Աւստրալիա յաղթական փենալթիներով՝ 6-5)

ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ

Կիսաւարտականներ

Հարաւային Ամերիկա — Սթոքհոլմ 7 — 0

Լիբանան — Սուրիա 5-2

ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Կիսաւարտականներ

Գանատա — Աւստրալիա 2-1

ՀԱՍԿ (3) — Հարաւային Ամերիկա 3-0

ԾՈՎԱՓԻ ՎՈԼԻՊՈԼ

Աւարտական

ՀԱՍԿ (1) — ՀԱՍԿ (3) 2-0

3-4-րդ դիրքի մրցում

ՀԱՍԿ (2) — Գանատա 2-0

Ընդհանուր դասաւորում

1. ՀԱՍԿ (1)

2. ՀԱՍԿ (3)

3. ՀԱՍԿ (2)

    Գանատա

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Կիսաւարտականներ

Արեւմտեան Մ.Ն. — Աւստրալիա 64-49

Արեւելեան Մ.Ն. — ՀՄԱԿ 65-54

ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Աւարտական

ՀԱՍԿ (1) — ՀԱՍԿ (2) 3-0

3-4-րդ դիրքի մրցում

Արցախ — Հարաւային Ամերիկա 3-0

3×3 ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Աւարտական

Լիբանան (2) — Աւստրալիա 9-7

3-4-րդ դիրքի մրցում

Լիբանան (1) — Սուրիա 2-0

Ընդհանուր դասաւորում

1. Լիբանան (2)

2. Աւստրալիա

3. Լիբանան (1)

3×3 ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Կիսաւարտականներ

Լիբանան — ՀՄԸՄ-Ֆրանս 15-4

Սուրիա — Լոնտոն 13-11

3-4-րդ դիրքի մրցում

Լոնտոն — ՀՄԸՄ Ֆրանս 14-12

Աւարտական

Լիբանան — Սուրիա 18-16

Ընդհանուր դասաւորում

1. Լիբանան

2. Սուրիա

3. Լոնտոն

ՃԱՏՐԱԿ

Եօթը հանգրուաններու աւարտին, մասնակիցներու ընդհանուր եւ վերջնական դասաւորում.-

Տղաք

1. Յակոբ Մայք (Սուրիա) 6.5 կէտ

2. Մարտիկ Փիլոյեան (ՀԱՍԿ) 6 կէտ

3. Յակոբ Խաչատուրեան (Սուրիա) 5.5 կէտ

Աղջիկներ

1. Լիակ Մարտիրոսեան (Լիբանան) 3.5 կէտ

2. Մենար Պոյաճեան (Միւնիխ) 3 կէտ

ԹԵՆԻՍ

Տղաք

Սեւակ Մոմճեան (Արեւմտեան Մ.Ն.) — Հարմիկ Համպարճեան (ՀՄԱԿ) 6-0, 6-0

Արմէն Չաղարբէկեան (ՀՄԱԿ) — Արամ Քենտէրեան (Արեւմտեան Մ.Ն.) 6-1, 6-1

Աղջիկներ

Կիսաւարտականներ

Վանեսա Չիֆճեան (Լիբանան) — Շողեր Թովմասեան (Պաղտատ) 6-4, 6-4

Միքայլելլա Կարսիա (Հարաւային Ամերիկա) — Նոյեմի Յարութիւնեան (Հարաւային Ամերիկա) 7-5, 6-2

ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ

Կիսաւարտականներ

Տղաք

Սերգէյ Աւաննէսեան (Արցախ ) — Տիմիթրի Սաղաջեան (Թիֆլիս) 3-0

Հրայր Սողոմոնեան (Արցախ) — Հրակ Կիւրինլեան (Լիբանան) 3-2

Աւարտական

Սերգէյ Աւաննէսեան (Արցախ) — Հրայր Սողոմոնեան (Արցախ) 3-2

3-4-րդ դիրքի մրցում

Հրակ Կիւրինլեան (Լիբանան) — Տիմիթրի Սաղաջեան (Թիֆլիս) 3-2

Ընդհանուր դասաւորում

1. Սերգէյ Աւաննէսեան (Արցախ)

2. Հրայր Սողոմոնեան (Արցախ)

3. Հրակ Կիւրինլեան (Լիբանան)

4. Տիմիթրի Սաղաջեան (Թիֆլիս)

Աղջիկներ

Ժաննա Պետրոսեան (Արցախ) — Մինելի Գէորգեան (ՀՄԱԿ) 3-0

Վանեսա Թահմասեան (ՀՄԱԿ) — Նարօտ Կիւրինլեան (Լիբանան) 3-0

Աւարտական

Ժաննա Պետրոսեան (Արցախ) — Մինելի Գէորգեան (ՀՄԱԿ) 3-0

3-4-րդի դիրքի մրցում

Վանեսա Թահմասեան (ՀՄԱԿ) — Նարօտ Կիւրինլեան (Լիբանան) 3-0

Ընդհանուր դասաւորում

1. Ժաննա Պետրոսեան (Արցախ)

2. Մինելի Գէորգեան (ՀՄԱԿ)

3. Վանեսա Թահմասեան (ՀՄԱԿ)

4. Նարօտ Կիւրինլեան (Լիբանան)

