11, 12 եւ 13 նոյեմբեր 2022-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի մայր գրասենեակին մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2022-2026 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը: Ժողովին յատուկ օրակարգերու տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան եւ Մարսէյի ճեմարաններուն, Համազգայինի Երեւանի եւ Արցախի գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ «Վահէ Սէթեան» տպարանին ու հրատարակչատան տնօրէնները:
Լիակազմ ժողովը առաջին հերթին հետեւեցաւ Համազգայինի շրջաններու գործունէութեան եւ տեղեկագրական զեկուցումներուն` քննարկելով անոնց աշխատանքային ընթացքը եւ ապագայի ծրագիրները: Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ, անկախ տնտեսական, կենցաղային եւ քաղաքական դժուարութիւններէն, Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները` Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալեն, նոյնն է պարագան Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն, Յունաստանի եւ Կիպրոսի, ուր Համազգայինի գործունէութիւնը երիտասարդ համազգայնականներու ներդրումով կը ծաւալի: Գնահատուեցան Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինոյի եւ Ռուսիոյ նորաստեղծ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Քուէյթի Մեկուսի կազմի յուսադրիչ աշխատանքները:
Հարաւային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կարգ մը կառոյցները կազմակերպական յաւելեալ ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն: Անոնց վերակազմակերպումը Կեդրոնական վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն պիտի ըլլայ քառամեայ գործունէութեան ընթացքին:
2023-ը կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական հանդէսի 60-ամեակին, առ այդ, որոշուեցաւ զոյգ առիթները զանազան նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով պատշաճօրէն նշել Համազգայինի շրջաններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ:
Ժողովը քննեց մայիս 2022-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերը: Կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, արծարծեց Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու ելեւմտական, վարչական եւ ուսումնական խնդիրները: Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան, Մարսէյի եւ Սիտնիի Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարաններու հայեցի դաստիարակութեան հարցերու քննութիւնը եւ այդ հաստատութիւններու տնօրէններուն ու անձնակազմի աշխատանքներու գնահատականը: Յատկապէս գնահատուեցաւ 22 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած հիմնարկէքը Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի երկրորդ շէնքին, ուր կարելի պիտի ըլլայ ընդունիլ մեծ թիւով աշակերտներ, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու հաստատութեան մէջ: Ժողովը քննեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շինարարական կենսական ծրագիրներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին իբրեւ հետեւանք, Ճեմարանի նիւթական հսկայական դժուարութիւնները եւ անոնց մեղմացման միջոցները: Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Պէյրութի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան Մանկամսուր»-ի արձանագրած թիւի աճը:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նաեւ Իսի լէ Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի գործունէութիւնը եւ այս գծով որոշուեցաւ շարունակել Համազգայինի յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ:
Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ապագայ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրին առնչութեամբ, ժողովը որոշեց թափ տալ Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցութեամբ իրականացուող Համազգայինի հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրի քարոզչութեան: Ծրագիրը արդէն սկսած է տալ շօշափելի արդիւնքներ, եւ իրենց հայագիտութեան մագիստրոսական ուսումը աւարտած երիտասարդներ այժմ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ: Սոյն ծրագիրի ծիրին մէջ կը շարունակուի նաեւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցութիւնը: Նոյնպէս, սփիւռքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններուն համար տնօրինական մասնագիտացած անձնակազմ պատրաստելու միտումով, ժողովը հաստատեց դպրոցական վարչագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրին յաւելեալ քարոզչութիւն կատարելու աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Ժողովը առանձնաբար քննեց Համազգայինի այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան ու «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին գործունէութիւնը եւ կարեւոր նկատեց յատկապէս գրատարածի առաքելութիւնը` հրատարակուած գիրքերն ու դասագիրքերը աշխարհասփիւռ ընթերցասէր հանրութեան եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան հասցնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, օրինակ` ելեկտրոնային գրադարանին յաւելեալ աշխուժացումը եւ ընդարձակումը:
Անդրադառնալով «Բագին»-ի գրական հանդէսի 60-ամեակին նշումին, անոր կողքին ժողովը որոշեց յատուկ քարոզչութեամբ տարածել «Բագին»-ի նորաստեղծ կայքէջը, որ կը բովանդակէ պարբերաթերթի 60 տարուան թուայնացած հսկայ արխիւը:
Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Պէյրութի, Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներու գործունէութիւնը:
Քննուեցաւ նաեւ «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքները, նորաստեղծ «Մտամարզ» խաղը եւ ընդհանրապէս գործադրութիւնը, մանկավարժական ու դաստիարակչական ծրագիրներու, որոնք կը գործադրուին «Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու բաժանմունք»-ին կողմէ:
Յատուկ քննութեան ենթարկուեցաւ «Հ-Բեմ» համացանցային երիտասարդական մշակութային հարթակի աշխատանքը` ընդգծելով այս նախաձեռնութեան հիմնական կարեւորութիւնը` սփիւռքեան մաշումին ու ձուլումի ենթակայ նորահաս սերունդները հայ մշակոյթի ոլորտին մէջ պահելու Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով գործնականացնելու տեսանկիւնէն:
Ապա ժողովը անդրադարձաւ Համազգայինի երիտասարդական երեք ծրագիրներու` Ուսանողական հաւաքին (Ֆորում) Հայաստանի մէջ, «ԱրթԼինքս երիտասարդական ցանց»-ին` Հիւսիսային Ամերիկա եւ «Եութլինքս»-ին` Եւրոպայի մէջ: Ժողովը ընդգծեց, որ նշեալ երեք ծրագիրներն ալ հայ երիտասարդութիւնը յաջողապէս կ՛առնչեն Հայաստանին, հայկական մշակոյթին եւ ինքնութեան: Ուստի, ժողովը որոշեց ճիգ ու միջոցներ չխնայել այդ ծրագիրները առաւել յաջողութեամբ պսակելու համար:
Կեդրոնական վարչութիւնը հաստատեց, որ մօտէն պիտի հետեւի Արեւելեան Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող Համազգայինի «Փեթակ» ճամբարին, որ արեւմտահայերէնով ամառնային դաստիարակչական ծրագիր է, եւ զոր Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարեւոր ծրագիրներէն մէկը կը նկատէ:
Քարոզչական հարցերու օրակարգով, ժողովը ընդգծեց Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութեան թափ տալու եւ միութեան աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը շարունակականօրէն իրազեկ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Վերոյիշեալ լայնածաւալ ծրագիրներուն իրականացման համար հիմնական կերպով քննարկուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ելեւմտական իրավիճակը եւ հարկ եղած ֆինանսաւորումի ապահովման պահանջքն ու միջոցառումները: Յատուկ օրակարգով քննութեան առարկայ դարձաւ Համազգայինի հիմնադրամներու վերակազմաւորման պահանջքը:
Վերոնշեալ հարցերու քննութիւնն ու անոնց գործադրութիւնը մաս կը կազմեն Համազգայինի ռազմավարական ընդհանուր ծրագիրին, որուն այժմէականացումը կատարուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան կողմէ: Առ այդ, որդեգրուեցաւ Համազգայինի ռազմավարական ընդհանուր ծրագիրը, որ իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ Համազգայինի գործունէութեան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 16 նոյեմբեր 2022