Դաշնակցութեան Վիճակուած Է Յաղթանակի Վերակերտումը

Դաշնակցութեան Վիճակուած Է Յաղթանակի Վերակերտումը

Խմբագրական-Ազդակ

Ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է նաեւ ներհայեցողական մտածումներու, ինքնաքննարկումի, յաճախ` համարձակ եւ ինքնավստահ դիրքերէ բացթողումները ընդունելու եւ միայն այդ բոլորէն ետք նոր ծրագիրներ, նոր ուղղութիւններ եւ նոր աշխատակարգ որդեգրելու:

Հայրենիքի մէջ գործընթացները, որոնք կ՛առաջնորդուին այսօրուան իշխանութիւններու կողմէ, համազգային հեռանկար չեն բանար մեր առջեւ: Չկայ համահայկական օրակարգ, միացեալ ռազմավարութիւն, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք դերերու բաշխումի անյետաձգելի համակարգումի որեւէ փորձ: Ի սպառ կը բացակայի ներկայ արհաւիրքէն հայրենիքը դուրս բերելու հակաճգնաժամային պետական ծրագիր` հայկական բանակցային դիրքերը ամրացնելու, Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու կամ սփիւռքի վերակազմակերպման նպաստելու:

Այս բոլորին մեկնակէտային խնդիրը ժողովուրդի մէջ համատարած կրաւորականութիւնն է, անտարբերութիւնը, միակողմանի զիջումներուն չհակազդելը: Դիմադրականութեան ոգիի չէզոքացումն է, որուն պատճառով չի զանգուածայնանար շարժումը:

Արցախի վերջին հանրահաւաքը նոր զսպանակում կրնար ապահովել համաժողովրդային շարժումի ձեւաւորման: Այդ համախմբումին մէջ հիմնական էր Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը: Համախմբուելու ոգին չհասաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ անկէ նաեւ չտեղափոխուեցաւ սփիւռք:

Մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, ականատես եղանք գաղափարական նահանջներու` Դաշնակցութեան առաջադրած սփիւռքահայը հայրենիքին կապելու երկքաղաքացիութեան օրէնքը վերափոխուեցաւ ներդրումային չափանիշներով:

Դաշնակցութեան բանաձեւած ազգ-բանակը հետզհետէ կը դառնայ արհեստավարժի անուան տակ ասպարէզային-պայմանագրային կամ վճարումի դիմաց բանակի պարտաւորութենէն ազատ կացուցուելու հնարաւորութիւն տուող հաստատութեան:

Դաշնակցութեան հետեւողական աշխատանքով պահանջատիրութեան պետականացումը այսօր տեղի տուած է ընդհանրապէս հատուցման մասին նոյնիսկ ակնարկութիւն չկատարող պետական հայեցակարգերու:

Մեր ծրագիրով բանաձեւուած եւ պետական մակարդակով նախապէս հնչած Սեւրի այժմէականութիւնն ու իրաւարար վճիռի իրաւաքաղաքական նշանակութիւնը այսօր նոյն ամպիոններէն կը նկատուի ցնորաբանութիւն:

Տասնամեակներու վրայ երկարող Դաշնակցութեան աշխատանքը` խորհրդարանական համակարգի անցնելու, ներօրէնսդրական եւ օրէնսդիր-գործադիր-դատական համակարգերու միջեւ փոխհակակշռումի յարաբերակցութիւններ ստեղծելու, այսօր վերածուած է գերվարչապետական, միակուսակցական դրութեան. կը նախապատրաստուի վարչակարգի վերադարձ կատարել` դէպի կիսանախագահական:

Դաշնակցութեան անդուլ աշխատանքները ամբողջ ազգի ներկայացուցչութիւնը Համահայկական հռչակագրի հիմնադրոյթներուն շուրջ համախմբելու եւ եզակի ու աննախադէպ փաստաթուղթ մշակելու` այսօր իրողապէս չեղարկուած են: Յղում չի կատարուիր ներազգային առումով ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այդ փաստաթուղթի որեւէ հիմնադրոյթին:

Շարքը կարելի է երկարել: Դաշնակցութիւնը նախապէս ալ ընտրական շռնդալից յաջողութիւններով չէր յատկանշուեր: Բայց քայլ առ քայլ կ՛արձանագրէր գաղափարական նման յաղթանակներ: Այսօր տեղի կ՛ունենայ Դաշնակցութեան գրանցած գաղափարական յաղթանակներու իւրաքանչիւր կէտի թիրախաւորում եւ հարուածում:

Գաղափարական արժէքներու այս ձեւափոխումի գործընթացը երբեմն ուղղակի բախումնային է, երբեմն անուղղակի,երբեմն կոշտ, յաճախ` փափուկ ու նուրբ: Արդիւնքը ժողովրդային կրաւորականութիւնն է, համընդհանուր անտարբերութիւնը: Որ, ի դէպ, միայն հայրենիքի մէջ չէ, այլ նաեւ` սփիւռքի:

Արցախի ժողովուրդին իրականացուցած համախմբումի գաղափարաքաղաքական պահը պէտք չէ կորսնցնել:

Դաշնակցութեան օրը առիթ է ներհայեցողական դիտարկումներ կատարելու, բացթողումները լոյսին բերելու եւ մանաւանդ վերանորոգ վճռակամութեամբ գաղափարական յաղթանակներ վերակերտելու:

Դաշնակցութիւնը պատմութեան տարբեր փուլերուն փաստած է, որ բազմաթիւ հանգրուաններու յաջողած է ժողովուրդին մէջ վերականգնել արժանապատիւ ապրելու ոգին եւ այդպիսով վերակերտել յաղթանակը:

Դաշնակցութեան վիճակուած է յաղթանակ վերակերտելու դժուար, բայց պատուաբեր առաքելութիւնը:

aztagdaily.com

Share