   Յայտնենք, որ մրցումներու աւարտէն եւ փակման հանդիսաւոր արարարողութենէն ետք, վաղը՝ Շաբաթ, 30 Յուլիսի երեկոյեան տեղի կ’ունենայ մարզախաղերու յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ մասնակցութեամբ մարզախաղերու մասնակիցներու, հիւրերու, բարերարներու եւ ՀՄԸՄ-ի բարեկամներու։ Երեկոն կը խանդավառեն երգիչներ Արսէն Մրրօ Գրիգորեան, Սեւակ Ամրոյեան, «Արցախի ձայներ» խումբը եւ լիբանանահայ երգիչ Հրաչ Կայծակեան։

Մարզիկները ազգային-յեղափոխական երեկոյով նշեցին լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը

Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերու մասնակիցները ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 39-ամեակը։

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան կազմակերպութեամբ, երեկոյին ներկայ գտնուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց հայ քաղաքական նախկին բանտարկեալ Համբիկ Սասունեան։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Արթիւր Մկրտչեան։

Արթիւր Մկրտչեան իր խօսքին մէջ ոգեկոչեց Լիզպոնի նահատակներուն յիշատակը եւ նշեց, որ Լիզպոնի անձնազոհները պահանջատէր հայութեան համար կը մնան յարատեւ պայքարի ուղեցոյց եւ գերագոյն զոհաբերութեան ուսանելի օրինակ։ ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներ մեծցած եւ դաստիարակուած են այն բոլոր արժէքներով, որոնց համար իրենց սեփական կեանքը զոհեցին Արան, Սագօն, Վաչէն, Սիմոնը եւ Սեդրակը։ Հայութիւնը Երեւանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը կը խոնարհի Լիզպոնի հինգին յիշատակին դիմաց եւ ամէն տարի 27 Յուլիսին կը վերանորոգէ անոնց ուղին շարունակելու իր յանձնառութիւնը։

Իր կարգին, Համբիկ Սասունեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը հայ կեանքին մէջ։ Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ հարստութիւն է։ Ինք հպարտ է, որ պատանեկութեան ՀՄԸՄ-ական եղած է։ ՀՄԸՄ-ը դպրոց մըն է, որմէ միշտ շատ բան ունին սորվելիք մեր պատանի-երիտասարդները։

Համբիկ Սասունեան մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեց ներկաները եւ օրուան խորհուրդին մասին արտայայտուելով յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը երկար դարերու իր պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է շատերու տիրապետութեան, բայց շնորհիւ իր պայքարի ոգիին, ազգութիւնը պահած է հաւատքով, լեզուով, աղօթքով, մշակոյթով եւ զէնքով։ Այսօր եւս մեր հայրենիքը կը գտնուի դժուար պայմաններու մէջ,- շարունակեց Համբիկ Սասունեան,- որովհետեւ հայ իրականութեան մէջ կը գտնուին պատասխանատուներ, որոնց համար հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը անիմաստ բաներ են, անոնք պատրաստ են զիջելու եւ պարտուելու, որովհետեւ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ է հայրենասիրութիւնը, ծառայութիւնը, քաջութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։

Իր պատգամին աւարտին, Համբիկ Սասունեան հաստատեց, որ հայրենիքը եւ ազգը կը պահուին խիզախներով, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչները կը գտնուին այս սրահին մէջ՝ տղաք, որոնք իրենց պայքարի ներշնչումը առած են Լիզպոնի տղոց գերագոյն նուիրաբերումի օրինակէն։ Անոնք ունին պայքարի բացառիկ կամք եւ զոհաբերութեան մեծ պատրաստակամութիւն։ Լիզպոնը կը մնայ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պատուաբեր եւ հպարտաբեր մէկ դրուագը, որուն համար պէտք է շնորհակալ ըլլալ Լիզպոն ծնած ժողովուրդին եւ անոր գաղափարական ու ՀՄԸՄ-ական զաւակներուն։ Փառք Լիզպոնի հերոսներուն եւ խոնարհում անոնց անմոռանալի յիշատակին, շեշտեց Համբիկ Սասունեան։

Երեկոյին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան առաջարկով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը մարզախաղերու ոսկէ մետալներով պատուեց 19 «խիզախներ»՝ Արցախեան վերջին պատերազմին մասնակից ՀՄԸՄ-ականներ.- Յարութ Դերիկլեան, Էտկար Մկրտչեան, Դաւիթ Յարութիւնեան, Կարին Աւագեան, Սարգիս Գայմագամեան, Սարմէն Սաֆարեան, Հայկ Յակոբեան, Եդուարդ Էլբակեան, Անդրանիկ Աբոյեան, Արտաշէս Յակոբեան, Արտակ Ռէյվազեան, Դաւիթ Իսրայէլեան, Անուշաւան Հայրապետեան, Էրիկ Նորոյեան, Գարիկ Միքայէլեան, Արման Գալստեան, Սահակ Յակոբեան, Արթիւր Միրզախանեան եւ Գագիկ Այվազեան։

Երեկոն խանդավառեցին «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթը եւ յեղափոխական երգերու երգիչ Սուրէն Աճէմեան։

Share