Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն. Յակոբ Տ. Խաչատուրեան

Աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն. Յակոբ Տ. Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի արտասանած խօսքը՝ ՀՅԴ 132-ամեակի հանդիսութեան

ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով, մեր ուղեկից միութիւններու կեդրոնական վարչութիւնները եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուները այս շաբթուան ընթացքին կը գտնուին Լիբանան, ոչ միայն մասնակցելու ժողովներու եւ հանդիպումներու, այլ նաեւ իրենց վստահութեան քուէն բերելու եւ գնահատանքը յայտնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին կարեւոր դերին՝ իբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտ եւ համահայկական դերակատարութեան ունեցող հնոց: Բազում դժուարութիւններ եւ տագնապներ տեսած այստեղի մեր հայրենակիցները պինդ մնացած են, այսօր եւս պատնէշի վրայ են եւ՝ իրենց ազգային պարտականութիւններու գիտակից:

Այս օրերուն Լիբանան ժամանած հայրենի եւ սփիւռքի ներկայացուցիչներէն շատերու պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը թրծուած են այստեղ. հո՛ս է, որ հայրենասիրութեամբ տոգորուած է իրենց սիրտը եւ հայ գիտելիքներով ու արժէքներով յղկուած է իրենց միտքը: Միջինարեւելեան մեր համայնքներու հայաբոյր մթնոլորտը, հայ տան տաքուկ բոյնի կողքին՝ դպրոց-ակումբ-եկեղեցի երրորդութեան ջամբած հայրենիքի սէրն ու կամաւոր ազգային ծառայութեան սկզբունքը համակած էին բոլորս:

Սիրելինե՛ր,

ՀՅԴ օրուան հիմնական նպատակները հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակի վերլուծումն է եւ Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը՝ իր ժողովուրդին:

1980-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 2020-ի սեպտեմբեր մենք ունեցանք անխոցելիութեան զգացում, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր արձակուած, եւ սփիւռքը՝ նուաճած Հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ 2015-ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Բնականաբար, ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ՝ ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արեամբ նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքի ու սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը, եւ կար համատարած լաւատեսութիւն: Համոզումի էր վերածուած նաեւ մեր այն կարգախօսը, որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքին:

Ամրապնդուած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը. ստեղծուած էր աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն՝ ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն, իսկ ներազգային տարակարծութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:

Գիտէք արդէն, որ պատերազմի ընթացքին, ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած, ՀՅԴ-ն նուիրուած էր հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին՝ չորս ուղղութիւններով – հայրենիքի պաշտպանութեան համար տրամադրելով մարդուժ կամաւորական պահեստազօրի ճամբով, ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ ամէնուրեք ձեռնարկելով քարոզչական պատերազմի եւ մասնակցելով գոյացնելու աննախընթաց նիւթական կռուաններ, որոնք տրամադրուեցան հայրենիքին:

Ուստի հասկնալի էր, որ ազգովին ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան Արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը ի յայտ եկաւ եւ խորտակեց անպարտելիութեան ու անխոցելիութեան հանգանակը: Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ, եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ 2020-ի նոյեմբեր 9-ին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչիլ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նսեմացնող պարտուողական պայմաններու կատարումին:

Այս մեծագոյն աղէտին առթած համատարած յուսահատութեան եւ ընկճուածութիւնը յառաջացուց նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը զօրաշարժի ենթարկեց հայրենի ժողովուրդին կարեւոր զանգուածը, փորձեց վերականգնել ազգային գաղափարախօսութեան հիմերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու եւ շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը ու յաջողեցաւ վերարտադրել ինքզինք: Ստեղծուեցաւ քաղաքական հալածանքներու մթնոլորտ. ցուցարարներու անտեղի մեղադրանքներով մեծաթիւ քաղաքական բանտարկեալներ այսօր ազատազրկուած են կամ ալ՝ կեղծ դատերու ենթակայ:

ՀՅԴ-ն եւ իր գործընկերները շարունակեցին ժողովրդային պայքարը, բայց ժողովրդային հաւաքները չհասան այն թիւերուն, որպէսզի խարխլին այս իշխանութեան հիմերը: Այժմ առաւել ներկայ ըլլալով Ազգային ժողովին մէջ, մենք օգտագործելու ենք խորհրդարանի ազդեցիկ հարթակը մեր կեցուածքները ներկայացնելու եւ փորձելու կանխել միակողմանի նորանոր զիջումներ, միաժամանակ չհրաժարելով ժողովրդային պայքարի հնարաւորութենէն:

«Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած։ Մինչդեռ, թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն։

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը բազմիցս փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու՝ պատրաստ: Մարտահրաւէրներ ունինք նաեւ սփիւռքի պարագային, ուր արդէն գործող կառոյցներու թարմացման, առաւել աշխուժացման եւ աշխատելաոճի արդիականացման կարիքները դարձած են հրամայական:

Մեր հայրենիքի առջեւ ցցուող գլխաւոր մարտահրաւէրները եւ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները հինգ մասերու կարելի է բաժնել.

Ա) Արցախ

Արցախահայութիւնը վիրաւոր է այսօր, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, անվտանգութիւնը ապահովելու, Արցախի հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ անկախութիւնը պահպանելու գործին է լծուած: Արցախը յստակօրէն բանաձեւած եւ հրապարակած է իր կամքը՝ վճռականօրէն բացառելով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ ըլլալու որեւէ տարբերակ: Իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն հեռաւորութիւն պահել Արցախէն, նոյնիսկ իրենց «ձեռքերը լուալ»՝ խուսափելով անոր անվտանգութիւնը եւ զարգացումը ապահովելու կենսական պարտքէն:

Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Արցախի հանրապետութիւնը լրիւ վերականգնելու է եւ վերագտնելու իր նախկին աշխուժութիւնը. Արցախի անկախութիւնը անսակարկելի է. աշխատելու ենք, որ աշխարհով մէկ շեշտաւորուի անոր ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը. շարունակելու ենք խթանել, որ ազգովին նեցուկ կանգնինք անոր՝ քաղաքականօրէն, տնտեսականօրէն, ընկերային ծրագիրներու ճամբով, եւ ապահովենք համազգային հոգածութիւն անոր անվտանգութեան, զարգացման եւ իրաւունքներուն սատարելու առումով:

Մէկ խօսքով, վստահ ենք, որ ոչ միայն պիտի վերականգնի Արցախը, այլ պիտի ծաղկի, հզօրանայ եւ վերջ ի վերջոյ պիտի միանայ մայր հայրենիքին:

Բ) Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթաց

Բազմիցս յայտարարած ենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մեծ զգուշաւորութեամբ պարտին մօտենալ այս հարցին: Իրենց հոգեբանական ներկայ դրուածքով եւ միակողմանի զիջումներու ատակ այս իշխանութիւնները պարտին գտնել կամքը արմատականօրէն պաշտպանելու Հայաստանի սահմաններն ու հողային ամբողջականութիւնը: Առաւել՝ Հայաստանի գերիշխանութենէն ո՛չ մէկ զիջում ընդունելի է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի հաստատման մեր թշնամիներու պահանջներու առնչութեամբ:

Գ) Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կծիկ եւ խաղաղութեան կերծ օրակարգ

Անխոհեմ քայլ էր Հայաստանի վարչապետին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութեան յաելեալ ճակատ բանալը այս տագնապալի օրերուն, երբ առկայ են Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը, Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու անլոյծ թնճուկը. այս բոլորը կը կատարուին քարոզելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կեղծ օրակարգը, հակառակ անոր որ ակնյայտ է, թէ հայութեան թշնամիները իրենց արիւնարբու նկրտումներէն եւ Հայաստանի իսկ հանդէպ յատուկ ախորժակներ դրսեւորելու վարքագիծէն չեն հրաժարած: Հայաստան-Թուրքիա սահմանը Թուրքիան է փակած եւ կարող է բանալ առանց որեւէ նախապայմանի: Հայաստանի կողմէ որեւէ զիջում կամ նախապայման ընդունելի չէ. իրողութիւնը սակայն այլ է. Թուրքիան բազմաթիւ նախապայմաններ արդէն առաջադրած է եւ Հայաստանի իր յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ Ազրպէյճանի պահանջներու բաւարարումով: Յամենայն դէպս, Հայաստանը պէտք է այժմէն պատրաստէ անհրաժեշտ օրէնսդրական դաշտը, առաջքն առնելու համար թրքական հաւանական ներխուժումին, եթէ օր մը սահմանները բացուին:

