Տ. Մասիս եպս. Զօպույեան կարգալոյծ յայտարարուած է

Տ. Մասիս եպս. Զօպույեան կարգալոյծ յայտարարուած է

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Մասիս եպս. Զօպույեան կարգալոյծ յայտարարուած է։

Այս մասին «Արեւելք»ը կը հաղորդէ վկայակոչելով Պէյրութի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութիւնը շատ շուտով հանդէս պիտի գայ յատուկ հաղորդագրութեամբ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ  Տ. Մասիս եպս. (այսուհետեւ աշխարհիկ անունով Արա Զօպույեան) մինչեւ վերջերս կը վարէր Բերիոյ Թեմի Առաջնորդի պաշտօնը։ 

 Աւելի ուշ պիտի հրապարակենք նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս մասին հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը։

Share