Դ) Թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ գրոհ

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այժմ իրենց ախորժակները սրած են Հայաստանի նկատմամբ եւ միաժամանակ ծրագրուած, համադրուած հակահայ քարոզչական եւ ցուցական արշաւի են դիմած աշխարհասփիւռ հայութեան դէմ: Հայաստանը անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի, թիրախ է Հայաստանի գերիշխանութիւնը, Սիւնիքի նկատմամբ կայ անմիջական սպառնալիք, եւ մեր թշնամիները վճռած են հայը դարձնել անհայրենիք:

Ե) Ազգային արժէքներ

Հայաստանի իշխանութիւնները հարուածի տակ առած են ազգային արժէքները, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ազգային գաղափարախօսութենէն հեռացնելով փորձ կը կատարուի անգոյն ու անձեւ զանգուածի վերածելու հայրենի նոր սերունդը: Ամէն գնով պայքարելու ենք այս ապազգային ծրագիրներուն դէմ:

Հայրենի մարտահրաւէրներուն կողքին, սփիւռքն ալ ունի իր իւրայատուկ կարիքները: Իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն, ՀՅԴ-ին համար էական է նաեւ ունենալ կենսունակ, յանձնառու, նպատակասլաց եւ հայկականութեամբ տրոփող կազմակերպ սփիւռք. անհրաժեշտ է յաւելեալ թափ եւ միջոցներ հայթայթել Հայ դատի մեր ցանցի արդէն իսկ խիստ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը, իր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով, ուղեկից կազմակերպութիւններով, Հայ դատի յանձնախումբերով ու գրասենեակներով, ինչպէս նաեւ՝ Դաշնակցութեան քարոզչական, տնտեսական, վերլուծական գրասենեակներով պատնէշի վրայ է ապահովելու հայկական միասնութիւն՝ ի սպաս հայրենիքի ու հայութեան:

Այսօր սփիւռքը մէկ մարդու նման պարտի փարիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարիլ թրքաազրպէյճանական հայատեաց փանթուրանական ճակատին դէմ. եւ անհրաժեշտ է փակել այն խրամատը, որ բացուած է հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր հայրենիքի եւ սփիւռքի ազգային գաղափարախօսութեամբ համակուած ուժերը վճռական են պաշտպանելու հայրենի պետութիւնները, ազգային արժէքները եւ համազգային շահերը: Համոզուած ենք, որ 2020-ի պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ է եւ ոչ՝ պատերազմի աւարտ: Ազգային ազատագրական պայքարը կը շարունակուի: Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք եւ վերանորոգ թափով շարունակելու ենք ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ յաղթանակ:

Այդ յաղթանակները ուշանալու չեն, որովհետեւ մենք եւ հայ ժողովուրդը առհասարակ ունինք կամքը, ներուժը եւ պատրաստակամութիւնը կերտելու ազգային միասնականութիւն եւ իրականացնելու Դանիէլ Վարուժանեան հաւատամքը՝

«Ոհ, այն ատեն, այս օրուան
Մեր մեռելները բոլոր
Միահամուռ ոստումով
Պիտի կանգնին գերեզմանին մէջ իրենց,
Ու անհամբեր հեռո՜ւն, հեռո՜ւն ակնապիշ
Պիտի սպասեն վարդահեղեղ գալուստին
Արշալոյսի Արշալոյսի մը՝ որուն
(Հաւատացէք ինձ Մայրեր),
Ես ոտնաձայնը կառնեմ…»

18 նոյեմբեր 2022
Պէյրութ

Share